Թուրքիա Կը Պատրաստուի Հայաստանի Հետ Սահմանին Վրայ Պատ Կառուցելու 


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թրքական մամուլին համաձայն՝ Թուրքիա կը պատրաստուի Հայաստանի եւ Իրանի հետ իր սահմանագիծին վրայ պատեր կառուցելու, վերջերս Սուրիոյ հետ իր սահմանին վրայ կառուցուած պատին օրինակով։

Թուրքիոյ պաշտպանութեան եւ ելեւմտական նախարարութիւններուն համատեղ նախաձեռնութեամբ, հայ-թրքական սահմանը պիտի պարսպապատուի Արտահան, Կարս եւ Իկտիր քաղաքներուն կողմէ: