Թորոնթոյի Միջյարանուանական Մարմնի Վարդանանց Տօնակատարութիւն


Մատաթ Բ. Մամուրեան


Փետրուար 21ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Վարդանանց Զօրավարաց եւ Ղեւոնդեանց հերոսամարտի 1566ամեակի տօնակատարութիւնը՝ հաւաքական աղօթք եւ երգահանդէս, կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Միջյարանուանական մարմնի (Ս. Գրիգիր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք., Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու) եւ մասնակցութեամբ՝ Գանատայի հայ Առաքելական, հայ Կաթողիկէ եւ հայ Աւետարանական հոգեւոր հովիւներու:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւէսպէկեան (Հովիւ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ), որ ներկայ հաւատացեալներուն ուրախութեամբ յայտնեց Սրբոց Ղեւոնդանց քահանայից տօնին առթիւ գանատահայ հոգեւորականներու Երկրորդ յաջող հաւաքի մասին, որպէս շարունակութիւն Առաջին հաւաքին, որ տեղի ունեցած  էր Մոնթրեալի մէջ 1 Մարտ 2016ին:

Հաւաքական Տէրունական Աղօթքով սկսաւ յայտագիրը, որուն յաջորդեցին Ս. Գրային ընթերցումներ: Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Հովիւ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան ընթերցեց «Աղօթք Յաղթանակի համար» Սաղմոսներու Գիրքէն (20:1-9),  Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, ընթերցեց Սաղմոսներու Գիրքէն «Փառաբանութեան Աղօթք» (27:1-9),  Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հովիւ Եղիա Ծ. Վրդ.  Գիրէջեան ընթերցեց Պօղոս Առաքեալի կողմէ Տիմոթէոսին գրուած երկրորդ նամակէն՝ «Քրիստոս Յիսուսի Հաւատարիմ Զինուորը» (2:1-13):

Յայտագրի երկրորդ մասը սկսաւ դասական եւ հոգեւոր երգահանդէսով, կատարողութեամբ՝ թորոնթոհայ գաղութի շնորհալի երգչուհիներ Լին Անուշ Իշնարի, Արմինիա Սարգիսեանի եւ Աթինա Պապայեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Թալին Գըլպոզեանի: Արմինիա Սարգիսեան մէներգեց «Երանուհի Մարիամ» (Մխիթարեան Շարական), «Պլպուլն Աւարայրի» (Գուրգէն Ալեմշահ), “Ils sont Tombes” (ՇառլԱզնաւուր-Գէորգ Կառվարենց) եւ «Կռունկ Բարով Դառնաս» (Ալեքսէյ Հեքիմեան»: Լին Անուշ Իշնար մէներգեց՝ Կոմիտասի «Տլէ Եաման», «Ձայն Տուր Ով Ծովակ», «Կռունկ»,  «Բարի Արագիլ» (Ալեքսեյ Հեքիմեան) եւ «Ազգ Փաառապանծ» (Առնո Բաբաջանեան): Աթինա Պապայեան մէներգեց «Վարդանի Երգը (Հիմի էլ լռենք)» , «Զինուորի Մօր Երգը»  եւ «Հայորդիք» ազգային երգերը, Կոմիտասի «Անտունի»-ն եւ Մակար Եկմալեանի «Ամեն Հայր Սուրբ»-ը: Երրեակը ելոյթ ունեցաւ Մակար Եկմալեանի «Լռեց Ամպերը», «Ով Հայոց Աշխարհ» եւ Կոմիտասի «Ազգային Օրհներգ» երգերով: Ներկաները ծափահարութիւններով գնահատեցին շնորհալի երգչուհիներու ելոյթը:

Միջ-Յարանուանական Մարմնի ատենապետ Յակոբ Ճանպազեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր մեր ուրախութիւնը եղաւ անսահման, քանզի մեզի հիւր եղան ու իրենց օրհնարար աղօթքներով մասնակցութիւն բերին Գանատահայոց Սրբազան Առաջնորդները՝ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանը եւ Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանը: Այս տօնակատարութեան մեզի հետ մասնակից եղան նաեւ Գանատայի հայ Առաքելական, հայ Կաթողիկէ եւ հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները: Սիրելիներ, այսօր դուք Ղեւոնդեանց համախմբումը վերածեցիք իսկական միասնական ցնծալի տօնախմբութեան…»:

«Աղօթք ի Տօն Մարտիրոսաց» աղօթքը ընթերցեցին Եղիա Ծ. Վրդ.  Գիրէջեան, Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւէսպէկեան եւ Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան: Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցոյ Դպրաց Դասը՝ ղեկավարութեամբ Դպրապետ Շահէ Ալթունեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սօնա Արթինեանի, խմբերգեցին «Զքեզ Օրհնեմք Թագաւոր յաւիտենից»ը (Կոմիտաս-Մեսրոպ Մաշտոց):

Հանդիսութեան աւարտին, գանատահայոց Առաջնորդ Հայրերը՝ Բաբգէն Արք. Չարեան եւ Աբգար Եպս. Յովակիմեան, իրենց պատգամներով շեշտեցին Վարդանանց աննկուն կամքի անժամանցելիութիւնն ու Վարդանի հոգին, որպէս հրագունդ անշէջ մտնէ մեր բոլորին, մանաւանդ նորահաս երիտասարդներուն հոգիներէն ներս, ի սէր մեր ազգի գոյատեւման, մեր զոյգ հայրենիքներու հզօրացման ու Սուրբ Եկեղեցւոյ պայծառութեան: Սրբազան Հայրերու Պահպանիչով եւ Տէրունական Աղօթքի երգեցողութեամբ ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ: