Թրամփէն Մեր Ակնկալիքը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցով Ազնիւ Դիրքորոշում Ունենալն է․ Արամ Համբարեան


«Թերթ»․- Դեռ կը սպասենք, պէտք է տեսնենք` արդեօ՞ք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ապրիլ 24ին պիտի նախընտրէ խօսիլ փաստերու լեզուով, թէ՞ տուրք պիտի տայ Թուրքիոյ ճնշումներուն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (ԱՄՆ) նախագահ Տանըլտ Թրամփին ուղղուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը ըստ արժանուոյն յարգելու կոչին մասին խօսելով ` ըսած է Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան։

«Եթէ ան մատնանշէ բարոյական արժէքներու, պատմական փաստերու մասին, ան շատ ճշմարիտ բան պիտի ընէ: Կը նշանակէ, որ ան ըստ արժանւոյն կը յարգէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը», ըսած է ան:

Արամ Համբարեան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուող ճնշումը որոշիչ կ՛ըլայ միշտ․ անոնք ամէն ինչ կ՛ընեն, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմէն եւ ոչ ոք արտասանէ հայոց ցեղասպանութիւն բառակապակցութիւնը:

«Դեռ ժամանակ կայ, տեսնենք` Տանըլտ Թրամփ պիտի հետեւի՞ պատմութեան, փաստերուն, բարոյական արժէքներուն, թէ՞ Թուրքիոյ ճնշումներուն պիտի ենթարկուի», ըսած է Արամ Համբարեան:

Անդրադառնալով ԱՄՆ նոր նախագահ Թրամփի քաղաքականութեան` ան նշած է, որ իրենք հիմա կը փորձեն հասկնալ` ինչպէս Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմը կ՛աշխատի, որքան երկրի կառավարումը կ՛առաջնորդուի նախագահի որոշումներով եւ որքան` Արտաքին գործոց նախարարութեան որոշումներով:

«Մենք դեռ կը փորձենք ատիկա հասկնալ, դեռ ամբողջովին պարզ չէ: Դեռ պէտք է պարզենք, թէ ԱՄՆ նոր վարչակազմին մէջ ինչպէս աշխարհաքաղաքական, արտաքին քաղաքական եւ այլ հարցերով որոշումները կը կայացուին», ըսած է ան:

Հարցումին, թէ ինք, իբրեւ հայկական հարցերու լոպպին իրականացնող կառոյցի ղեկավար, ինչպէ՞ս կը գնահատէ ԱՄՆ նոր վարչակազմի հետ աշխատանքներու հնարաւորութիւնը, արդեօ՞ք հեշտ է անոնց հետ աշխատիլը, ան պատասխանած է․ «Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը միշտ կ՛աշխատի քոնկրեսականներու հետ եւ անոր հետ, որ կ՛ընտրուի նախագահ: Ատիկա մեր պարտականութիւնն է: Մենք որեւէ որոշում կայացնելու ատեն կը փորձենք հասկնալ, թէ ինչպէս կրնանք օգնել Հայաստանին: Այդ պատճառով մենք բոլորին հետ գործ կ՛ունենանք: Եթէ Քոնկրեսի կամ Ծերակոյտի անդամները ցանկան Հայաստանին օգնել, ցանկան ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, մենք անոնց հետ կ՛աշխատինք: Մենք կ՛աշխատինք մեր բոլոր խնդիրներու ուղղութեամբ»:

Արամ Համբարեան, վերադառնալով ԱՄՆի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հաւանականութեան, նշած է, որ տարիներ առաջ Թուրքիան շատ աւելի լաւ յարաբերութիւններ ունէր այն մարդոց հետ, որոնք կրնային կանխել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Միացեալ Նահանգներու մէջ:

«Բայց հիմա անոնք չունին այդ յարաբերութիւնները: Բացի այդ, Միջին Արեւելքի մէջ հիմա կատարուողը նման է Հայոց Ցեղասպանութեան, եւ ես կը կարծեմ, որ շատ ամերիկացիներ ատիկա կը տեսնեն: Նաեւ պէտք է պահել խոստումը` Հայոց Ցեղասպանութեան թեման միշտ ԱՄՆի մէջ ուշադրութեան կենտրոնին պահելով: Եւ պիտի գայ օր մը, երբ Թուրքիան այլեւս պիտի  չկարենայ ազդել ամերիկեան քաղաքականութեան վրայ», ըսած Համբարեան:

Անոր խօսքով` անկախ ամէն ինչէ, իրենք կը փորձեն այլ ուղղութիւններով ալ հայկական խնդիրները առաջ տանիլ: Ան յիշատակած է, որ ԱՄՆ 4 նահանգ արդէն ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս տարի Ապրիլ 20ին ԱՄՆ նոր նախագահէն ակնկալիքը մէկն է` Թուրքիոյ` լռեցնելու քաղաքականութիւնը մերժելը ու Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով ազնիւ դիրքորոշում ընդունիլը:

Յիշեցնենք, որ նոր ընտրուած նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր քարոզարշաւի ժամանակ երբեք չէ խօսած հայկական հարցերու շուրջ, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հետ կապուած եւս ոչ մէկ խոստում տուած է:

Նշենք նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի աւելի քան 80 անդամներ կոչ ուղղած են նախագահ Տանըլտ Թրամփին ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: