Արատ Տինքի Դատավարութեան Կ՛ենթարկուի․ Անոր Կը Սպառնայ ՄԻնչեւ 5 Տարուան Բանտարկութիւն


Արատ Տինք

“Էրմէնի Հապեր”,- Թուրքիոյ մէջ Հրանդ Տինքի որդիին` Արատ Տինքի նկատմամբ մեղադրանք առաջադրուած է: Արատը կը դատուի այն բանի համար, որ ան ստորագրած է «Խաղաղութեան Հռչակագիր» փաստաթուղթին տակ, զոր հրապարակած են Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ հետապնդուող մտաւորականները:

Ըստ մեղադրանքին` յայտարարութեան հեղինակները քարոզչութիւն կ՛ընեն Քրտական Աշխատաւորական կուսակցութիւն համար, որ Թուրքիոյ մէջ կը համարուի ահաբեկչական կազմակերպութիւն: Արատ Տինքին կը սպառնայ 1-5 տարուան ազատազրկում:

Դատական առաջին նիստի ընթացքին պաշտպանները պահանջած են արդարացնող վճիռ կայացնել, նաեւ դատարանին ինքնաբացարկի միջնորդութիւն ներկայացուցած են` նշելով, որ դատաւորները կողմնակալ են: Դատարանը մերժած է միջնորդութիւնները:

Նշենք, որ Պոլսոյ հանրապետական դատախազութիւնը կը մեղադրէ 1․128 անձեր, որոնց մէջ է նաեւ` Արատ Տինք` 2016-ի Յունուար 11-ին հրապարակուած «Ակադեմիկոսները` յանուն խաղաղութեան» ինչպէս նաեւ «Մենք այս մեղքին յանցակից չենք ըլլար» անունով յայտնի հռչակագիրներուն տակ ստորագրելու համար: Ըստ մեղադրականի, այդ հռչակագիրներուն մէջ կան Քրտական Աշխատաւորական կուսակցութեան քարոզչութիւն ընող արտայայտութիւններ: