Թումoն եւ CyArkը Կը Թուայնացնեն Արենիի Քարանձաւն ու Նորավանքը


ԵՐԵՒԱՆ․- Թումոյի մէջ մեկնարկած է թուային պահպանման եւս մէկ նախագիծ, որու շնորհիւ պիտի իրականացուի UNESCOի համաշխարհային ժառանգութեան մէջ ընդգրկուած Նորավանքի եւ Արենիի քարանձաւի 3D պատճենահանումը (scanning) եւ մշակումը: Աշխարհի նշանաւոր կէտերու եռաչափ պարճենահանումով զբաղող CyArk միջազգային ընկերութեան մասնագէտները այժմ Հայաստան են, եւ Թումոյի ուսանողներուն ու ոլորտի այլ մասնագէտներու հետ միասին սկսած են 3D նկարահանմանները:

«Իմ Հայաստան» ծրագրի ծիրէն ներս` ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան կողմէ ֆինանսաւորուող, Սմիթսընեան հիմնարկի եւ Թումոյի կողմէ իրականացուող ծրագիրը սկիզբ առած է Հոկտեմբեր 23ին: LiDAR methodի հետ ծանօթանալէ ետք մասնակիցները կատարած են նկարելու առաջին փորձերը Թումանեանի այգիին մէջ: Հոկտեմբեր 25ին խումբը կ՛ուղեւորուի Նորավանք եւ Արենիի քարանձաւ` իրականացնելու եռաչափ նկարահանումը, իսկ աւելի ուշ պիտի զբաղուի հաւաքուած նիւթերու մշակումով:

Եռաչափ պարճենահանումը վերջին տարիներուն աշխարհի մէջ մեծ տարածում ստացած արհեստագիտութիւն է, որու շնորհիւ աշխարհի կարեւորագոյն պատմական եւ մշակութային կոթողները այժմ կարելի է ընդմիշտ պահպանել թուային տիրոյթի մէջ: