Թորոնթոյի ՀՄԸՄը Յիսուն Տարեկան


ՀՄԸՄ Թորոնթոյի յիսնամեակի տօնակատարութենէն պատկեր մը

Սօ­սի Թաշ­ճեան

17 Նո­յեմ­բեր 2019-ին, Թո­րոն­թո­յի ՀՄԸ­Մի ըն­տա­նի­քը հպար­տու­թեամբ տօ­նեց Միու­թեան յիս­նա­մեա­կը: Յի­սուն տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին մաս­նա­ճիւ­ղը իր վար­չու­թիւն­նե­րով, սկաու­տա­կան եւ մար­զա­կան խոր­հուրդ­նե­րով, խմբա­պե­տա­կան կազ­մե­րով եւ մար­զիչ­նե­րով մղիչ ոյ­ժը դար­ձան դաս­տիա­րա­կե­լու, մար­զե­լու եւ`  “Ա­ռողջ միտք, ա­ռողջ մարմ­նի մէջ” լո­զուն­գով պատ­րաս­տե­լու ա­պա­գա­յի հայ­րե­նա­սէր սե­րունդ­նե­րը:

Յի­սուն տա­րի­ներ ա­ռաջ, 27 Նո­յեմ­բեր 1969-ին, կազ­մո­ւե­ցաւ ա­ռա­ջին նշա­նա­կո­վի վար­չու­թիւ­նը հե­տե­ւեալ ան­դամ­նե­րով` Գրի­գոր Շի­թի­լեան, Ա­բիկ Սւա­ճեան, Մկրտիչ Փա­փա­զեան, Ատ­րու­ժան Պո­յա­ճեան եւ Սե­րոբ Տէր Պօ­ղո­սեան:

Յի­սուն տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին վար­չու­թիւն­նե­րը յա­ջոր­դա­բար աշ­խա­տե­ցան, ծրագ­րե­ցին, կազ­մա­կեր­պե­ցին մար­զա­կան խա­ղեր, սկաու­տա­կան բա­նա­կում­ներ, հա­մա­գու­մար­ներ, պա­րա­հան­դէս­ներ եւ դաշ­տա­հան­դէս­ներ: Ներ­կա­յիս ՀՄԸՄ Թո­րոն­թոն կը հա­շո­ւէ 711 ան­դամ­ներ, սկաու­տա­կան կազ­մը` 342, 248 մար­զիկ­ներ եւ 121 պարզ ան­դամ­ներ:

Սոյն ձեռ­նար­կի հան­դի­սա­վար­ներն էին` Էմ­մա   Պաս­մա­ճեան (նախ­կին խմբա­պե­տու­հի) եւ Ար­մէն Պալխ­զեան (ներ­կայ խմբա­պետ):

Սկաու­տա­կան խում­բե­րը եւ մար­տա­րո­ւես­տի խում­բը փո­ղե­րա­խում­բին ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ մուտք գոր­ծե­ցին սրա­հէն ներս եւ ար­ժա­նա­ցան ներ­կա­նե­րուն ծա­փող­ջիւն­նե­րուն: Գա­նա­տա­յի եւ Հա­յաս­տա­նի քայ­լերգ­նե­րը հնչե­լէ ետք ներ­կա­նե­րը մէկ վայր­կեան յոտն­կայս յար­գե­ցին յի­շա­տա­կը մեզ­մէ առ­յա­ւէտ բաժ­նո­ւած քոյ­րե­րուն եւ եղ­բայր­նե­րուն: Պաս­տա­ռի վրայ ցու­ցադ­րո­ւե­ցան պատ­կեր­նե­րը մեզ­մէ առ­յա­ւէտ բաժ­նո­ւած քոյ­րե­րու եւ եղ­բայր­նե­րուն, ո­րոնք տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին մեծ ներդ­րում ու­նե­ցած են եւ ի­րենց աշ­խա­տան­քով ե­ղած են միու­թեան սիւ­նե­րէն, ու թէեւ ա­նոնք ֆի­զի­քա­պէս բա­ցա­կայ են այ­սօր, սա­կայն միշտ պի­տի յի­շո­ւին որ­պէս ՀՄԸ­Մի մեծ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­ներ:

Սե­ւան Հա­ճի Ար­թի­նեան վար­չու­թեան խօս­քը փո­խան­ցեց եւ շնոր­հա­ւո­րեց մաս­նա­ճիւ­ղի յի­սուն ա­մեա­կը: Իր խօս­քին մէջ ան նշեց մաս­նա­ճիւ­ղի ի­րա­գոր­ծած նո­ւա­ճում­նե­րը եւ շեշ­տեց ՀՄԸ­Մի կա­տա­րած դե­րը` ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րը դաս­տիա­րա­կե­լու ու­ղիով:

Խօսք ա­ռաւ Վի­գէն Գա­լուս­տեան: Ան շեշ­տեց` “Բարձ­րա­ցիր Բարձ­րա­ցուր” նշա­նա­բա­նի ի­մաս­տը եւ ա­ռողջ միտք ա­ռողջ մար­մի­նի մէջ ըլ­լա­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը հաս­տա­տեց մեր հայ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար:

Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան ան­դամ­ներ Տա­նի Մար­կա­րեան եւ Ար­մէն Գրի­գո­րեան ՀՄԸ­Մի ծա­ռա­յու­թեան շքան­շա­նը յանձ­նե­ցին Ժորժ Թո­րո­սեա­նին: 1976-ին Լի­բա­նա­նէն գաղ­թած եւ Թո­րոն­թօ հաս­տա­տո­ւած եղ­բայր Ժոր­ժին ջան­քե­րով կազ­մո­ւած ա­ռա­ջին փո­ղե­րա­խում­բը եւ իր շնոր­հիւ մինչ օրս մեր մաս­նա­ճիւ­ղը կը շա­րու­նա­կէ  քա­ղել իր ցա­նած սեր­մե­րուն բա­րիք­նե­րը:

Օ­րո­ւան պատ­գա­մա­բերն էր Ար­մէն Կէ­տի­կեան, որ մաս­նա­ճիւ­ղիս հիմ­նադ­րու­թեան ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն մաս կազ­մած է միու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ ստանձ­նած է զա­նա­զան պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօն­ներ: Բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ ե­ղած է վար­չու­թիւն­նե­րու ան­դամ, Գա­նա­տա­յի շրջա­նա­յին վար­չու­թեան ան­դամ, ա­պա` եր­կու քա­ռա­մեակ­ներ շա­րու­նակ` կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ: Եղ­բայր Ար­մէն յե­տա­դարձ ակ­նարկ մը ը­րաւ եւ յի­շեց ՀՄԸ­Մի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը մեր կեան­քին մէջ` ըլ­լայ սփիւռ­քի, կամ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ:

Պաս­տա­ռին վրայ ցու­ցադ­րո­ւե­ցան Հայ Կեդ­րո­նի հո­վա­նիին տակ գոր­ծող միու­թիւն­նե­րու շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քե­րը եւ ան­դամ­նե­րու բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը: Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան “Սո­ղո­մոն Թէհ­լի­րեան” Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ըն­կեր Սար­գիս Աղ­պա­շեան, Հայ Կեդ­րո­նի հո­վա­նիին ներ­քեւ գոր­ծող քոյր միու­թիւն­նե­րու խօս­քը փո­խան­ցեց հան­դի­սա­տե­սին:

Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Տէ­նի Մար­կա­րեան Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան խօս­քը փո­խան­ցե­լով նշեց. “Թո­րոն­թո­յի Մաս­նա­ճիւ­ղը կը նշէ իր հիմ­նադ­րու­թեան յի­սու­նե­րորդ տա­րե­դար­ձը: Ան իր ոս­կեայ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ կը փայ­լի ու փայլք կու տայ ՀՄԸՄ Գա­նա­տա­յի մեծ ըն­տա­նի­քին”:

Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին, յիս­նա­մեա­կի ա­ռի­թով պատ­րաս­տո­ւած պատ­կե­րա­զարդ յու­շա­մա­տեան­ներ բաժ­նո­ւե­ցան ներ­կա­նե­րուն, ուր հա­մա­ռօտ կեր­պով ամ­փո­փո­ւած էր ՀՄԸՄ Թո­րոն­թո­յի պատ­մա­կա­նը:

Ոս­կեայ յի­սուն տա­րի­նե­րը ե­տին ձգած ՀՄԸՄ Թո­րոն­թօ մաս­նա­ճիւ­ղը իր վեհ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ ու իր փայլ­քը պի­տի տա­րա­ծէ նոր սե­րունդ­նե­րուն մէջ:

ՀՄԸՄ Թորոնթոյի յիսնամեակի տօնակատարութենէն պատկերներ