Թուրքիա Իր Պատմական Արխիւները Եւ Փաստաթուղթերը Ինչպէ՞ս Ոչնչացուցած Կամ Ձերբազատած Է Անոնցմէ


Յարութ Սասունեան


Քանի մը տասնամեակ շարունակ թրքական կառավարութիւնը եւ անոր քարոզիչները կը յայտարարեն, որ պետական փաստաթուղթերը, մասնաւորապէս օսմանեան արխիւները, ամբողջովին բաց են եւ հասանելի՝ ամբողջ աշխարհի ոեւէ հետազօտողի համար։

Սակայն թուրք պաշտօնեաներն ու անոնց կողմնակիցները կը լռեն այն մասին, որ օսմանեան արխիւներու բազմաթիւ փաստաթուղթեր հեռացուած, ոչնչացուած, վաճառուած կամ մշակուած են: Բացի ասկէ, որոշ գաղտնի արխիւներ դեռ փակ կը մնան օտարներու դիմաց:

Անցեալ ամիս, թուրք լրագրող Ուզայ Պուլութ PhilosProject.org կայքին վրայ բացայայտող յօդուած մը տեղադրեց՝ «Թուրքիա Առանց Գրաքննութեան. Գրաքննութեան Եւ Արգելքներու Պատմութիւն» վերնագիրով, քանի մը հարիւրամեակներու անցեալ ունեցող թրքական արխիւներու եւ փաստաթուղթերու կարգավիճակին վերաբերեալ: Պուլութ ազատ է նման գաղտնիքներ բացայայտելու, քանի որ ան այլեւս չ՛ապրիր Թուրքիա եւ ներկայիս հաստատուած է Ուաշինկթըն։

Այսօր, Թուրքիոյ մէջ պետական պատուէրով արգելափակուած է «Ուիքիփետիա» կայքը, որովհետեւ «Ուիքիփետիա»ն հրաժարած է ջնջելէ այն յօդուածները, որոնք կը բացայայտեն, որ թրքական իշխանութիւնները կը զօրակցին «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներուն: Ասկէ բացի, Թուրքիոյ կողմէ արգելափակուած են 127 հազար կայքեր եւ 95 հազար անհատական կայքէջներ, կը տեղեկացէ լրագրող Պուլութ։

Այսօրուան հազարաւոր կայքերու արգիլումը շարունակութիւնն է օսմանցի սուլթան Պայազիտ Բ.ի 1485ի հրամանագիրին, որով մահապատիժի կը դատապարտուէին բոլոր անոնք, որոնք գիրքեր կը տպագրէին թրքերէնով կամ արաբերէնով: Այդ արգելքը մնաց աւելի քան երկու դար, կը յայտնէ Պուլութ: «Այդ արգելքը պատմաբաններու կողմէ լայնօրէն կը վկայակոչուի իբրեւ իսլամութեան մտաւոր եւ գիտական փլուզման հիմնական պատճառներէն մէկը՝ արդիւնաբերութեան յեղափոխութեան արշալոյսին»։

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը 1923էն սկսեալ, իր հիմնադիրին՝ Քեմալ Աթաթուրքի օրօք, շարունակեց գրաքննութեան աւանդոյթը՝ արգիլելով «առնուազն 130 թերթ, ամսագիր եւ գիրք՝ ըստ Մուսթաֆա Եըլմազի եւ Եասմին Տորենի «Գրաքննութիւնը Հանրապետական Ժամանակաշրջանին (1923-1973)»գիրքին»: Պուլութ կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ երկրորդ վարչապետ Ատնան Մենտերես 1950-60ական թուականներուն արգիլած էր 161 հրատարակութիւն։

Վերադառնալով արխիւային գրաքննութեան, Պուլութ մեջբերած է թուրք հրեայ պատմաբան Ռիֆաթ Պալին, որ «կը բացատրէ մշակուած կամ ոչնչացուած պետական արխիւներու պատմութիւնը իր 2014ին լոյս տեսած գիրքով՝ «Թալանի ոչնչացման պատմութիւնը. տպագրուած կամ գրուած բառեր, մեռած տառեր, արխիւները մէկ կողմ նետած են (կամ վաճառած) որպէս թափօններ» …Շատ մը կուսակցութիւններու, ծերակոյտի եւ քանի մը այլ կառավարական կամ ոչ կառավարական հաստատութիւններու արխիւներ կա՛մ փակ են հանրային օգտագործման համար, կա՛մ այլեւս գոյութիւն չունին»: Ըստ Պալիի՝ «Թուրքիոյ մէջ կուսակցութիւններու արխիւները փակուած են  12 Սեպտեմբեր 1980ի պետական յեղաշրջման ատեն եւ ուղարկուած SEKA (բուսական (cellulose) եւ թուղթի գործարաններ)՝ իբրեւ թուղթի թափօն»։

Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան (CHP) արխիւը ամէնէն կարեւորն է, որովհետեւ անիկա հանրապետութեան հիմնադրման տարիներու կուսակցութիւնն է: Ինչպէս Պալի կը գրէ. «Ոմանք կ՛ըսեն, որ «անիկա (արխիւը) այրած է», իսկ ոմանք՝ «անիկա մէկ կողմ նետուած է Սեպտեմբեր 12ին», իսկ ուրիշներ կը պնդեն, որ «արխիւը չէ շպրտուած, այլ՝ հոս է»: Այսպիսով, այսօրուան դրութեամբ այդ մէկը առեղծուած մըն է: Արխիւին մեծ մասը գոյութիւն չունի»։

Բացի այդ, Պալի տեղեկացուցած է, որ «նախագահութեան, Ազգային հետախուզական կազմակերպութեան (MIT) եւ ներքին գործոց նախարարութեան արխիւները փակ են»:

Հետաքրքրականը այն է, որ Պալի գրի առած է տարօրինակ պատմութիւն մը, թէ ինչպէս «1998 թուականին Անգարայի մէջ արտաքին գործոց նախարարութեան գաղտնի փաստաթուղթերը յայտնաբերուած են թափօններ ծախողի մը մօտ: Նախարարութիւնը անոր վաճառած էր երկաթեայ, չհրկիզուող 15 պահարաններ: Այնուհետեւ պարզուած է, որ նախարարութիւնը այդ պահարանները ծախած էր՝ շէնքէն ներս ազատ տարածքներու բացակայութեան պատճառով, նոյնիսկ առանց նայելու, թէ ի՛նչ կար անոնց մէջ»։

Պալի իր գիրքին մէջ կը ներկայացնէ նաեւ կարեւոր փաստաթուղթերու ոչնչացման այլ օրինակներ.

– «Թուրքիոյ պատմութեան հիմնարկի փաստաթուղթերէն շատերը, ներառեալ՝ Աթաթուրքի մէկ նամակը, ոչնչացուած են».

– «1961ի սահմանադրութեամբ ստեղծուած Ծերակոյտի նիստերու բոլոր արձանագրութիւնները, որոնք աշխատունակ էին մինչեւ 1980 Սեպտեմբեր 12ի պետական յեղաշրջումը, ուղարկուած են բուսական եւ թուղթի գործարաններ (SEKA)».

– «1965ին, երբ նոր շէնք մը փոխադրուեցաւ պետական ֆինանսաւորումով գործող Կրօնական հարցերու (Տիեանէթ) նախագահութիւնը, անոր ղեկավարութիւնը ըսաւ, որ «հին փաստաթուղթերը չեն տեղաւորուիր նոր շէնքին մէջ» եւ արխիւի փաստաթուղթերուն մէկ մասը ուղարկեց SEKA».

– «Երբ 1980ական թուականներուն SEKA-ի մէջ թուղթի պակաս յառաջացաւ, պետական կառոյցներուն կոչ եղաւ իրենց հին թուղթերը ուղարկել գործարան: Այսպէսով, շատ արխիւներ օրինական մակարդակով ոչնչացուեցան».

– 2013ին, Թուրքիոյ ազգային գրադարանի յունարէնով, եբրայերէնով եւ ասորերէնով հին գիրքերը թոներով վաճառուեցան՝ այն պատճառաբանութեամբ, «որ չկային գրադարանավարներ, որոնք կրնային այդ լեզուներով կարդալ»։

Իբրեւ հետաքննող լրագրող՝ Ուզայ Պուլութ եզրակացուցած է. «Թրքական հասարակութենէն թաքուն պահուած այսքան շատ տեղեկութեան միջոցով, թրքական քարոզչութիւնը ստեղծած է այնպիսի հասարակութեան մը, որ կուրօրէն կը հետեւին որեւէ պետական իշխանութեանց, որոնք կորսնցուցած են բարոյական կողմնացոյցը եւ երբեք չեն առարկած կամ արտայայտուած, նոյնիսկ երբ ականատես եղած են մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու, որոնք չեն յարգեր հայեացքներու տարբերութիւնը կամ այլակարծութեան իրաւունքը, եւ պէտք է ըսել՝ որոնք յառաջ կը շարժին պատմութեան ծայրայեղ սխալ տարբերակով»։

Յաջորդ անգամ, երբ թրքական կառավարութեան քարոզիչները գրեն, որ «մեր արխիւները բաց են», դուք կրնաք անոնց յղել այս յօդուածի պատճէնը. հոն գտնուող նշանաւոր թուրք լրագրող Ուզայ Պուլութի բացայայտումները կը փակեն անոնց բերանները…