Թորոնթոյի ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի Ուսումնական Տարեշրջանի Աւարտը Եւ Տնօրէնին Խօսքը


Թորոնթոյի ՀՕՄի Լափոյեան Երկրորդական Վարժարանի 16-րդ հունձքը՝  ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն եւ տնօրէնութեան հետ

Թորոնթոյի ՀՕՄի ամէնօրեայ վարժարանը 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանի աւարտին տուաւ իր 16-րդ հունձքը։ 1979-ին 69 հայ փոքրիկներով սկիզբ առած վարժարանը, այսօր «Պապայեան» մանկապարտէզով, «Գոլոլեան» նախակրթարանով եւ «Լափոյեան» երկրորդականով կը հաշուէ շուրջ 620 աշակերտ։

Ստորեւ կը ներկակացնենք վարժարանի տնօէն Րաֆֆի Սարգիսեանի շրջանաւարտներուն ուղղուած խօսքը․

 

Խօսք՝ ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի Պապայեան Մանկապարտէզի, Գոլոլեան Նախակրթարանի եւ Լափոյեան Երկրորդականի Աւարտականի Առթիւ

Րաֆֆի Սարգիսեան

Հայ վարժարան հիմնելը սուրբ գործ է եւ մեծ պարգեւ՝ գաղութի մը համար:  Աւելի քան 40 տարիներ առաջ, հեռատես եւ նուիրեալ ղեկավարներ եւ բարերարներ հիմը դրին այս վարժարանին, որպէսզի ապրի արեւմտահայերէնը, ապրի հայկական արժէքներն ու հայ մշակոյթը եւ ծաղկի թորոնթոհայ գաղութը: Այսօր, մեր գաղութի բարգաւաճումը, յառաջդիմութիւնը եւ մեր վարժարանի կենսունակութիւնը վկայ են, որ այդ հեռատես հերոսներու զոհողութիւնները ապարդիւն չմնացին:

Հայ վարժարանը կը ներկայանայ որպէս այդ անխորտակ հիմքը, որուն յենած՝ մեր զաւակները պիտի դառնան օրինակելի հայեր եւ քրիստոնեաներ: Պիտի  դառնան հայ համայնքներու ղեկավարներ, հայ մշակոյթի եւ լեզուի պահապաններ, հայ դատի զինուորներ:

Մինչեւ այն ատեն, որ հայ վարժարանները կանգուն են եւ անոնց կառչած են հայ ընտանիքները եւ անոր պահապան են հայ բարերարներ, նուիրեալ դաստիարակներ եւ համայն հայութիւնը, հայու ոգին պիտի շարունակէ  գոյատեւել, մեր ժողովուրդին սիրտը պիտի շարունակէ բաբախել:

Մեր 40-ամեայ վարժարանը, այսօր կը վայելէ ներկայութիւնը բազմաթիւ շրջանաւարտներու, որոնք ստացած են այս վկայականները եւ վերադարձած են այսօր որպէս ուսուցիչներ, մեր միութիւններուն մէջ կամաւորներ եւ որպէս ծնողք:

Սիրելի՛ աշակերտներ, կամքէ անկախ պատճառներով վերջին երեք ամիսներուն առցանց միացանք իրարու՝ մեր դասերը շարունակելու: Այս մէկը կը պահանջէր ձեզմէ եւս նուիրում եւ աշխատասիրութիւն, եւ դուք այդ մէկը կատարեցիք մեծ սիրով:

Զօրավար Գարեգին Նժդեհի խօսքերով՝ դուք բացագանչեցիք «Ինձ թեթեւ գործ մի՛ տաք, ես ուզում եմ բարձրանալ այդ հսկայ լեռը եւ նետել ծովը»։ Լաւ իմացէ՛ք, որ ձեր մէջ հոսող արեան մէջ է մեր վերապրող նախահայրերէն ժառանգած վճռակամ հոգին եւ այդ առաւել եւս տեսանք ձեր մէջ այս դժուար օրերուն ընթացքին:

Ընդունի՛նք, որ ձեր սերունդն է մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի ներկան եւ ձեզի վիճակուած է պահել եւ զարգացնել մեր ինքնութիւնն ու մշակոյթը:  Կրկին Նժդեհի խօսքերով՝ «Կեանքդ նուիրէ՛ բաներու, որոնք չեն մեռնիր»: Ծառայասէր ըլլալով նմանինք մեր անցեալի եւ ներկայի ազգափրկիչ նուիրեալներուն, որոնց շնորհիւ է որ մենք այսօր պատիւը ունինք ապրելու որպէս հայ եւ քրիստոնեայ:

Մեր հայրենիքի վերելքի սիրոյն եղէ՛ք ինքնաճանաչ եւ ինքնավստահ ու ապա՝ ամենակարող հայ երիտասարդներ: Հազա՜ր ապրի՛ք, սիրելի՛ աշակերտներ, ձեր այս տարուան տարած բոլոր աշխատանքներուն համար: Աւելին կը սպասէ ձեզի եւ մենք պատրաստ ենք ձեզի հետ պայքարելու, որպէսզի  այս օրուան ձեր երազները վաղը դառնան իրականութիւն: Մենք միշտ ձեր կողքին ենք եւ մեծ պատիւ է առիթը ունենալ ծառայելու ձեր վերելքին, մեզի շատ սիրելի աշակերտներ: Կ’աղօթենք, որ Աստուած տայ մեզի կորով եւ իմաստութիւն, որպէսզի շարունակենք լաւագոյնս ծառայել ձեզի:

Իսկ յատկապէս երկու խօսք մեր շատ սիրելի 12-րդ դասարանի շրջանաւարտներուն: Այսօրուայ ձեր ստացած վկայականներով կը միանաք այն փաղանգին, որ կը կրէ ծանր պատասխանատուութիւններ: Ձեր յաճախած միջավայրերուն մէջ հարկաւոր է դառնալ մեր ժողովուրդի եւ դատի առաքեալներ եւ ձեր յաջողութիւնները միշտ ծառայեցնել մեր ժողովուրդի վերելքին: Այս հոգիով է, որ թորոնթոհայ գաղութը կրցած է գոյատեւել՝ այս առաքելութեան շնորհիւ է, որ ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանը ծնաւ 40 տարիներ առաջ:  Մենք հպարտ ենք ձեզմով եւ պիտի շարունակենք հպարտանալ ձեր գալիք յաջողութիւններով: Մեր փափաքն է, որ նմանիք մեզի համար օրինակ՝ անձնազոհ մեր հերոսներուն եւ անոնց վարքերով թող առաջնորդուի ձեր խղճերն ու ամէնօրեայ գործերը:

100 տարիներ առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր՝ Արամ Մանուկեանի յուղարկաւորութեան ժամանակ՝ մեծ մտաւորական Նիկոլ Աղբալեան, արցունքն աչքերուն, արտասանեց հետեւեալ ճառը. «Երբ գիշերը գայ, մտնէք ձեր հոգու սենեակն ու խօսիք ձեր խղճի հետ հարց տուէք` արդեօք աշխատա՞ծ էք հայ ժողովուրդի համար, ինչպէս Արամը, եղա՞ծ էք անձնազոհ, որքան Արամը, տուա՞ծ էք ձեր ամբողջ կեանքը հայ ժողովուրդին, ինչպէս Արամը…»:

Այս հարցերը տալով դուք ձեզի, ապրեցէ՛ք ձեր օրերը որպէս նուիրեալ հայ զաւակներ: Որպէս մեր սաները, միշտ կը ցանկանք ամենալաւն ու բարին ձեզի համար եւ չմոռնա՛ք, որ մեր վարժարանը միշտ տուն է ձեզի համար եւ ձեր ուսուցիչները՝ երկրորդ ծնողք:

Շնորհակալ ենք, սիրելի՛ ծնողներ, որ տարիներով քաջալերեցիք մեր վարժարանը, վստահաբար ձեր զաւակներն ալ երախտապարտ են ձեր տարած զոհողութիւններուն համար:

Շնորհակալութիւն մեր բոլոր աշխատակազմին, որոնք անցնող տարիներու ընթացքին, ճիգ չխնայեցին մեր աշակերտները պատրաստելու իրենց գալիք հանգրուաններուն:

Նաեւ շնորհակալութիւն կ’ուզեմ յայտնել մեր բոլոր քոյր միութիւններուն, բարերարներուն եւ նուիրատուներուն իրենց յարատեւ քաջալերանքին համար:

Ինչպէս Հովհաննէս Շիրազ գրած էր․

Աչքերիս մէջ գարնան օրեր,

Ճամփես դէպի աստղերն անմեռ,

Ինձ ելնելու քարեր կան դեռ,

Ինձ ելնելու սարեր կան դեռ,

Քարե՜ր, սարե՜ր, դարե՜ր կան դեռ:

Մեր զաւակները մեր վարժարանի յարկին տակ, իրենց ցուցաբերած աշխատասիրութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ՝ քարեր եւ սարեր պիտի բարձրանան եւ վճռակամ ոգիով պիտի հասնին իրենց ընտրած աստղին, իրենց հաստատած նպատակներուն:

————————–

Աստուծոյ Ձեռագործ

Նուիրուած՝ 2020-ի Շրջանաւարտներուն

Կեանքը հիւսք է՝

Աստուծոյ ձեռագործ

Մերթ գոյնզգոյն,

Մերթ ածխագոյն…

Մենք հիւսքին ծայրը

Գալիք հանգոյցէն կախեալ

Անոր տեսակէն անտեղեակ…

 

Կեանքը հիւսք է

Աստուծոյ ձեռագործ

Խորհուրդ մ’անբացատրելի

Օր մը գոհ, օր մը տհաճ

Ի՞նչ է իմաստն ու պատճառ…

 

Մենք նախշին մէջը

Շարամանուած սիրասուն,

Անոր պատկերէն անտեղեակ…

 

Կեանքը հիւսք է

Աստուծոյ ձեռագործ,

Մենք նախշին մէջը

Շարամանուած սիրասուն,

Ուր գոյն ու անգոյնն է միացած

Որպէս հարկաւոր մասնիկներ

Տիպարներուն,

Ուր կայ շնորհք հիւսուած,

Մեզի ընծայ,

Հարթուած ճանապարհ,

Մեզի ուղի,

Բայց խորթն ալ, եւ փորձութիւն,

Մեզի դաւ եւ ցաւ

Աճելու…

 

Կեանքը հիւսք է,

Աստուծոյ ձեռագործ,

 

Խորհուրդ մ’անբացատրելի,

Մենք նախշին մէջը

Շարամանուած սիրասուն,

Ան մշտատեւ Հրաշք,

Ուր հիւսուած է աներկուղածութիւն մեր սրտերուն,

Ուր հաւատքն է մեր երաշխիքը տեւական։

ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի Գոլոլեան Նախակրթարանի երկու բաժանումներու շրջանաւարտները իրենց ուսուցիչներուն հետ

ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի Պապայեան Մանկապարտէզի երկու բաժանումներու շրջանաւարտները իրենց ուսուցիչներուն հետ