Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնը Կոչ Կ՛ուղղէ Դատապարտել Հայերու Դէմ Ազերիներու Բռնարարքները Եւ Յայտնաբերել Յանցագործները


Հայ Կեդրոնի Յայտարարութիւնը.

Օգոստոս 1ի երեկոյան 11: 30ին, Թորոնթոյի մէջ, հայերու եւ ազրպէյճանցիներու միջեւ տեղի ունեցաւ վայրագ միջադէպ մը: Թորոնոթոյի Հայ Կեդրոնը խստիւ կը դատապարտէ բռնութեան եւ յարձակողական բոլոր գործողութիւնները եւ կոչ կ’ուղղէ Համայնքիս բոլոր անդամներուն զգօն մնալ եւ անյապաղ ոստիկանութեան հաղորդել բոլոր միջադէպերը:

Կ’աշխատինք տեղական իշխանութիւններուն հետ` ապահովելու համար հայկական բոլոր կառոյցներուն եւ կեդրոններուն ոստիկանական յաւելեալ պաշտպանութիւն եւ անվտանգութիւն:

Վերջերս, բռնութիւններ հրահրելու միտումով, ազրպէյճանցիներու կողմէ կանխամտածուած ատելութեան բազմաթիւ ոճիրներ տեղի կ’ունենան հայերու եւ Հայ Համայնքային կեդրոններու դէմ, Ռուսիոյ, Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններու մէջ: Հայ Կեդրոնը կը դատապարտէ ազրպէյճանական կողմի որդեգրած սադրանքներու քաղաքականութիւնը:

Կոչ կ’ուղենք քաղաքական բոլոր պաշտօնատարներուն եւ տարբեր համայնքներու ղեկավարներուն, որ իրենց կարգին դատապարտեն ատելութեան այս ոճիրը եւ կը թելադրենք իրաւապահ մարմիններուն՝ խստօրէն հետազօտել, յայտնաբերել յանցագործները եւ պատասխանատուութեան ենթարկել անոնց: