Թորոնթոյի Քաղաքապետ Ճան Թորի Ներկայ Գտնուեցաւ «Մուսա Լերան 40 Օրերը» Ցուցահանդէսի Բացումին


Ձախին՝ Թորոնթոյի քաղաքապետ Ճան Թորի

“Հորիզոն”․- Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ պատրաստուած «Մուսա Լերան 40 օրերը» վէպին վրայ հիմնուած այս ցուցահանդէսը առաջին անգամ ներկայացուած էր Մոնթրէալի մէջ 2015ին, օժանդակութեամբ Գանատայի կառավարութեան ներգաղթի եւ քաղաքացիութեան նախարարութեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ Գանատական դեսպանութեան:

Մոնթրէալի ցուցադրութենէն ետք, վերջապէս ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի Կեդրոնական գրադարանին մէջ, 1 Նոյեմբեր 2017ի երեկոյեան ժամը 6:30ին, օտար հիւրերու բազմամարդ ներկայութեամբ: Ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Գանատայի Միացեալ Մարմնին եւ «Սառա Քորնինկ» հիմնարկին կողմէ, համագործակցութեամբ հրէական «Սառա եւ Շէյմ Նիւպըրկըր» ողջակիզման ուսուցման կեդրոնին՝ ողջակիզման ուսուցման նուիրուած շաբթուան նախօրէին, որ տեղի կ՚ունենայԹորոնթոյի մէջ ամէն տարի Նոյեմբերի առաջին շաբաթը (Նոյեմբեր 2-9): Սոյն ձեռնարկին յատուկ հրաւէրով իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հայ Դատի յանձնախումբը եւ «Սառա Քորնինկ» կեդրոնը տարեկան դրութեամբ:

Թորոնթոյի Կեդրոնական գրադարանի երրորդ յարկին անկիւններէն մէկը տրամադրուած էր այս ցուցադրութեան, որուն տեւողութիւնը պիտի ըլլայ ամբողջ Նոյեմբեր ամիսը:

Ձեռնարկին բացումը կատարեցին գրադարանի պաշտօնէութիւնը, ապա «Սառա Քորնինկ» կեդրոնի վարչական կազմի անդամ ընկեր Լեւոն Սարմազեանը հրաւիրուեցաւ իբրեւ բեմավար:

Առաջին հերթին ան հրաւիրեց հրէական ողջակիզման կեդրոնի ներկայացուցիչը, որ իր սրտին խօսքը փոխանցէ՝ ցեղասպանութեան եւ ողջակիզման ուսուցման շաբթուան առթիւ:

Ձեռնարկին գլխաւոր հիւրն էր Թորոնթոյի քաղաքապետ Ճան Թորին, որ շեշտեց պատմական իրողութիւնները յիշելու կարեւորութիւնը եւ դաստիարակելու նոր սերունդը մարդկային իրաւանց եւ խտրականութեան դէմ, ապագայի ցեղասպանութիւններու եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումներու առաջքը առնելու ոչ միայն Գանատայի, այլեւ ամբողջ աշխարհի տարածքին: Ան բարձր գնահատեց Թորոնթոյի հայ գաղութը, իր մարդկային գիտակցութեան համար, զոր լաւապէս արտայայտած էր վերջին երկու տարիներուն ընթացքին, երբ մեծ հոգատարութեամբ ընդունած էին սուրիահայ գաղթականները:

Ան բարձր գնահատեց հայ ժողովուրդին աշխատասիրութիւնը, մարդասիրութիւնն ու վերանորոգուելու եւ վերապրելու կամքը, ինչպէս՝ 1915ի ցեղասպանութենէն ետք, նոյնպէս Սուրիոյ եւ Իրաքի պատերազմներուն ընթացքին:

Ընկեր Լեւոն Սարմազեան ներկայացուց ներկաներէն ամենատարեց մուսալեռցի ընկեր Քրիստափոր Գազանճեանը՝ իբրեւ ըմբոստութեան սերունդի ներկայացուցիչ, ապա բեմ հրաւիրեց Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակի Օնթարիոյի յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Գրիգոր Շիթիլեանը, որ փոխանցէ իր պատգամը: Ան հակիրճ կերպով ներկայացնելէ ետք 100ամեակի Գանատայի յանձնախումբի աշխատանքները, հաստատեց, թէ Մուսա Լերան հերոսամարտը միայն մէկն է այն բազմաթիւ ծառացումներուն, զորս հայ ժողովուրդը դրսեւորեց ցեղասպանութեան տարիներուն, ինչպէս՝ Վանի, Սվազի, Ուրֆայի, Զէյթունի եւ Այնթապի մէջ: Ապա 100ամեակի Մարմնին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց «Սառա եւ Շէյմ Նիւպըրկըր» ողջակիզման դաստիարակութեան կեդրոնին, որ առիթ ընծայեց «Սառա Քորնինկ» կեդրոնին ճամբով ծանօթացնելու Հայոց ցեղասպանութիւնը «Մուսա Լերան 40 օրեր»ուն ընդմէջէն:

Ձեռնարկին աւարտին Թորոնթոյի քաղաքապետին նուիրուեցաւ նորատիպ օրինակ մը «Անմոռուկ» Մատեանէն, որ ամփոփումն է Թորոնթոյի եւ Հարաւային Օնթարիոյի Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ տեղի ունեցած ձեռնարկներուն: