Թուրքերը Կը Հերքեն Ցեղասպանութեան Մասին Բոլոր Ապացոյցները, Իսկ Ազրպէյճանցիները` Կաշառակերութեան Մասին Որեւէ Ապացոյց


Յարութ Սասունեան


Աւելի քան մէկ դար, անկախ անկէ, թէ ինչպիսի ապացոյցներ կը ներկայացուին թրքական կառավարութեան՝ իրենց մեղսագործութեան համար իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրագործողներ՝ անոնք մշտապէս կը պնդեն, թէ ատիկա կեղծիք է եւ կը հերքեն փաստերը:

Նոյն ձեւով, հակառակ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան ներկայացուած բոլոր ապացոյցներուն` կաշառատւութեան գործունէութեան համար իրենց միլիառաւոր տոլարներու չարաշահման մասին, անոնք մշտապէս կը հերքեն փաստերը եւ կը մեղադրեն հայերը, ա՛յլ երկիրներ եւ որոշ անհատներ, որոնց դէմ կը համարեն իրենց…

Անցեալ շաբաթը բացառութիւն չէր: «Կարտիըն»ը եւ աշխարհի քանի մը տասնեակ այլ թերթեր հաղորդեցին, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը 2012-2014 թուականները աւելի քան 3 միլիառ տոլար կաշառք տուած է բազմաթիւ անհատներու եւ հաստատութիւններու՝ ամբողջ Եւրոպայի մէջ: Ըստ «Կարտիըն»ի` եղած են աւելի քան 16 հազար նման գործարքներ: Այս խոշոր խայտառակութեան մէջ՝ կաշառակերութեան համար մեղաւոր է ո՛չ միայն Ազրպէյճանի կառավարութիւնը, այլեւ այն բոլոր եւրոպացի պաշտօնեաները, որոնք կաշառք վերցուցած են` Ալիեւի վարչակարգին ապօրինի ծառայութիւններ մատուցելու համար…

Այն, ինչ «Կարտիըն» կը նկարագրէ իբրեւ «ազրպէյճանական լուացքատուն», կը ներառէ «խիստ ազդեցութեան ցուցակ մը, վարձավճարներ լոպպիստներու, պաշտպաններու եւ եւրոպացի քաղաքական գործիչներու` կանխիկ գումար լուալու համար, (որ) կու գայ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ կապուած ընկերութիւններէն, պետական նախարարութիւններէն եւ երկրի խոշորագոյն` Ազրպէյճանի միջազգային դրամատունէն, որ վերջերս սնանկութեան դիմում ներկայացուցած է: Կանխիկ գումարը փոխանցուած է անդրցամաքային (offshore) կառավարում ունեցող բրիտանական չորս ընկերութիւններէ, իսկ այդտեղէն ծախսուած  տարբեր երկիրներու մէջ, ներառեալ Գերմանիոյ, Մեծ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ղազախստանի մէջ»: «Կարտիըն» մոռցած է աւելցնելու Պելճիքան եւ Իտալիան…

Ազրպէյճանական ապօրինի դրամները բրիտանական ընկերութիւններ ուղղուած են Դանիայի ամենամեծ դրամատան` «Տանսգէ»ի էսթոնական մասնաճիւղին միջոցով: Այս ստուերային անդրցամաքային ընկերութիւններէն երկուքը եղած են սքոթլանտական սահմանափակ ընկերութիւններ` Hilux Services եւ Polux Management, որոնք կը վերահսկուին գործակալներու կողմէ Բրիտանական Վըրճինեըն կղզիներուն մէջ:

Տեսնենք, թէ որո՞նք են այս ապօրինի փոխանցուած ֆոնտերու շահառուներէն քանի մը հատը: «Կարտիըն»ի փոխանցած տեղեկութիւններով` «Անոնցմէ մէկը Լուքա Վոլոնթէն է, Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան աջակեդրոն խումբի նախկին իտալացի նախագահը՝ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ (ԵԽԽՎ): Վոլոնթէն ԵԽԽՎ պատուիրակներուն մէջ էր, որոնք տարօրինակ կերպով դէմ քուէարկեցին Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումները քննադատող 2013ի զեկոյցին: Ըստ բացայայտուած տուեալներուն` ան ստացած է աւելի քան  երկու միլիոն տոլար: Իտալիոյ մէջ անոր մեղադրանք առաջադրուած է դրամի լուացման եւ կաշառակերութեան համար, կապուած «խաւիարային դիւանագիտութիւն» անունը ստացած հետաքննութեան հետ: Ան կը հերքէ բոլոր անօրինութիւնները»:

Համաձայն «Կարտիըն»ի` այլ բարձրաստիճան շահառու մըն է «Գերմանիոյ խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Էդուարդ Լինթնըր, Քրիստոնէական ընկերային միութենէն…. 2012-2014, երբ ան այլեւս պատգամաւոր չէր, անոր հիմնադրամը ստացած է 819 հազար եւրօ: Լինթնըրը 61 հազար եւրոյի կանխիկ գումար ստացած է իբրեւ ընտրութիւններու դիտորդ Ազրպէյճան այցելելէ երկու շաբաթ ետք: Ան բարձր գնահատած է քուէարկութիւնը` ընդհուպ մինչեւ «գերմանական չափանիշ»ներուն համապատասխանող: Ան ըսած է, որ վճարումները եղած են օրինական աշխատանքի համար, եւ ինքը անձամբ չէ օգտուած այդ գումարէն կամ չի գիտեր այդ դրամական միջոցներուն սկզբնաղբիւրին մասին»:

Ըստ «Կարտիըն»ի` «կանխիկ գումար ուղարկուած է նաեւ Պուլկարիա եւ Զուիցերիա, Գալին Միդրեւին պատկանող դրամատնային հաշիւներուն, որ ժամանակին եղած է մասնաւոր խորհրդատու, իսկ այժմ կ՝աշխատի Լոնտոնի Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան համար: Միդրեւ կը նշէ, որ գումարը եղած է մասնաւոր եկամուտ օրինական խորհրդատուական աշխատանքներէն, եւ ան տեղեակ չէ դրամական միջոցներու սկզբնաղբիւրին մասին: Ան կը հերքէ, որ որեւէ անօրինութիւն կատարած է»:

Կան նաեւ քանի մը բարձրաստիճան ազրպէյճանցի պաշտօնեաներ, որոնք օգտուած են այդ ֆոնտերէն: Ազրպէյճանական ընկերութիւն մը` Baktelekom MMC, աւելի քան 1.4 միլիառ տոլար փոխանցած է անդրցամաքային դրամատնային հաշիւներուն:

Հետաքրքրական է, որ հունգարական թերթը եւս բացայայտած է, որ այն ժամանակ, երբ Հունգարիան կ՝արտայանձնէր Ռամիլ Սաֆարովը` 2004 թուականին Պուտափեշտի մէջ ՆԱԹՕի զօրավարժութիւններուն ժամանակ հայ սպան կացինահարող ազրպէյճանցի մարդասպանը, Ազրպէյճան քանի մը դրամատնային փոխանցում կատարած է հունգարական MKB դրամատան, ընդհանուր 7 միլիոն տոլար գումարի չափով: Ասիկա եւս մէկ օրինակ է Ազրպէյճանի գաղտնի ֆոնտերու կաշառակերութեան օգտագործման` Եւրոպայի մէջ եւ այլուր իր շահերու հետապնդման համար:

Ազրպէյճանցիները, ի հարկէ, չեն ընդունիր իրենց անօրինութիւնները եւ կը մեղադրեն բոլորը, սկսեալ հայերէն մինչեւ միլիառատէր Ճորճ Սորոս եւ միջազգային լրատուամիջոցներ: «Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Ալի Հասանով «Կարտիըն»ի եւ այլ լրատուամիջոցներու յօդուածները որակած է իբրեւ զրպարտութիւն…. Հասանով ըսած է, որ Ալիեւի վարչակարգը դարձած է բրիտանական հետախուզութեան, հայկական սփիւռքի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ կազմակերպուած «ամօթալի» արշաւին զոհը», կը տեղեկացնէ «Կարտիըն»ը: Հասանով մեղադրած է որոշ հակաազրպէյճանական շրջանակները, որոնք «արեւմուտքի մէջ, մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ կը վերահսկուին հայկական սփիւռքի միջոցներուն շնորհիւ»: Բացի այդ, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը արգելափակած է հասանելիութիւնը Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ կաշառակերութեան լուսաբանման նախագիծի կայքին (The Organized Crime and Corruption Reporting Project), որ հրապարակած էր «ազրպէյճանական լուացքատան» մանրամասնութիւնները, դանիական Berlingske թերթին մէջ տուեալներու արտահոսքէն ետք:

Անցեալ շաբաթ Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ յայտարարեց, որ Յանցագործութիւններու ազգային գործակալութիւնը պիտի հետաքննէ բրիտանական չորս ընկերութիւններու կաշառակերութեան գործունէութիւնը կապուած Ազրպէյճանի հետ: Միաժամանակ, Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի քանի մը անդամ մտադիր են ընդլայնելու Ազրպէյճանի մշտական կաշառակերութեան ցուցակին մէջ գոյութիւն ունեցող հետաքննութիւնը: