Թորոնթոյի Մէջ Ցոյց-Քայլարշաւ՝ Ի Զօրակցութիւն Արցախի Եւ Ի Դատապարտումն Ազրպէյճանի Ու Թուրքիոյ


Ցոյց-քայլարշաւէն պատկերներ

“Հորիզոն”,- Ուրբաթ, 9 Հոկտեմբեր 2020-ի յետմիջօրէին, Թորոնթոյի Հայկական կազմակերպութիւններու միացեալ յանձնախումբը՝ կուսակցական, միութենական, եկեղեցական եւ յարանուանական, կազմակերպեց ցոյց-քայլարշաւ մը,  ի զօրակցութիւն Արցախի հայութեան եւ ի դատապարտումն Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ յարձակողապաշտ քաղաքականութեան ու բռնարարքներուն: Ցոյցը, որ կը կրէր «ATSAKH STRONG, CALL TO ACTION» լոզունքը, սկիսբ առաւ փոխվարչապետի գրասենեակէն եւ ապա, ուղղուեցաւ դէպի թրքական հիւպատոսարան:

Աւելի քան 2000 մասնակից ունեցող ցոյցին ներկայ էին եկեղեցականներ, կուսակցական ու միութենական պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Գանատայի Օնթարիօ Նահանգի Խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեան ու Թորոնթոյի ՀՀ հիւպատոս տիար Վարուժան Լափոյեան:

Քայլարշաւը սկսաւ Գանատայի, Հայաստանի ու Արցախի քայլերգներով, որմէ ետք ներկաները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցին նահատակ հայ զինուորներուն: Հանդիսավարներն էին Հուրիկ Եղիազարեան ու Վարագ Պապեան:

Ելոյթ ունեցան՝ Արմինիա Սարգիսեան, Ատոմ Էկոյեան ու Արսինէ Խանճեան, Հայր Եղիա Քիրէճեան (Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ),   Գանատայի Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան, Տ. Զարեհ Ա. Քահանայ Զարկարեան (Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցի), Գանատայի երիտասարդական Միութեան կողմէ Սագօ Գըլպոզեան եւ Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեան, որոնք դատապարտեցին ազրպէյճանական զինեալ յարձակումներն ու բռնութիւնները, թորոնթոհայութեան անունով իրենց ամբողջական զորակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանի ու Արցախի մեր հայրենակիցներուն, եւ կոչ ուղղեցին Գանատայի կառավարութեան ու միջազգային հանրութեան, որպէզի սատար կանգնին հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու աշտպանութեան ու դատապարտեն թուրք-ազրպէյճանական բռնարարքները:

Այնուհետեւ, Ս. Նշան Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ Գեղարդ Ծ. Վրդ Քիւսպէկեան կատարեց հոգեհանգստեան պաշտօն:

Քայլարշաւը յագեցած էր հայրենասիրական երգերով ու ասմունքներով:

Թորոնթոյի Հայկական կազմակերպութիւններու միացեալ յանձնախումբին կողմէ, փակման խօսքը կատարեց Ռուբէն Ճամպազեան, որ խրախուսեց ներկաները բարոյապէս եւ նիւթապէս սատար հանդիսանալու Արցախի ու Հայաստանի մեր հայրենակիցներուն եւ միասնական ոգիով աշխատելու՝ ի խնդիր հայութեան գերագոյն շահերուն: