Թորոնթոն Փառաւոր Համերգով Նշեց Կոմիտաս Վարդապետի Ծննդեան 150-ամեակը


Յայտագրի ծրագրող դաշնակահար Սերուժ Գրաճեան Amici ensembleiի հետ

Յարութիւն Դերձակեան

Երաժշտութեան մեծ հանճար Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Թորոնթոյի մէջ կազմակերպուած համերգը` Հայաստանէն դուրս արտասահմանի մէջ տեղի ունեցած բարձր մակարդակի ամենամեծ յոբելենական ձեռնարկներէն մին էր, որ ամբողջութեամբ նուիրուած էր անոր ստեղծագործութիւններուն: Երաժշական երեկոն շատ յատկանշական էր նաեւ այն իմաստով, որ ան կատարուեցաւ աւելի քան ութսուն ոչ հայ արուեստագետներու կողմէ, որոնք բարձր մակարդակով ոչ միայն ծանօթացուցին, այլ նաեւ անոր երաժշտութեան ընդմէջէն կենդանացուցուցին անմահ Կոմիտասը: Այսպիսով հայերու կողքին օտարներ եւս վայելեցին երեկոն եւ ծանօթացան Կոմիտասի անձին եւ անոր բացառիկ ստեղծագործութիւններուն:

Համերգը տեղի ունեցաւ 25 Հոկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան Թորոնթոյի ՙԹէլաս՚ կատարողական եւ ուսուցման կեդրոնի ամենալաւագոյն համերգասրահներէն Koerner Hallի մէջ` կազմակերպութեամբ ՙRoyal Conservatory of Music՚ եւ ՙAmici՚ սենեկային նուագախումբերու, գործակցութեամբ եւ հովանաւորութեամբ` Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Կատարողական Արուեստներու Գանատահայ Ընկերակցութեան ու Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան:

Սրահին առաջին կարգերու վրայ տեղ գրաւած էին Հայաստանի Հանրապետութեան Գանատայի մօտ արտակարգ եւ լիազօր Դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան, ՀՀ Գանատայի մօտ Հիւպատոս Արա Մկրտիչեան, ՀՀ Թորոնթոյի պատուակալ հիւպատոս Վարուժան Լափոյեան, Գանատայի հայոց թեմի Առաջնորդ Տ. Բաբգէն Արք. Չալեան, եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներ, շարժանկարի հանրածանօթ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան եւ դերասանուհի Արսինէ Խանճեան, քաղաքիս մէջ գործող քաղաքական կուսակցութիւններու, եկեղեցիներու, միութիւններու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար երաժշտասէրներու խուռներամ բազմութիւն մը:

Համերգին եւ յայտագրին մտայղացումը, ինչպէս նաեւ Կոմիտասի երաժշտութեան գրեթէ բոլոր մշակումները կատարուած էին տաղանդաւոր դաշնակահար եւ յօրինող Սերուժ Գրաճեանի կողմէ:

Ընտրուած կտորները կը ներկայացնէին Կոմիտասի սէրը` հանդէպ գիւղի կեանքին, բնութեան, ինչպէս նաեւ` անոր մանկական, հարսանեկան երգերը եւ պարերգերը:

Յայտագիրը սկսաւ Կոմիտասեան պատարագի կարգ մը շարականներով, բոլորովին օտարներէ կազմուած ՙElmer Iseler Singers՚ երգչախումբի մեկնաբանութեամբ: Խումբը Գանատայի լաւագոյն երգչախումբներէն է, որոնք զանազան առիթներով հայկական ձեռնարկներուն հայերէն երգերով յաջողութեամբ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն:

Կոմիտաս իր կենդանութեան օրօք ֆրանսացի յայտնի երաժշտագետ եւ յօրինող claude Debussyի հետ առանձնայատուկ կապ մը ունեցած է: Claude Debussyի վերջին գործը, ինչպէս նաեւ տեղահանութեան ժամանակ Կոմիտասի վերջին ստեղծագործութիւնը եղած են մանուկներու համար աղօթքներ:

Գեղարուեստական ղեկավար Lydia Adamsի մականին տակ ՙElmer Iseler Singers՚ երկսեռ երգչախումբի կողմէ մեկնաբանուեցաւ Կոմիտասի պատարագէն հետեւեալ շարականները․ ՙԱռաւօտ լուսաբեր՚, ՙՍուրբ Սուրբ՚ եւ ՙԳոհանամք՚:

Երգերուն մեծամասնութեամբ իր մասնակցութիւնը բերաւ Գանատացի օփերայի նշանաւոր երգիչ, պարիթոն ՙԺունօ՚ մրցանակի դափնեկիր Russell Braun: Երգչախումբը կատարեց Կոմիտասի ՙԵրանկիՙ եւ ՙՇուշիկի՚ պարերգերը, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի ՙԷրեբունի՚ պարախումբի` գեղարուեստական ղեկավար Նելլի Կարապետեանի աշակերտներէն` պարմանուհիներ Վանի Եագուպեան, Մարիա Մանուկեան, Լանա Տէր Պետրոսեան եւ Մեղեդի Կոստանեան:

Յաջորդ երգերուն հանդէս եկաւ յայտնի ՙAmici՚ սենեկային նուագախումբը, մասնակցութեամբ` գլարինէթ Joaquin Valdepenas, ջութակ Mark Fewer, մեծ ջութակ (viola) Barry Shiffman, թաւջութակ David Hetherington եւ երգերուն կարգաւորումը կատարող եւ ուղղութիւնը տուող դաշնակահար Սերուժ Գրաճեան:  Յաջորդաբար ժողովրդական երգերով եւ ՙAmici՚ նուագախումբի մասնակցութեամբ` հանդէս եկաւ պարիթոն Russell Braun, որ երգեց ՙՔելէ-քելէ՚, ՙԾիրանի ծառ՚ եւ ՙԳարուն ա՚ երգերը եւ Տիգրան Մանսուրեանի ՙQui tollis peccata mundi՚ն, որ 1915-ի տխուր օրերու ոգեկոչումն է:

Տաղանդաւոր օփերայի երգչուհի Լին Իշնար իր բացառիկ ձայնով ու անսայթաք մեկնաբանութեամբ ներկայացուց ՙՏլէ Եաման՚ը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Սերուժ Գրաճեանի: Անոր յաջորդեց Սերուժ Գրաճեանի ՙFrom love song to lament՚ եւ Կոմիտասէն ՙԱնտունի՚ն`  մասնակցութեամբ նուագախումբին եւ պարիթոն Russell Braunին:

Նուագախումբը կատարեց Claude Debussyէն երկու կտորներ` Petite piՌce, for clarinet and piano, L. 120 եւ Noսl des enfants qui n’ont plus de maison-ն: Այս երգերուն իրենց երգեցողութեամբ մասնակցեցան ՙԳանատ՚ մանկական օփերայի ընկերութեան երեխաներու երգչախումբը` երաժշտական տնօրէն եւ խմբավար Teri Dunnի:

Նուագախումբն ու մանկական երգչախումբը կատարեցին Կոմիտասի ՙՄանուկներու Հայր Մեր՚ը եւ ՙՀով առէք՚ կտորները: Հնչեց նաեւ 1910-ին ձայնագրուած Կոմիտասի  ձայնով երգեցողութիւնը, որով վերջ գտաւ յայտագրին առաջին մասը:

Երկրորդ մասը սկսաւ սայլի երգ ՙԵլ ել՚ եւ ՙՍարերի վրով՚ կտորներով: Լին Իշնար իր հոյակապ ձայնով եւ բացառիկ կերպով մեկնաբանեց ՙՉեմ կրնայ խաղայ՚, ՙՔելեր ցոլեր՚ եւ ՙԿռունկ՚ ժողովրդական երգերը, որոնք արժանացան հանդիսատեսի որոտընդոստ ծափահարութիւններուն:

ՙAmici՚ սենեկային նուագախումբի մասնակցութեամբ եւ Գանատայի մանկական օփերայի ընկերութեան երեխաներու երգչախումբը մեկնաբանեց ՙԱնձրեւն եկաւ՚, ՙՋան գառնուկ՚ եւ ՙԿաքաւիկ՚ երգերը:

Ապա հանդէս եկաւ պարիթոն Russell Braun, որ իր գեղեցիկ ձայնով` նուագախումբի եւ երգչախումբի մասնակցութեամբ` մեկնաբանեց ՙՉինար ես՚, ՙԱ՜խ Մարալ ջան՚, ՙՇողեր ջան՚ կտորները:

Երգչախումբը կատարեց նաեւ Կոմիտասի  Հարսանեկան` ՙՍարէն կու գայ՚, ՙԷրւում եմ՚, ՙԵար ջան արի՚, ՙԷսօր Ուրբաթ է՚ եւ ՙԱռնեմ երթամ՚ երգերը:

Որպէս վերջին կտոր խմբային երգուեցաւ ՙՀոյ նազան՚ը` մասնակցութեամբ սոփրանօ Լին Իշնարի, պարիթոն Russell Braunի, նուագախումբի, երգչախումբի եւ ՙԷրեբունի՚ պարախումբի պարմանուհիներուն, որոնք ներկաներուն ջերմ գնահատանքին արժանացան:

Կոմիտասի երգերու հրաշալի մեկնաբան ու երեկոն կազմակերպող տաղանդաւոր դաշնակահար Սերուժ Գրաճեան իր սրտի խօսքին մէջ նշեց․ ՙՍիրելիներ, նախ մեծ շնորհակալութիւն ձեզմէ ամէն մեկուն, որ այսօր ներկայ գտնուեցաք Գանատահայութեան եւ Թորոնթոհայութեան համար պատմական այս իրադարձութեան: Կոմիտասի երաժշտութիւնը, երգերը ընդհանրապէս եղած են մեր ցաւի, տառապանքի, մեր արցունքի, թախիծի, ցասումի եւ մեր կորուստի եւ ցեղասպանութեան խորհուրդանիշները, բայց այսպիսի ատէններ Կոմիտասի երաժշտութիւնը, երգերը կը դառնան նաեւ մեր միասնականութիւնը, մեր սիրոյ եւ վերազարթնումի, վերապրումի, չարագործութան դէմ ստեղծագործական կեանքով յաղթելու մեր ժողովուրդի բացառիկ կարողութիւնը: Ճիշդ է այդ չարագործութիւնը կրցաւ Կոմիտասի հանճարը, տաղանդը լռեցնել, կրցաւ իր հոգին եւ միտքը սպաննել, մտքի թռիչքը կասեցնել, բայց կոմիտասեան երգերու, կոմիտասեան երաժշտութեան անլռելի զանգակատունը յաւերժ պիտի ղօղանջէ եւ որեւէ մէկ ոյժ  չի կրնար կասեցնել այս երթը դէպի յաւերժութիւն: Մեզի պարզապէս կը մնայ տէր կանգնիլ այս ժառանգութեան: Սիրենք եւ նոյնքան կարեւոր է սիրելի դարձնենք նաեւ օտարներուն այս ժառանգութիւնը, եւ այս մշակոյթը արժեւորենք նաեւ օտարներու միջոցով: Այս փառաւոր բեմը վկայ է, որ հայ մշակոյթը, հայ երաժշտութիւնը թերեւս փոքր բայց կարեւոր տեղը ունի համաշխարհային մշակոյթներու գանձարանին մէջ: Կոմիտաս վարդապետի ամբողջ կեանքը եղաւ նուիրում առ Հայաստան եւ հայութիւն: Անոր ներշնչումը եղաւ հայութիւնը եւ Հայաստանը՚:

Որպէս վերջաբան երեկոյթին մասնակցող բոլոր արուեստագէտները բեմի վրայ բացառիկ կերպով մեկնաբանեցին ՙՀայաստան երկիր դրախտավայր՚ը` արժանանակով բուռն ծափողջոյններու:

Թորոնթոյի երաժշտասէրները հնարաւորութիւնը ունեցան Վայելելու ազգային երգահան, յօրինող մեծն Կոմիտաս Վարդապետի յիշատակին նուիրուած այս բացառիկ համերգը, որ անմոռանալի ու անջնջելի պիտի մնայ բոլորին սրտերուն մէջ։

Համերգը համացանցի միջոցով ուղիղ ձեւով սփռուեցաւ բովանդակ աշխարհին:

“Էրեբունի” պարախումբի պարմանուհիներուն պարը

 

Սոփրանօ Լին Իշնար

 

Գանատացի պարիթօն Ռասըլ Պրաուն