Թորոնթոն Մեծ Շուքով Կը Տօնէ ՀՅԴ 131-ամեակը՝  Փետրուարեան Ապստամբութեան Եւ Արցախեան Շարժումի Սկզբնաւորման Տարեդարձներուն Զուգահեռ


ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» Մասնաճիւղերու 120 պատանիներու մուտքը սրահ

Մեր ազգին ու հայրենիքին համար ոչ միայն ճակատագրական, այլ նաեւ օրհասական ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, 5 Մարտ 2022-ի երեկոյեան, հոծ բազմութեամբ նշուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 131-րդ տարեդարձը, ազգային ըմբոստացումի երկու կարեւոր փաստերու՝ Փետրուարեան Ապստամբութեան 101-րդ ամեակին եւ Արցախեան Ազատագրական Պայքարի սկզբնաւորումի 34-րդ ամեակին հետ:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ, երբ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէութեան բազմավաստակ ընկերներ Ստեփան եւ Հուրի Նաճարեան ջահով մուտք գործեցին Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի գերխճողուած սրահը ու զայն փոխանցեցին ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութեան «Ռոստոմ» մասնաճիւղի կրտսեր պատանի Թերեզա Պէրպէրեանին, խորկրդանշելով սերնդափոխութեան կարեւորութիւնը:

Ապա, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» Մասնաճիւղերու 120 պատանիները մուտք գործեցին սրահ եւ պաշտօնական յայտագիրի մեկնարկը տուին՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Դաշնակցութեան քայլերգներու երգեցողութեամբ:

Երեկոն ձեռնհասօրէն վարեց ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Ս. Զաւարեան» մասնաճիւղի անդամ Ճինա Գույումճեան: Ան իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ վերջին տարիներուն, հայ ժողովուրդը հսկայական մարտահրաւէրներու հանդիպեցաւ ու տուաւ մարդկային, բարոյական եւ հողային կորուստներ։ Այս մարտահրաւէրներուն դիմաց անձայն չմնաց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որ իր աշխարհասփիւռ կառոյցով պայքարեցաւ թէ թշնամիին դէմ եւ թէ հողատու իշխանութիւններուն դէմ: Դաշնակցութիւնը, միշտ, սակայն մանաւանդ դժուար օրերուն, ստանձնած ու կատարելագործած է հայ ազգին ծառայելու իր վեհ պարտականութիւնը։ Այս զարմանալի չէ, որովհետեւ 1921 Փետրուար 18-ին նաեւ Դաշնակցութիւնը գլխաւորեց հակախորհրդային քաղաքացիական ապստամբութիւնը Հայաստանի մէջ։ Այդ շարժումը մինչեւ այսօր կը յիշենք ու կը ներշնչուինք անորմով, ինչպէս 34 տարի առաջ սկսած եւ առ այսօր շարունակուող Արցախեան Ազատագրական Պայքարը:

Ապա՝ ներկաները հրաւիրեց յոտնկայս մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու յիշատակը հայրենիքի համար զոհուած բոլոր ընկերներուն:

Գույումճեան հրաւիրեց Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինի Թորոնթոյի Ներկայացուցիչ՝ Ալիք Պարսամեանը, որ կատարեց Քրիստափոր Պատանեկան Միութեան պատանիներու խոստումի յոյժ տպաւորիչ արարողութիւնը, որմէ ետք ՀՅԴ ԳԵՄի «Ս. Զաւարեան» մասնաճիւղի ատենապետ Հրակ Գըլըպոզեան եւ ՀՅԴ ԳԵՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Առէն Բաբիսեան վարեցին պատանեկան շարքերէն երիտասարդական շարքեր 16 տարիքը լրացուցած պատանիներու փոխանցումի արարողութունը:

ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» Կոմիտէութեան Հերթապահ Սեւակ Խօշեան, փոխանցեց օրուան խորհուրդը: Ի տես համախմբումին, այս անորոշ պայմաններուն, եւ այս դժուար օրերուն, ան դիտել տուաւ որ այդ ապացոյցն է մեր միասնականութեան, հաւատքին եւ մեր ծառայելու պատրաստակամութեան: Կեանքի մերօրեայ դժուար պայմանները` մեզի ոչ մէկ արգելք կը հանդիսանան նշելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 131-ամեակը եւ մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու այս վեհ կուսակցութեան առաքելութեան, որու կեդրոնացումը հանդիսացած է եւ կը շարունակէ հանդիսանալ հայրենի երկրի եւ հայ ազգի շահերու պաշտպանութիւնը:  Վեր առնելով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրը հաշուետուութեան օր ըլլալու հանգամանքը, Խօշեան թուեց ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէին եւ անոր յարակից միութիւններուն տարած աշխատանքները, անցնող երկու տարիներուն ընթացքին, միասնաբար Թորոնթոհայութեան նեցուկ կանգնելու՝ պահելով Կեդրոնները, Վարժարանը, Եկեղեցին, տրամադրելով Հայկական գրաւոր թէ բանաւոր մամուլ: «Թորոնթոն այն քաղաքն է որ իր դիմագիծին ընդմէջէն կ’ուրուագծէ հայկական ինքնուրոյն պատկեր մը` հանդիսանալով սփիւռքեան այս ափին հայկականութիւն բուրող խիստ կազմակերպուած, ՄԻԱԿԱՄ եւ օրինակելի համայնքը», շեշտեց ան:

Խօշեան յայտնեց, որ փիւռքի բոլոր գաղութներու նման, Թորոնթոն ալ այսօր կը դիմակայէ նոր մարտահրաւէրներ՝ ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ եւ թէ օրհասական պահերուն Դաշնակցութիւնը միշտ լծուած է ազգին ու հայրենիքին ծառայութեան:

Իսկ արցախեան վերջին պատերազմին առաջին օրէն՝ Թորոնթոն իր մարդուժն ու կարողականութիւնը դրաւ ի սպաս հայրենիքին, տուաւ նահատակներ` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն:  Խօշեան եզրափակեց, խօսքը ուղղելով Հայ դատի ճամբուն վրայ նահատակուած Թորոնթոհայ ընկեր Քրիստափոր Արթինին. «Սիրելի՛ ընկեր Քրիստ, այո՛, այս անգամ յաւերժացար եւ հակառակ դաւաճաններու կողմէ ծրագրուած պատերազմի պարտութեան, դուն եւ դաշնակցական գումարտակի ընկերները յաղթեցիք թուրքին, ազատագրեցիք ձեզի վստահուած Վարանգաթաղ գիւղը եւ զայն չյանձնեցիք թշնամիին: Դղրդա՛ հայրենիքի հողին մէջէն եւ կորով ու կամք ներշնչէ մեզի, որովհետեւ պաշտած կուսակցութիւնդ, ՄԵ՛ՆՔ, դեռ չաւարտած գործդ պիտի շարունակենք՝ որպէսզի վերընձիւղուի նոր փետրուարեան ապստամբութեան մը ուղին, տուն բերենք Արցախը, վերստին հայանայ հայը եւ վերակերտուի հայացումը»։

Այսպիսով, վերջ գտաւ ձեռնարկի պաշտօնական բաժինը: Բեմ հրաւիրուեցան Սերոբ Յակոբեանը եւ «Կիլիկիա» նուագախումբը եւ հանդէս եկան յեղափոխական երգերով: Ձեռնարկը ընթացաւ տօնական խանդավառ ու դաշնակցականավայել մթնոլորտի մէջ:

Խաժակ

Տօնակատարութենէն պատկերներ