Թուրքիան Վճռական է Երթալու Այն Ճանապարհէն, Ուրկէ Պատմութիւնը Կը Նախազգուշացնէ Չերթալ. Կարօ Փայլան


«Արմենփրես»․-Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը կիրառելուն համար հեռացուեցաւ նիստի աշխատանքներէն, յօդուած գրած է` անդրադառնալով կատարուածին եւ իր ելոյթի նպատակին: Յօդուածը հրապարակուած է «Ակօս» պարբերականին մէջ:

Փայլան պատմած է, որ նախորդ շաբաթ այցելած էր Պեռլին Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին մասնակցելու նպատակով: Այցի ծիրէն ներս ան այցելած էր Գերմանիոյ խորհրդարան, ուր ականատես եղած էր Հոլոքոսթի զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին, երբ բոլոր պատգամաւորները, վարչապետ Մերքելը եւ նախարարները յոտնկայս կը ծափահարէին Հոլոքոսթի զոհերուն նուիրուած ելոյթներուն եւ դաշնամուրային կատարումին:

«Ես հիացած էի: Գերմանիոյ խորհրդարանը յարգանքի տուրք կը մատուցանէր ոչ հին անցեալին նացիստական կառավարութեան կողմէ իրականացուած մեծ յանցանքի զոհերուն: Իսկ ես եկած էի ամբողջովին այլ մթնոլորտէ: Երկրէ մը, որ չի կրնար առերեսուիլ երէկուան զուլումի հետ եւ կը շարունակէ այսօրուանը… Տխրեցայ երկրիս համար, թաց աչքերով գացի հանդիպումին…

«Ընդամէնը մէկ շաբաթ առաջ, երբ սահմանադրական փոփոխութիւններու առաջարկին վերաբերեալ ելոյթ կ՛ունենայ, հեռացուեցայ խորհրդարանէն օսմանեան վերջին տարիներուն իմ ժողովուրդիս գլխուն եկածին մասին խօսելուս համար: Ես իբրեւ  հայ պատգամաւոր չեմ կարնար խօսիլ 102 տարի առաջուան մեղքերուն մասին, մինչդեռ գերմանացիները` աջակողմեան եւ ձախակողմեան, իշխանական եւ ընդդիմադիր, ձեռք ձեռքի տուած եւ մեծ ինքնավստահութեամբ կ՛առերեսուէին իրենց սխալներուն հետ: Եւ ոչ ոք կը մտածէր, որ կը ստորացուի գերմանական ինքնութիւնը», կը գրէ Փայլան` նշելով, որ Թուրքիոյ մէջ օրէօր աւելի կը բարդանայ պատմութեան անդրադառնալը:

Խօսելով իր ելոյթին մասին` պատգամաւորը նշած է, որ նպատակ ունեցած է պատգամաւորներուն մտովի տեղափոխել օսմանեան ժամանակաշրջան, երբ սկսած էին այն ժամանակուան սահմանադրական քննարկումները` ցանկալով յիշեցնել այդ տարիներու սխալները:

«Այսօրուան խորհրդարանին մէջ քննարկուող սահմանադրական փոփոխութիւններու առաջարկը «Ազգայնական շարժում» կուսակցութիւնը կ՛որակէ որպէս «Թուրքի սահմանադրութիւն»: Ատիկա զիս կը վախցնէ, քանի որ այն ժամանակ Թալէաթ եւ Էնվեր փաշաները նոյն տրամաբանութեամբ թուրքի սահմանադրութիւնը դրին կիրառութեան մէջ, ուր որոշ քաղաքացիներ առ ոչինչ համարուեցան: 1913-1923 թուականները անցան մեծ կոտորածներով, ցեղասպանութիւններով, ջարդերով. մեծ տարողութեամբ կորսնցուցինք հայ, ասորի, յոյն եւ հրեայ ժողովուրդները:

«Սակայն, երբ ես ըսի ատոր մասին խորհրդարանին մէջ, մեծ զայրոյթ յառաջացաւ: «Ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործելու համար զիս պատմութեան մէջ չտեսնուած պատիժի ենթարկեցին` արգիլեցին սահմանադրական քննարկումներու երեք նիստերէն, իսկ խորհրդարանի ամպիոնէն կատարուած յայտարարութիւնս հանուեցաւ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի արձանագրութիւններէն», նշած է Փայլան:

Ան ընդգծած է, որ իր հիմնական նպատակը ոչ թէ բանավէճ ստողծելն էր, այլ յորդորելն էր անցեալէն դաս քաղել եւ նոյն սխալներն այլեւս չկրկնել:

«Մտահոգ եմ: «Թուրքի սահմանադրութիւնը սարքելու» համար ճանապարհ ինկած, գործը դեռ չսկսած` մեծ ախորժակով քիւրտ պատգամաւորները բանտ ուղարկած խորհրդարանին կողմէ, լիազօրութիւնները մէկ անձի փոխանցելը լաւ արդիւնքներու չի յանգեցներ: Քրիստոնէական եւ հրէական համայնքները օսմանեան վերջին շրջանին միատարրութեան գաղափարախօսութեան հետեւանքով Անատոլիոյ մէջ 40 տոկոսէն դարձած են հազարէն մէկը: Մենք մեծ գին վճարած ենք: Սակայն ոչ միայն մենք, այլ բոլորը կորսնցուցած են, քանի մը մարդու մեղքին պատճառով բոլորը կեղտոտուած են:

«Ինծի համար խնդիրը միայն խորհրդարանին մէջ խօսքի ազատութեան սահմանափակումը, ընտրուած անձի նկատմամբ անարգանքը կամ «այդ բառը» կիրառել-չկիրառելը չէ: Ատոնք ի հարկէ կարեւոր են, սակայն հիմնական վախցնողն այն է, որ Թուրքիան վճռական է երթալու այն ճանապարհով, որով պատմութիւնը կը նախազգուշացնէ չերթալ», նշած է Կարօ Փայլան:

Ան փաստած է, որ դէպքերը կրնան տանիլ այնպիսի զարգացումներու, որոնցմէ կը տուժեն բոլորը:

«Այս հողը, որուն 10 տարի առաջ յանձնեցինք Հրանդ Տինքը, այսօր աղաւնիի անհանգստութիւն կ՛ապրի: Այդ վախուորածութիւնը անտեղի չէ: Մենք` հայերս, ատիկա ամենալաւը գիտենք: Այդ պատճառով ձեզի` մեծամասնութեանդ կը դիմեն՝ եկէք ետ դառնանք այդ պատմական սխալէն», եզրափակած է հայ պատգամաւորը: