Թորոնթոյի Մէջ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Տարեկան Հանգանակային Ճաշկերոյթին Գոյացաւ 880.000 Գանատական Տոլար


Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Թորթնթոյի մասնաճիւղի վարչութեան Ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան ելոյթի պահուն

Յարութիւն Դերձակեան 

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի (ՀՀՀ) Թորոնթոյի մասնաճիւղը՝ իր հիմնադրութեան 27-րդ տարեդարձին առիթով, իր աւանդական դարձած համագաղութային հանգանակային ճաշկերոյթը մեծ շուքով նշեց 20 Հոկտեմբեր 2019-ին, Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ։ Թորոնթոյի հիմնադրամը իր հիմնադրութեան թուականէն մինչ օրս Արցախի ազատագրուած տարածքներուն մէջ վերաշինութեան ու զարգացման աշխատանքներուն իր մեծ ներդրումը բերած է՝մեծ եւ փոքր 94 զանազան օգտակար ծրագիրներ իրականացնելով։ Հիմնադրամին յառաջիկայ ծրագիրը 95-րդն է։

Երեկոյթը սկսաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի ազգային քայլերգներով, կատարողութեամբ՝ քաղաքիս արժանաւոր երիտասարդուհիներէն սոփրանօ Արմեէնիա Սարգիսեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Թալին Արթինեան Քըլըպոզեանի։

Օրուան հանդիսավար Թէնի Նիկողոսեան բացման խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց պատուոյ հիւրերը, որոնց շարքին երեկոյի հովանաւոր Գանատայի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր նորանշանակ դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան, ՀՀ Թորոնթոյի Պատուակալ Հիւպատոս Վարուժան Լափոյեան եւ իր կողակիցը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեան, Ս. Ատստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան, Փոխառաջնորդ եւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան եւ Տ. Տաթեւ քհնյ. Միքայէլեան, Ազգային բարերարներ Նալպանտեան ընտանիք, օրուան պատուոյ հիւր ու բանախօս Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանի ՀՀՀի Ատենապետուհի Մարիա Մեհրանեան եւ իր կողակիցը Պրն. Արմէն Մեհրանեան, որոնք յատկապէս ժամանած էին Լոս Անճէլըսէն, ինչպէս նաեւ քաղաքիս մէջ գործող քաղաքական կուսակցութիւններու, եկեղեցիներու, միութիւններու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, համալսարանական աշակերտներ, հիմնադրամին սատարող բարերարներու եւ համակիրներու մօտաւորապէս 360 հոգիէ բաղկացած ընտրեալ բազմութիւն մը, որոնք եկած էին իրենց նպաստը բերելու հիմնադրամի առաքելութեան։

Օր. Նիկողոսեան հակիրճ տողերով ներկայացուց Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը եւ զայն բեմ հրաւիրեց։ Տիկ․ Յարութիւնեան, կազմակերպիչները, բարերարներն ու ներկաները ողջունելէ ետք, ըսաւ․« Ձեւաւորուելով նորանկախ Հայաստանի զուգահեռ՝ հիմնադրամը զարգացեր ու կայացեր է որպէս բացառիկ մի կառոյց որ աշխարհացրիւ հայութիւնը համախմբած է յանուն մէկ միասնական նպատակի եւ առաքելութեան, այն է՝ Հայաստանի եւ Արցախի մեր հայրենակիցներուն բարեկեցութիւնը եւ անվտանգութիւնը։ Անհերքելի է, որ հիմնադրամը իր ամենօրեայ աշխատանքով ժառանգութիւն կը դառնայ սերունդների համար՝ կառուցելով ապագայի կայուն ու հզօր հայրենիքը»։ Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ հիմնադրամի կարեւոր ռազմավարութեան, որն է Հայաստանի ու Արցախի համակեդրոնացած ու համաչափ զարգացումը։ Շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնադրամին բոլոր հոգաբարձուներուն ու սատար հանդիսացողներուն։

Սեղաններու օրհնութիւնը միասնաբար կատարեցին Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեան եւ  Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան։

Գեղարուեստական ղեկավար Հռիփսիմէ Թովմասեանի մականին տակ «Թեւանի» երաժշտական համոյթը հանդէս եկաւ, գեղաձայն երիտասարդ երգիչներ՝ Սեւակ Յարութիւնեանի, Մինէ Ծատուրեանի, Լեւոն Քարակիւլեանի, Թորոս Մայտոսեանի եւ Դուին Գաթըրճեանի մասնակցութեամբ։ Անոնք յաջորդաբար մեկնաբանեցին հայրենասիրական եւ ժողովրդական երգեր։ Ներկայացուեցան՝ Արմէն Սմբատեանի «Հայաստան», Առնօ Բաբաջանեանի «Մեր սիրելի Երեւան», Արմէն Մարտիրոսեանի «Քարերի ամրոց» եւ Արթիւր Գրիգորեանի «Հայաստան իմ չքնաղ» երաժշտական կտորները, որոնք գնահատուեցան ներկաներուն բուռն ծափահարութիւններով։

Ճաշկերոյթի տեւողութեան սրահին մէջ զետեղուած երեք մեծ պաստառներուն վրայ մանրամասնօրէն ցուցադրուեցան Հ ՀՀին կողմէ 2019 տարուան մէջ կատարուող գործունէութիւններն եւ աշխատանքները։

Հանդիսավարը համառօտ տողերով ներկայացուց ՀՀՀ Թորոնթոյի մասնաճիւղի վարչութեան վաստակաւոր ժրաջան ու անխոնջ Ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը, որ 1992-էն ի վեր հիմնադրամին ատենապետն է։

Մկրտիչեան Թորոնթոյի հիմնադրամի մարմնի վարչութեան անունէն ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, թէ հայրենաշինութեան գործին մէջ առաջինը եղաւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը, որ հիմնուեցաւ անկախութենէ անմիջապէս ետք եւ 27 տարիներէ ի վեր շարունակաբար եւ յարատեւութեամբ կը գործէ Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման աշխատանքներուն։

Ան նախ կանխայայտ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք առանց որեւէ ակնկալութեան սիրայօժար սատար կը հանդիսանան հիմնադրամի այժմէական աշխատանքներուն։ Այս ծիրէն ներս շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի հայ մամուլին՝ Թորոնթոյի « Հայ Հորիզոն » հեռատեսիլին, «Թորոնթոհայ » եւ «Լուսաբաց» ամսաթերթերուն, Մոնրէալի «Ապագայ» եւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթերուն, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթին, որոնք իրենց սուղ սիւնակները սիրայօժար կը տրամադրեն հիմնադրամին բոլոր ծրագիրներուն։ Մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր նուիրատուներուն, մասնաւորաբար Նալպանտեան ընտանիքին, որ մինչեւ օրս նուիրած են 1.5 միլիոն տոլար, Պերճ Սրկ. Լիւլէճեանին, որ նուիրած է աւելի քան 500 հազար տոլար, Յարութիւն Եսայեանին, Տէր եւ Տիկին Սարգիս-Հայկուհի Մարանճեաններուն, ինչպէս նաեւ երեք անանուն նուիրատուներուն։

Պրն. Մկրտիչեան պաստառի վրայ մանրամասնօրէն ներկայացուց հիմնադրամին Արցախի ու Հայաստանի մէջ կատարած ու կատարուելիք շինարարական աշխատանքներն ու ծրագիրները։

Ամբողջացած ծրագիրներն են․

– Յունիս 2019-ին բացումը կատարուեցաւ Խնձորիստան գիւղին բժշկական եւ համայնքային կեդրոնին, մեկենասութեամբ՝ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Հայկուհի Մարանճեաններու,

– Ուղտասար գիւղին մէջ 100 աշակերտի համար ամենաարդիական դպրոցին բացումը կատարուեցաւ Նոյեմբեր 2018-ին,

– Մարտունիի շրջանի չորս գիւղերուն ոռոգման ջուր մատակարարուեցաւ, որոնց բացումը տեղի ունեցաւ Յունիս 2019-ին։ Երկու գիւղերուն ջուրի մատակարարման մեկենասութիւնը ստանձնած էր՝ բարերար Պերճ Սարկաւագ Լիւլէճեան։

Ներկայիս Հայաստանի Արմաւիրի շրջանի Նալպանտեան գիւղին մէջ կը կառուցուին բազմազաւակ եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն համար 14 կահաւորուած տուներ, ինչպէս նաեւ դարձեալ Նալպանտեան գիւղին համար արդիական բժշկական կեդրոն մը, մեկենասութեամբ՝ ազգային բարերարներ Տէր եւ Տիկին Արմէն եւ Պերճուհի Նալպանտեաններու եւ իրենց ընտանիքին։ Այս առթիւ Նալպանտեան ընտանիքին՝ առ ի երախտագիտութիւն եւ գնահատանք, Արամ Իշնարի կողմէ ոսկիէ պատրաստուած Հայաստանի զինանշանը նուիրուեցաւ։

Թորոնթոյի ՀՀՀի յառաջիկայ 95-րդ ծրագիրը Արցախի Պատարա գիւղին մէջ 100 աշակերտի համար արդիական նոր դպրոցի մը կառուցումն է։ Այս ծրագիրը հիմնադրամին պիտի արժէ 300 հազար ամերիկեան տոլար։

Պրն. Մկրտիչեան հակիրճ տողերով ներկայացուց օրուան պատգամաբեր Հիմնադրամի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանի վաստակաւոր Ատենապետուհի, ճարտարագէտ Մարիա Մեհրանեանը, որ յատկապէս ժամանած էր Լոս Անճըլըսէն։

Տիկին Մեհրանեան ներկաները ողջունելէ ետք յայտնեց, որ Հիմնադրամը, որ կը գործէ Հայաստանի անկախութենէ մինչեւ այսօր, մեծ աշխատանք տարաւ Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին աւելի քան  1100 ծրագիրներ իրականացնելով․ Կառուցեց դպրոցներ, հիւանդանոցներ, ջրատարներ, կազամուղներ եւ տուներ։ Մենք կը շնորհաւորենք Թորոնթոյի հիմնադրամը, որ այսօր իր 95-րդ ծրագիրին կը սկսի։ Մեհրանեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն եւ սատարողներուն։ Ձեռամբ Պրն․ Մկրտիչեանի՝ անոր նուիրուեցաւ Գանատացի յայտնի լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշի հաստափոր մէկ գիրքը։

Նուիրահաւաքէն ետք, Պրն. Մկրտիչեան մեծ ուրախութեամբ յայտարարեց, որ Թորոնթոյի 95-րդ նոր դպրոցի ծրագրին կողքին, միջազգային համբաւի տէր յայտնի խմբավար Փիթըր Ունճեանի նուիրատուութեամբ պիտի նորոգուի Շուշի քաղաքի Դանիէլ Ղազարեան երաժշտական դպրոցը, ինչպէս նաեւ Պեհեսնիլեան ընտանիքի նուիրատուութեամբ բազմազաւակ եւ կարիքաւոր ընտանիքի մը համար տուն մը պիտի կառուցուի, այսպէսով հիմնադրամին ծրագիրներուն թիւը բարձրացաւ 97-ի։

Երեկոյի աւարտին ատենապետը շնորհակալութեան խօսքերով յայտարարեց, որ հաւաքոյթէն 880.000 գանատական տոլար գոհացուցիչ գումար մը գոյացած է։  Ձեռնարկը աւելիով հասաւ իր նպատակին, ուրախացնելով՝ թէ՛ կազմակերպիչները եւ թէ՛ հիմնադրամին սատար հանդիսացող նուիրատուները:

Գանատայի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր նորանշանակ դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան ելոյթի ժամանակ

Օրուան հանդիսավար Թէնի Նիկողոսեան բացման խօսքի ընթացքին

Հիմնադրամի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանի Ատենապետուհի Մարիա Մեհրանեան ելոյթի պահուն

Տէր եւ Տիկին Արմէն եւ Պերճուհի Նալպանտեաններուն կը նուիրուի Արամ Իշնարի կողմէ ոսկիէ պատրաստուած Հայաստանի զինանշանը

Լիլի Թադևոսեան և Թենի Մուշեան կը ներկայացնեն Թորթնթոյի աշակերտներուն նուէրը Արցախի աշակերտներուն

«Հայաստան» հիմնադրամի Թորոնթոյի յանձնաժողովի անդամները Մարիա Մեհրանեանի հետ