Թորոնթոյի Մէջ իր Մահկանացուն Կնքեց Հայկական Ցեղասպանութեան Վերջին Վերապրողներէն Սիրվարդ Քիւրտեան


Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրողներէն Սիվարդ Քիրիշճեան-Քիւրտեան Հոկտեմբեր 27ին, խաղաղօրէն հեռացաւ կեանքէն 106 տարեկանին, Թորոնթոյի մէջ։

Ան ծնած էր Կարին (Էրզրում), 1912ին, Եղիշէ եւ Եպրաքսէ Քիրիշճեաններու ընտանիքին մէջ։ Հայրը հիւսուածեղէն վաճառող էր։ Սիրվարդը վեց զաւակներուն  ամենափոքրն է։ Քոյր-եղբայրներէն երեքը կը մահանան  հիւնադութեան պատճառով՝ իրենց ծննդավայրին մէջ։

1915ին, երբ կը սկսի հայերու տեղահանութիւնը, հազիւ երեք տարեկան Սիրվարդը իր մօր եւ երկու եղբայրներուն հետ կ՛անցնի երկար ճանապարհ դէպի Մուսուլ։ Եղբայրներէն մէկը ծարաւէն կը մահանայ ճանապարհին։

Համաշխահրային Ա. պատերազմէն ետք, Սիրվարդին մայրը կ՛որոշէ տեղափոխուիլ  Հալէպ՝ յոյս ունենալով հարազատներ գնելու հոն։ Պատանի Սիրվարդը կը մնայ քանի մը որբանոցներու մէջ՝ սովէն չմահանալու համար։ Քոյրը՝ Արաքսին, ձեւացնելով որ կորսնցուցած են իրենց մայրը, փոքր քոյրը կը յանձնէ «Հոգետուն» որբանոցին:

Երբ Սիրվարդը բորոտութեան հիւանդութենէ կը տառապէր եւ մօտ էր տեսողութիւնը կորսնցնելու, ան դուրս կը բերուի մանկատունէն, ապա բուժուելէն ետք, կը տեղադրուի Կաթողիկէ որբանոցի մը մէջ։ Այնտեղ հայ առաքելական մանուկներուն համար Ս. Հաղորդութիւն չէին տար, ուստի ան կը դառնայ կաթողիկէ։ Երբ մայրը կ՛իմանայ, որ աղջիկը կաթողիկէ դարձած է, զայն կրկին դուրդ կը բերէ որբանոցնէն։

Էրզրումի հայերու նորաստեղծ միութեան աջակցութեամբ, Սիրվարդը կ՛ընդունուի Կիլիկիան դպրոցը։ Հաշուի առնելով իր ընտանիքին վիճակը, ան դպրոցական տարիներուն երբեք գիրք չունեցաւ, բայց իր ընկերներուն գիրքերը գրի կ՛առնէր իր տետրակին մէջ։

Մշակութային ձեռնարկի մը ժամանակ, ան երբ մեծ ապրումով ու յուզումով արտասանած է Դանիէլ Վարուժանի «Կարմիր հողը» բանաստեղծութիւնը, դպրոցի բարերար Միսաք Ազիրեանի ուշարութիւնը կը գրաւէ։ Իմանալով որ ան հայր չունի, բարերարը կը խոստանայ անոր ուսման ծախսը հոգալ մինչեւ անոր 14  տարեկանին շրջանաւարտ ըլլալը ։

Իր քրոջ՝ 21 տարեկան Արաքսիի մահէն ետք, Սիրվարդ կը մնայ իր մօր միակ վերապրած երեխան։ 15 տարեկանին ան կ՛ամուսնանայ մէկ այլ էրզրումցի որբի՝ Խաչիկ Քիւրտեանի հետ։  

Մեծնալով ՀԲԸՄի որբանոցներուն մէջ, Մուսուլ, Երուսաղէմ, Պէյրութ եւ վերջաւորութեան Հալէպ, Խաչիկ սորված է թրաքթոր քշել՝ նոր ձեւաւորուող Սովետական Հայաստան ներգաղթելու եւ գիւղատնտեսութեամբ զբաղելու յոյսով, սակայն քաղաքական եւ ֆինանսական խոչընդոտները արգելք կը հանդիսանան եւ ան Սուրիոյ մէջ կ՛աշխատի որպէս թրաքթորի վարորդ։ Յաճախ գործի բերումբով շաբաթով սուրիական անապատ կը մեկնէր։  Որպէս երիտասարդ մայր, Սիրվարդ կը լրացնէ իր ամուսինին համեստ եկամուտը՝ գործելով ձեռագործներ եւ ընտիր ասեղնագործներ, որոնք Հալէպի մէջ լաւագոյններէն էին։

Անոնք ունեցան չորս զաւակներ։ 1960ին կը տեղափոխուին Պէյրութ,  ուր 1972ին Խաչիկ կը մահանայ։ 1991ին Սիրվարդ իր ընտանիքին հետ կը գաղթէ Գանատա եւ կը հաստատուի Թորոնթոյի հիւսիսը։ Մինչեւ 102  տարեկան, ան բազմաթիւ ձեռագործ ծածկոցներ կը գործէ Թորոնթոյի, Հայաստանի եւ Արցախի քսանէ աւելի եկեղեցիներու զոհասեղաններուն եւ սկիհներու համար։ Ան նաեւ շատ վարպետ խոհարար էր եւ հմուտ՝ հայկական խոհանոցին մէջ։

Յարգանք վայելելով իր զաւակներէն, թոռներէն եւ ծոռներէն ան մնաց իր ընտանիքին ուժեղ հիմնասիւնը։ Հաստատակամութիւնը, հաւատարմութիւնը եւ աշխատասիրութիւնը զայն ամրապնդեցին՝ դիմագրաւելու երիտասարդութեան դժուարութիւնները։ Անոր երկարակեցութեան գաղտնիքը իր իսկ խօսքերով՝ «Երբ կը տեսնեմ այս սէրն ու խանդաղատանքը իմ շուրջ, ես չեմ ուզեր հեռանալ»։

Սիրվարդը խոր սիրով պիտի յիշուի իր ընտանիքին եւ մօտիկներուն կողմէ, որոնց կեանքը լեցուած է իր սիրով ու նուիրուածութեամբ։