Թուրքիոյ Նախագահը Հայերէնով Ցաւակցած է Մեսրոպ Արք․ Մութաֆեանի Մահուան Առիթով


 «Արեւելք»,- Թուրքիոյ նախագահը Մարտ 8ին Պոլսոյ պատրիարքարանի Մեսրոպ Արք․ Մութաֆեանի մահուան առթիւ Արամ Աթէշեանի հետ հեռախօսազրոյց ունենալէն ետք հայերէնով գրառում ըրած է իր Թուիթըրեան էջին մէջ։ Թուրքիոյ նախագահը արեւմտահայերէնով եւ դասական ուղղագրութեամբ գրած է. «Խոր վշտով տեղեկացայ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարք յարգելի Մեսրոպ Մութաֆեանի մահը: Այս կապակցութեամբ կը ցաւակցիմ իր ընտանիքին, հարազատներուն եւ մեր հայ քաղաքացիներուն»: 

Այս առիթով թրքագէտ Վարուժան Գեղամեան դիտարկած է. «Ինչեր չես ըներ յանուն նախընտրական քարոզարշաւի յաջողութեան: Պոլսոյ իշխող կուսակցութեան համար հայերուն ձայները կարեւոր են»: