Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցին Պիտի Վերածուի Արուեստի Կեդրոնի


«Նիուզ».- Թուրքիոյ Քոնիա նահանգի Աքշեհիր շրջանին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցւոյ վերանորոգումը սկսած է:

Աքշեհիրի քաղաքապետարանին միջոցներով վերանորոգուող հայկական եկեղեցին կը նախատեսուի վերածել արուեստի կեդրոնի:

Աքշեհիրի քաղաքապետը տեղւոյն վրայ ծանօթացած է վերանորոգման աշխատանքներուն եւ վստահեցուցած, որ երկու միլիոն լիրա (500 հազար տոլար) արժողութեամբ վերանորոգումը պիտի աւարտի Յունուար 2019ին:

Ան շեշտած է, որ եկեղեցին պիտի դառնայ արուեստի կեդրոն, ուր պիտի կազմակերպուին արուեստի ցուցահանդէսներ: