Թուրքիոյ Մէջ Ստեղծուած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ժխտող «1915.gov.tr» Պետական Կայքը


«Էրմէնիհապեր»,- Թուրքիոյ նախագահական մամլոյ վարչութիւնը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու գործով` ստեղծած է «1915.gov.tr» անունով անգլերէն կայք մը, որուն նպատակն է պայքարիլ «Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումներուն դէմ»:

Թուրքիոյ նախագահականի մամլոյ վարչութեան պետ Ֆահրեթթին Ալթունը, մեկնաբանելով նոր կայքին ստեղծումը, ըսած է. «Այս կայքը, յենուելով պատմական փաստերու վրայ, միջազգային ասպարէզի մէջ պիտի պատասխանէ ամէն առիթով մեր դիմաց դրուող Հայոց Ցեղասպանութեան մասին զրպարտութեան»:

Կայքին մէջ կան հետեւեալ բաժինները` 1915-ի իրադարձութիւններ, Պաշտօնական հրամանագիրներ, Դատարանի վճիռներ, Հայկական ահաբեկչութիւն, Հարցուպատասխան:

Կայքին մէջ կան շարք մը նիւթեր, փաստաթուղթեր, որոնք բնագիրէն կտրուած են եւ նպատակ ունին ցուցադրելու, որ իբր հայերը ըմբոստացած են, կոտորած են թուրքերը, իսկ հայերու «արտաքսում»ը միակ լուծումն էր: Էրտողանի` Հայոց Ցեղասպանութեան դէմ յայտարարութիւնները, նաեւ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին ուղղուած նամակը տեղ գտած են կայքին մէջ։

Կայքին մէջ “Հայկական ահաբեկչութիւն” բաժինին մէջ կը ներկայացուի՝ յանուն Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման 1970-80-ականներու հայկական կազմակերպութիւններու գործողութիւններուն վերաբերեալ։