Վերահրատակուած են Լեւոն Շանթի Արեւմտահայերէնի Վերածած՝ Թումանեանի Մանկական Գործերը


Թումանեանի մանկական ստեղծագործութիւններու արեւմտահայերէնով տպագրոած գիրքէն օրինակներ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յովհաննէս Թումանեանի եւ Լեւոն Շանթի 150-ամեայ յոբելեաններուն առիթով, Թումանեանի թանգարանը հրատարակած է մեծանուն գրողին մանկական ստեղծագործութիւններուն արեւմտահայերէնով գիրքը, որուն շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 8 Նոյեմբերին, Թումանեանի թանգարանին մէջ:

Նշեալ գործերը արեւմտահայերէնի վերածած է Լեւոն Շանթ՝ Պոլսոյ հայ մանուկներուն Թումանեանի աշխարհը աւելի ճանաչելի ու հասկնալի դարձնելու նպատակով:

«Ժամանակին, Յովհաննէս Թումանեանն ու Լեւոն Շանթը հրաւիրած են կազմել տարրական դասարաններու համար նախատեսուած «Լուսաբեր» դասագիրքը: Սկիզբը անիկա հրատարակուած է արեւելահայութեան համար, բայց այնքան յաջող էր, որ Լեւոն Շանթը դասագիրքը փոխադրեց արեւմտահայերէնի: Մեր թանգարանին մէջ դասագիրքին տարբեր հրատարակութիւնները կը պահուին. անիկա բաւական երկար կեանք ունեցած է: Այս գիրքին հիմքը այն բոլոր դասագիրքերն են, որոնք հրատարակուած են մինչեւ Թումանեանի մահը», ըսած է թանգարանի տնօրէն Անի Եղիազարեան:

Գիրքը, որուն մէջ տեղ գտած են Յովհաննես Թումանեանի բանաստեղծութիւնները, առասպելները, պատմուածքները, նկարազարդած են արտասահման ապրող հայ մանուկները, եւ անոնց աջակցած են Հայաստանի մէջ ապրող երեխաները:

Հրատարակման համար ֆինանսական օգնութիւն տրամադրած է Արմինէ Կարապետեան, որուն թանգարանը նուիրեց «Յովհաննէս Թումանեան 150» յուշամետալը:

Գիրքը կազմած է Անի Եղիազարեան, խմբագրած է Նարինէ Խաչատրեան, սրբագրած՝ Քնարիկ Աբրահամեան, իսկ ձեւաւորումը կատարած է Մանէ Խաչատրեան: