Թուրքիոյ Ամենագեղեցիկ Գիւղերու Ցանկին Վրայ Են Նաեւ Հայկական Գիւղեր


«Հիւր­րի­էթ» թեր­թը հրա­պա­րա­կած է Թուրք­իոյ ամէ­նէն գե­ղե­ցիկ տա­սը գիւ­ղե­րուն ցան­կը, ուր տեղ գտած են նա­եւ հայ­կա­կան գիւ­ղեր: Ակ­նա­ռու առա­ջին հայ­կա­կան շր­ջա­նը Երզն­կա­յի հայ­կա­կան Ապ­չա­ղա (Ապու­չեխ) գիւղն է: Թուրք­իոյ մէջ շա­տեր գի­տեն` «Այն­տեղ, Հե­ռուն, Գիւղ մը Կայ» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւնը, որ նուիր­ուած է այս գիւ­ղին, սա­կայն քի­չեր գի­տեն, թէ այդ գիւ­ղը հայ­կա­կան է: Այս մա­սին կը նա­խընտ­րէ լուռ մնալ նա­եւ «Հիւր­րի­էթ» թեր­թը, որ կը գրէ, թէ Եփ­րատ գե­տի ամէ­նէն գե­ղե­ցիկ տե­սա­րան­նե­րէն մէ­կը լեռ­նա­յին այս բարձր գիւ­ղէն կ՛երե­ւի:

Թերթը նա­եւ անդ­րա­դար­ձած է հայ­կա­կան Վա­գըֆ գիւ­ղին, որ պաշ­տօ­նա­պէս ար­ձա­նագր­ուած է իբ­րեւ Թուրք­իոյ տա­րած­քին մի­ակ հայ­կա­կան գիւ­ղը: Գիւ­ղը ու­նի իր եկե­ղե­ցին ու պան­դո­կը: Կի­լիկ­իոյ վեր­ջին հա­յաբ­նակ գիւ­ղին մա­սին թեր­թը կը գրէ. «Վա­գըֆ­լը գիւղ, որ առանձ­նա­յա­տուկ գե­ղեց­կու­թեան մէջ ընկղ­մած է` նա­րին­ջի ու լե­մո­նի իր ծա­ռե­րով: Այս գիւ­ղին մէջ կր­նաք ծա­նօ­թա­նալ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թին ու ճա­շա­կել տե­ղա­կան խո­հա­նո­ցի հա­մեղ ճա­շե­րը»: Կը նշ­ուի նա­եւ, որ այդ գիւ­ղին մէջ տա­կա­ւին մօ­տա­ւո­րա­պէս 80 հայ կ՛ապ­րի:

Ցան­կին վրայ կան նա­եւ համ­շէ­նա­կան Մա­րալ գիւ­ղը, որ Արդ­ուի­նի զմրուխ­տա­պատ լեռ­նե­րուն մէջ կը գտն­ուի: Գիւ­ղի ամէ­նէն յայտ­նի եւ տե­սար­ժան վայ­րը Մա­ճա­հել անու­նով ջր­վէժն է: Այս­տեղ համ­շէ­նա­կան հին փայտ­եայ տնակ­ներն ու խիտ ան­տառ­նե­րը պահ­պան­ուած են տա­կա­ւին: