Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին Վերջին Յայտարարութիւնը Թագաժահրի Հետ Կապուած Միջոցառումներուն Մասին


 

Սիրելի Թորոնթոհայեր,
 
Ի հետեւումն մեր 14 Մարտ 2020 թուակիր հաղորդագրութեան, այսու կը փոխանցենք, որ  Գորոնա ժահրի ստեղծած իրավիճակը արագօրէն զարգանալուն եւ ժահրի տարածումը դանդաղեցնելու համար, Հայ Կեդրոնն ու Հայ Երիտասարդական Կեդրոնը կը փակուին մինչեւ 6 Ապրիլ, 2020: Գաղութիս անդամներուն ապահովութիւնը մեր առաջնահերթութիւնն է եւ այդ պատճառով մեր կարգին կը հետեւինք Թորոնթոյի Քաղաքապետութեան եւ Օնթարիօ Նահանգի ուղեցոյցներուն:
 
ՀՕՄԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
Կարելի է կապ հաստատել գրասենեակին հետ ե-նամակով՝ ARSSocialServices@gmail.com
 
ՍԲ. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
Եկեղեցին ընդհանրապէս փակ պիտի մնայ: Պատարագին եւ հոգեհանգիստի արարողութեան կրնաք մասնակցիլ այցելելով եկեղեցիի դիմատետրի էջը: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք հեռաձայնել եկեղեցիի գրասենեակ՝ (416) 493-8122.
 
ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐ, ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԿԱՄԶԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Բոլոր հաւաքնեը եւ ժողովները առկախուած են: Կը խնդրենք կապ հաստատել ձեր վարչութիւններուն հետ, ապագայ ծրագիրներու համար:
 
ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՀՈԳԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Կը շարունակենք կառչած մնալ հանրային առողջապահութեան մարմիններու յաձնարարութիւններուն, ներառեալ դաշնակցային եւ նահանգային կառավարութիւններու, Public Health Agency of Canadaի, եւ Public Health Ontarioի:
 
Եթէ Գորոնա ժահրով վարակուած ըլլալու կասկածներ ունիք, վարակի ախտանշաններ յայտնուած են ձեր մօտ, կամ եթէ շփման մէջ եղած էք վարակուած անձի մը հետ, օգտագործեցէք ինքնագնահատումի այս կապը (self-assessment) որպէսզի իմանաք ձեր առնելիք յառաջիկայ քայլերը:
 
Շնորհակալութիւն այս ընթացքին ձեր ցուցաբերած աջակցութեան համար: Ձեր եւ ձեր սիրելիներու անվտանգութիւնը կը շարունակէ մնալ մեր գերակայ առաջնահերթութիւնը: Պիտի շարունակենք դիտարկել զարգացումները եւ անոնց հիման վրայ հարկ եղած նորութիւնները կը փոխանցենք ձեզի:
 
  
Մնացէք ապահով եւ առողջ
 
Շնորհակալութիւն
Թորոնթոյի Հայ Կեդրոն