Թորոնթոյի Մէջ «Առաջնորդի Ընթրիք»ին Նշուեցաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի Քահանայական Ձեռնադրութեան եւ Օծման 35-ամեակը


Առաջնորդին պատուոյ սեղանին հիւրերը

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը կը տեղեկացնէ, որ 1 Փետրուար 2020-ին, Թորոնթոյի «Հայ Կեդրոն»ին մէջ Առաջնորդարանին ի նպաստ տեղի ունեցաւ «Առաջնորդի Ընթրիք»ը; Ներկայ էին Օնթարիոյի եկեղեցիներու հոգեւոր եւ աշխարհական ծառայողները, ազգային բարերարները, Առաջնորդարանի բարեկամներն ու համայնքի մեծ ընտանիքը, հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ՝ Թեմիս Առաջնորդ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ՝ «Առաջնորդի Ընթրիք»ի յանձնախումբին:

Աւանդական ընթրիքին ներկայ էին Թորոնթոյի մէջ ՀՀ Պատուոյ Հիւպատոս Վարուժան Լափոյեան, Թորոնթոյի մէջ Լիբանանի Հիւպատոս Գրիգոր Փոսթաճեան, Օնթարիօ նահանգի Խորհրդարանի երեսփոխան Արիս Պապիկեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, հոգեւորականաց դասու Կրօնական ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, Ազգային պատգամաւորներ, Ազգային երեսփոխաններ, Հոգաբարձուներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի շքանշանակիրներ, գործակից միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Ազգային Առաջնորդարանի առաքելութեան հաւատացող ու սատար հանդիսացող բարերարներ, բարեկամներ եւ ազգայիններ:

Երեկոյին հանդիսավար Նազիկ Հանէշեան ամենայն ձեռնհասութեամբ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ զանոնք հրաւիրեց վայելելու հաճելի ու տոհմիկ այս պահը։

Պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր քահանայութեան ու ծառայական կեանքի 35 տարիներուն նուիրուած տեսերիզ մը, որ ցոլացումն էր անոր վաստակաշատ կեանքին՝ հաւատարիմ միաբանի, աշխատասէր եկեղեցականի, անխոնջ հոգեւորականի ու կորովի առաջնորդի յատկութիւններուն:

Ազգային Վարչութեան անունէն ատենապետ Համբիկ Գարայեան իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց Սրբազան Հօր քահանայութեան 35-ամեակը ու բարձր գնահատեց անոր ծառայութիւնները, ապա ողջունելով ներկաները՝ արժեւորեց Ազգ. Առաջնորդարանի առաքելութեան բոլոր աջակիցները: Ան յայտնեց, որ Սրբազանին 35-ամեակին առթիւ Առաջնորդարանին մէջ հիմը կը դրուի «Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան» ֆոնտին:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Հայաստանի մէջ Ազգային Առաջնորդարանի մարդասիրական ծրագիրները ներկայացնող՝ Գեղարքունիքի Մաքենիս եւ Գեղամավան գիւղերու համակարգչային դասասրահի եւ համայնքի կեդրոն-հաւաքավայրի բացման հանդիսաւոր արարողութեանց տեսաերիզը: Յիշենք, որ սոյն ծրագիրներու բարերարութիւնը ստանձնած էին Տէր եւ Տիկին Վարուժան եւ Սիլվա Լափոյեանները։

Ասմունքով հանդէս եկաւ ՀՕՄի Լափոյեան Երկրորդական Վարժարանի աշակերտներէն Լորի Պէրպէրեան:

Սրբազան Հայրը բեմ հրաւիրուեցաւ՝ կատարելու պարգեւատրումներ: Ազգային, կրթական, մշակութային մասնագիտական իրագործումներու «Անանիա Շիրակացի» շքանշանով պարգեւատրեց Փրոֆ. Րաֆֆի Չարշաֆեանը։ «Օրհնութեան Գիր»երու արժանացան Տէր եւ Տիկին Մայք եւ Քանի Թիթիզեան, Տէր եւ Տիկին Կրէկ եւ Մանուշ Պզպզեան ու Տէր եւ Տիկին Սիմոն եւ Սիլվա Փօլատեան ամոլները, Ազգային Առաջնորդարանիս իրենց մատուցած նուիրեալ ու անխոնջ ծառայութեանց համար։

Ընթրիքին հայկական մթնոլորտ յաղորդեց «Ազնաւուր» անսամպլը, ղեկավարութեամբ՝ Անուշ Գալստյան-Բասիշնիկի, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ Սրբազան Հօր եւ Ազգային Առաջնորդարանի անցնող մէկ տարուան գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնող տեսաերիզ մը:

Երեկոյթի փակման եւ օրհնութեան խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան առաջին հերթին ողջունեց բոլոր ներկաները, շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Ազգային Առաջնորդարանի բարերարներուն ու բարեկամներուն, ապա ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ անցեալ տարուան ընթացքին իրագործուած ծրագիրներուն ու անոնց անմիջական շարունակութիւնը հանդիսացող յառաջիկայ քայլերուն: Ան մասնաւորաբար շեշտեց, որ «Առաջնորդարանը իր լայնածաւալ ծրագիրներով կը գործէ ի խնդիր համայնքներու հզօրացման եւ առ հասարակ մեր ժողովուրդի բարօրութեան համար։ Ազգային Առաջնորդարանը աւելի սերտօրէն ամրապնդելով այդ գիտակցութիւնը, կը շարունակէ ընթանալ ընդհանրական շահերու իրագործման հեռանկարով»: Այնուհետեւ, ան ներկայացուց Առաջնորդարանի յառաջիկայ ծրագիրները, եւ մաղթեց, որ այս տարին ըլլայ բոլորի անհատական ու մեր ազգային հաւաքական կեանքերուն մէջ նոր նուաճումներու տարի մը:

Երեկոն վերջ գտաւ Սրբազան Հօր Պահպանիչով։ Ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը:

Երեկոյին հանդիսավար Նազիկ Հանէշեան բացման խօսքի ժամանակ

 

Ազգային Վարչութեան ատենապետ Համբիկ Գարայեան ելոյթի պահուն

 

Լորի Պէրպէրեան ասմունքի պահուն

 

Փրոֆ. Րաֆֆի Չարշաֆեան կը պարգեւատրուի “Անանիա Շիրակացի» շքանշանով՝ ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր

 

Երեկոյթի հրաւիրեալներէն ընդհանուր պատկեր մը