Թորոնթոյի Մէջ Զօրակցական Շքերթ եւ Մարդասիրական Օգնութեան Ուղարկում՝ Ի Նպաստ Արցախի


Ինքնաշարժներով Բողոքի Շքերթ Թորոնթոյի մէջ

Զօրակցական Շքերթ

«Թորոնթոհայ»,- Կիրակի, Հոկտեմբեր 18-ի ժամը 2-ին, Թորոնթոյի եւ յատկապէս Միսիսակայի պատանիներուն կազմակերպութեամբ՝ Հայ Կեդրոնէն ընթացք առաւ Ինքնաշարժներով Բողոքի Շքերթը։

Մօտաւորապէս երկու ու կէս ժամ տեւած, հազարաւոր անձերու ներկայութեամբ եւ հարիւրաւոր ինքնաշարժերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած շքերթը սկիզբ առաւ Միսիսակայի Ս. Վարդան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեանի Տէրունական աղօթքով։ Համախբուած թորոնթոհայերը, Արցախի մէջ զոհուած հայ հերոսներուն անմահ հոգիներուն հանգստութեան եւ հայկական բանակին զօրակցութեան ու յաղթութեան համար առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին։

Մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութենէ ետք հնչեց պատերազմի ահազանգը, որ ամէն օր Արցախի մէջ կը լսուի եւ կը խռովէ հայերուն սրտերը։

Սիրիլ Թահթաճեանի բացման խօսքով եւ Միսիսակայի պատանիներուն ուղղորդութեամբ սկսած շքերթը Ս․ Աստուածածին եկեղեցիէն ուղղուեցաւ դէպի Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցի, ապա վերադարձաւ սկիզբ առած վայրը։ Հարիւրաւոր ինքնաշարժներէն կը ծածանէին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները, թուրքն ու ազերին դատապարտող պաստառներ, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը պահանջող զօրակցական պաստառներ։

Բողոքի շքերթէն պատկերներ

– – –

Մարդասիրական Օգնութիւն Արցախին

Արցախեան պատերազմին տուժած մեր հայրենակիցներուն օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով սկսած համազգային արշաւին անմասն չմնաց նաեւ թորոնթոհայ համայնքը։

Ամէն տարի ձմեռուան սեմին, Խորէն Մարդոյեանի անհատական նախաձեռնութեամբ եւ գործակցութեամբ Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, կը կազմակերպուի մարդասիրական օգնութիւններու հաւաքագրում, որ կը ղրկուի Հայաստանի եւ Արցախի լեռնային ցուրտ շրջաններու բնակչութեան եւ ծառայողներուն։

Այս տարի ստեղծուած պատերազմական իրավիճակը նկատի առնելով աւելի մեծ ծաւալ ստացաւ այս աշխատանքը։

Նախաձեռնութեան միացան ու իրենց օժանդակութիւնը բերին բազմաթիւ հայորդիներ եւ քանի մը ընկերութիւններ։
Տասը օրերու ընթացքին կազմակերպիչներուն, միացան Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ երիտասարդներն ու կանայք եւ տասնեակէ աւելի անհատ կամաւորներ։ Հաւաքագուեցաւ շուրջ 4.5 թոն մարդասիրական օգնութիւն, որ կը ներառէ բժշկական, նախնական բուժօգնութեան պարագաներ, քնապարկեր, տաք ծածկոցներ եւ վերմակներ, մանկական հագուստ, կօշիկներ տաքացուցիչներ եւ այլ առաջին անհրաժեշտ պարագաներ։

Եկեղեցւոյ սրահին կից, օգնութիւններու տուփերով հագեցած, մարզադահլիճին մէջ` Հոկտեմբեր 18-ին եկեղեցւոյ երիտասարդները կամաւորներու հետ միասին ապրանքները բեռնաւորեցին՝ ճամբելու դէպի Հայաստան։

Ամէն տարուան պէս նախաձեռնողը անձնապէս ներկայ պիտի ըլլայ Հայաստան եւ Արցախ` ուղղակի ու անմիջական հսկողութիւն պիտի կատարէ օգնութիւններուն բաշխման ընթացքին։

Օգնութեան փաթեթներու հաւաքագրում