Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Տարած Աշխատանքները եւ Յառաջիկայ Ծրագիրները․ Յայտարարութիւն


16 Ապրիլ 2020 

Սիրելի Հայրենակից, 

Անցնեալ ամիս, Թորոնթոհայ համայնքը ենթարկուեցաւ զօրաշարժի, դիմակալելու համար COVID-19 համաճարակը: Ստորեւ կը ներկայացնենք ցարդ տարած մեր աշխատանքներու ամփոփ տեղեկագիրը ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրները: 

Հայ Կեդրոնի հեռաձայնային թէժ գիծ եւ ե-նամակի հասցէ 

  • Երկուշաբթիէն ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 7:00-9:00, հեռաձայնով՝ 416-491-2900 x3202 կամ ե-նամակով՝ helpline@acctoronto.ca
  • Այս միջոցը ի գործ դրուած է հասնելու կարիքներուն (ուտեստեղէն, դեղորայք, անհրաժեշտ պիտոյքներ) 60 տարիքը բոլորած, քրոնիկ հիւանդութենէ տառապող, անկարող կամ հիւանդ անհատներու, որոնք չունին զանոնք ապահովող ընտանիքի անդամներ: 

Համաճարակի պատրաստականութեան երկլեզու կայքէջ 

  • Կեդրոնս պատրաստեց Համաճարակի Պատրաստականութեան երկլեզու կայքէջ, ուր կրնաք գտնել բժշկական, առողջապահական, անձնական հոգատարութեան, կառավարական օժանդակութիւններու զանազան տեղեկութիւններ եւ կապի տուեալներ: Կը խնդրենք որ ձեր տեղեկութիւնները քաղէք հաւաստի աղբիւրներէ եւ հեռու մնաք ապատեղեկատուութենէ: 
  • Պիտի շարունակենք նորութիւններ փոխանցել ձեզի կայքէջին, դիմատետրի մեր էջին եւ ե-նամակներու միջոցով: 

Անհատական նիւթական օժանդակութեան տեղեկատու-ուղեցոյց 

  • Գանատայի կառավարութեան բոլոր մակարդակները հաստատեցին միջոցներ՝ լաւագոյնս բաւարարելու գանատաբնակներու նիւթական կարիքները: Մենք ալ մեր կարգին ուսումնասիրեցինք առկայ այլազան տարբերակները եւ պատրատեցինք նիւթական օժանդակութեան յստակ, հակիրճ եւ պարզեցուած ցուցակ մը, որ կրնաք տեսնել սեղմելով այստեղ

ՀՕՄի Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակ 

  • Ե-նամակի հասցէ՝ ARSSocialServices@gmail.com 
  • Գրասենեակը անմիջապէս անցում կատարեց դէպի առցանց գործունէութիւն, եւ կը շարունակէ համայնքի անդամներուն տրամադրել անմիջական եւ ճգնաժամային ծառայութիւններ եւ ցուցմունք տալ անոնց որ օգտուին անհրաժեշտ ծրագիրներէն (ներառեալ` կառավարական նիւթական օժանդակութեան ծրագիրէն): 

ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի անմիջական անցում հեռավար ուսուցումի 

  • Մեր համայնքի ամէնատպաւորիչ անցումներէն մէկն էր հեռավար ուսուցումը, որ սկսաւ Գարնանային Արձակուրդէն անմիջապէս ետք: Կրթական մարմինն ու անձնակազմը անմիջապէս անցան բնականոն ուսուցումի՝ Google Classroom-ի միջոցով: 
  • Այս նոր միջավայրին մէջ աճելու եւ սորվելու համար, ուսուցիչները ի գործ դրած են դասաւանդումի տարբեր ձեւեր առօրեայ դասերը փոխանցելու համար, օգտագործելով տեսահոլովակի կամ ձայնագրութեան միջոցները, ամէնօրեայ դէմ առ դէմ դասաւանդութիւններուն կողքին: 
  • Կը վստահեցնենք, որ մեր աշակերտները կը ստանան կրթութեան նոյն որակը, որ պիտի ստանային ֆիզիքական դասարանէն ներս եւ պատրաստ պիտի ըլլան 2020-2021 ուսումնական տարեշրջանին: 

Նոր Հայ Հորիզոն Հեռուստաժամի ու Թորոնթոհայ Ամսաթերթի գործունէութիւն եւ առցանց ներկայութեան ընդլայնում 

  • Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի երկու լրատուամիջոցները կը շարունակեն գործել՝ համայնքի վերջին լուրերը տրամադրելով հանրութեան: 
  • Թորոնթոհայ Ամսաթերթը զանց առած է Ապրիլ ամսուան թիւի տպագրութիւնը: Թուային տարբերակը կարելի է կարդալ սեղմելով այստեղ: 
  • Նոր Հայ Հորիզոնը թողարկեց դիմատետրի իր նոր էջը՝ որպէսզի շտապ լուրերն ու համայնքի նորութիւնները (համաճարակի մասին եւ անկէ անդին) աւելի արագ հասանելի ըլլան հանրութեան: 

Եկեղեցական արարոութիւններու ուղիղ սփռում Սբ. Աստուածածին եկեղեցիէն 

  • Պահելու համար ֆիզիքական եւ ընկերային հեռաւորութիւնը, եկեղեցին իր բոլոր արարողութիւնները ուղիղ եթեր կը սփռէ եկեղեցւոյ դիմատետրի էջով։ 
  • Եկեղեցւոյ գրասենեակը կը շարունակէ օժանդակել համայնքի զաւակներուն: Կարելի է հեռաձայնել 416-493-8122 թիւին կամ գրել՝ stmaryarmchurch@yahoo.com հասցէին

ՀՕՄի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ՝ դիմակներու պատրաստութիւն 

  • ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղը զօրաշարժի ենթարկած է իր կամաւոր շարքերը՝ առաջնային գիծի աշխատակազմի անդամներուն դիմակ պատրաստելու համար: 
  • Հպարտութեամբ կը տեղեկացնենք, որ շուտով 1,000 դիմակ պիտի նուիրեն Michael Garron հիւանդանոցին: 
  • Այս աշխատանքին մասին կարելի է դիտել Նոր Հայ Հորիզոնի եթերէն կամ կարդալ Թորոնթոհային մէջ: 

Հայ Կեդրոնի Նիւթական Կայունութեան ապահովում 

  • Ոչ-շահութաբեր այլ կազմակերպութիւններու եւ բարեսիրական հաստատութիւններու նման, Հայ Կեդրոնի եկամուտի աղբիւրներու զգալի մասը ցամքած է՝ համաճարակին հետեւանքով (ներառեալ կեդրոնի վարձավճարները, միութենական ձեռնարկները, նուիրատուութիւնները): 
  • Հայ Կեդրոնի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ մօտէն վերահսկել եւ կառավարել իր կեդրոններու եւ հաստատութիւններու նիւթական իրավիճակը: Անմիջական դժուարութիւնները լուծելու համար, ի գործ դրուած են արտակարգ իրավիճակներու ծրագիրներ: 
  • Կեդրոնիս ղեկավարութիւնը կապեր հաստատեց կառավարութեան բոլոր մակարդակներու ներկայացուցիչներուն հետ` ընդգծելու համար կեդրոնին կարիքները եւ խնդրելու, որ մեր կեդրոնը եւ կարկինը լայն բացած՝ ոչ- շահութաբեր, բարեսիրական ոլորտն ալ ստանան հարկ եղած նիւթական աջակցութիւնը, կայուն կարենալ պահելու համար Հայ Կեդրոնը այս ճգնաժամի ընթացքին: 
  • Արդէն կապեր հաստատուած են աւելի քան 25 դաշնակցային եւ նահանգային երեսփոխաններու հետ (հեռաձայնով կամ ե-նամակով) եւ հանդիպումներ տեղի ունեցած են Ընտանիքներու, Երեխաներու եւ Ընկերային Զարգացումի նախարար՝ Ահմեդ Հուսէնի եւ Փոքր Առեւտուրներու, Արտածումի Զարգացումի եւ Միջազգային Առեւտուրի նախարար՝ Մերի Ինկի հետ: 
  • Կը շարունակուի կապերու հաստատումը կառավարութեան բոլոր մակարդակներու ներկայացուցիչներուն հետ, ապահովելու համար մեր համայնքի բարօր կեանքը: 

Յառաջիկայ Ձեռնարկներ 

  • Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակի առիթով, Ապրիլ 24ի Օթթաուայի ժողովրդային հաւաքը եւ բողոքի ցոյցը փոխարինուած են առցանց սփռումով՝ Ապրիլ 24ի օրը, կէսօրուան ժամը 12:00ին: Մանրամասնութիւններն ու դիտելու կայանները կրանք գտնել այցելելով Գանատայի Հայ Դատի Գրասենեակի դիմատետրի էջը
  • Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 6:00ին, Հայ Կեդրոնը պիտի ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ուղիղ եթեր՝ Մարքամի Յիշատակի Պուրակէն, ուր ՀՅԴ ԳԵՄ-ի երկու անդամներ եւ ՀՄԸՄ Թորոթոյի երկու սկաուտներ 105 կապոյտ ժապաւէններ պիտի կապեն պուրակին ծառերուն վրայ առ ի յարգանք առաջնային գիծի աշխատող հերոսներուն #FrontLineHeroes: Ժողովուրդի մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ միայն ուղիղ եթերով, որ պիտի սփռուի Հայ Կեդրոնի դիմատետրի էջէն

Այս դժուարին պայմաններուն, միշտ կը փնտռենք նոր եւ նորարարական եղանակներ մեր համայնքի յարափոփոխ կարիքները հոգալու համար: Ձեր առաջարկները հաճեցէք ուղարկել communityplanning@armenian.ca հասցէին: 

Ապահով մնանք, պահենք մեր ֆիզիքական հեռաւորությունը: Միասին կը յաղթահարենք COVID-19ը: 

Թորոնթոյի Հայ Կեդրոն