Քոնկրեսականները Ցեղասպանութիւնները Կանխարգիլող Բանաձեւ Կը Ներկայացնեն


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․-Միացեալ Նահանգներու  քոնկրեսականներ Տէյվիտ Թրաթ եւ Էտըմ Շիֆ, համագործակցութեամբ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի իրենց գործընկերներուն՝ Մարտ 22ին ներկայացուցին բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն Հայոց Ցեղասպանութեան դասեր քաղելու, որպէսզի կարելի ըլլայ ապագայ ցեղասպանութիւններուն առաջքը առնել։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնած է Թրաթին եւ Շիֆին, ինչպէս նաեւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի մնացեալ անդամներուն ու բանաձեւը հովանաւորողներուն, ներառեալ՝ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյսի եւ յանձնախումբին մէջ բարձրաստիճան դեմոկրատ անդամ Էլիըթ Էնկըլին, որոնք համոզում յայտնած են, թէ Հայոց Ցեղասպանութենէն քաղուած դասերը պէտք է ամերիկեան իշխանութիւնները առաջնորդեն ապագայ ցեղասպանութիւններու առաջքը առնելու ջանքերուն մէջ։

Բանաձեւի ներկայացման զուգահեռ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Ցեղասպանութեան նուիրուած «Խոստումը» ֆիլմը քոնկրեսականներուն ներկայացնելու արշաւի մը նախաձեռնած է։