Թրամփի Յարձակումը Սուրիոյ Վրայ Սխալ Էր Կարգ Մը Պատճառներով


«Քալիֆորնիա քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ․

Բազմաթիւ ամերիկացներ եւ մարդիկ ամբողջ աշխարհի մէջ մեծ մտահոգութեամբ հետեւած են Տանըլտ Թրամփի հնչեցուցած չկշռադատուած եւ տարօրինակ գաղափարներուն` նախագահական քարոզարշաւի ընթացքին եւ աւելի մտահոգիչ` նախագահ դառնալէն ետք:

Մէկ բան է չհամաձայնիլ անոր հետ ներքին քաղաքականութեան հարցերով, ինչպէս օրինակ, մահմետական զբօսաշրջիկներ արգիլելը, առողջապահութիւն կամ պատի կառուցումը, բոլորովին այլ բան է, երբ ան կը սպառնայ օտար երկիրներուն, ինչպիսիք են Իրանը եւ Հիւսիսային Քորէան, եւ աւելի վատ, երբ  հրաման կու տայ հրթիռներ արձակելու Սուրիոյ վրայ…

Իսկ ի՞նչ խնդիր կայ նման աղէտալի որոշման հետ կապուած: Թրամփ գիտելիքներ չունի սուրիական հակամարտութեան վերաբերեալ, բացի այն, ինչ որ կարդացած է որոշ ծայրայեղական հրապարակումներու մէջ եւ տեսած իր սիրելի FOX News հեռուստաալիքով:

Թրամփ յայտարարած է, որ ան խորապէս ցնցուած է քիմիական յարձակումէն տուժած մանուկներու լուսանկարներէն, որոնք տեսած էր հեռուստատեսութեամբ: Ո՞վ կը դիմանար: Անկասկած ան ունեցած է զգացական եւ ինքնաբուխ արձագանգ սրտաճմլիկ պատկերներու նկատմամբ, որ սակայն չի կրնար փոխարինել կշռադատուած արտաքին քաղաքականութեամբ, առանց այս ողբերգական միջադէպի վերաբերեալ փաստերու մանրակրկիտ քննութեան եւ սուրիական ռազմական օդակայանին վրայ ծայրայեղ գործողութեան ` 59  «Տոմահաւկ» տեսակի հրթիռներու արձակման հետեւանքներու ուշադիր քննութեան:

Բարեբախտաբար, Թրամփի օգնականները ահազանգած էին Ռուսիոյ յարձակումէն քիչ առաջ` ռուսական զոհերէն խուսափելու համար, որ կրնար աղէտալի հետեւանքներ ունենալ ամբողջ աշխարհի համար… Բացի այդ, նախագահ Թրամփ իր գործողութիւններով խախտած է ԱՄՆ Սահմանադրութիւնը, քանի որ ան չէ խնդրած եւ չէ ստացած ԱՄՆ Քոնկեսի օրէնքով պահանջուող թոյլտուութիւնը` մէկ այլ ինքնիշխան պետութեան դէմ պատերազմ սկսելու համար: Թրամփ ոչ իմաստութիւն, ոչ ալ համբերութիւն ունեցաւ սպասելու քիմիական յարձակման հանգամանքներու հետաքննութեան արդիւնքներուն` ստուգելու, թէ ով է իսկապէս պատասխանատու այս սարսափելի յարձակման համար:

Թրամփի վարչակազմը մեղադրած է Սուրիոյ ռազմաօդային ուժերը Իտլէպի  մօտ քիմիական յարձակման համար: Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ իշխանութիւնները այլ վարկած ունին այս իրադարձութիւններուն առնչութեամբ: Անոնք կը պնդեն, որ Սուրիան չի տիրապետեր որեւէ քիմիական զէնքի` նման բոլոր վտանգաւոր նիւթերը ոչնչացնելու վերաբերեալ իր 2003-ի համաձայնագիրէն ետք: Բացի այդ, Սուրիան կը պնդէ, որ քիմիական պայթիւնը տեղի ունեցած է իր օդուժի կողմէ սուրիական ահաբեկիչներուն պատկանող  պահեստի ռմբակոծման ժամանակ, ուր անոնք  պահեստաւորած էին այդ վտանգաւոր նիւթերը: Ասատի համար անիմաստ էր քիմիական զէնքի կիրառումը, երբ ան կը յաղթէր, ատով ան վտանգի պիտի դիմէր թշնամացնելու Արեւմուտքը եւ արագացնելու ռազմական միջամտութիւնը:

Յիշեցնեմ, որ դեռ 2013-ին մէկ այլ քիմիական յարձակում եղաւ Դամասկոսի արուարձաններէն մէկուն մէջ, որմէ աւելի շատ մարդիկ սպաննուեցան, քան Իտլիպի մէջ: Օպաման շատ մօտ էր Սուրիոյ դէմ պատերազմ սկսելուն, սխալմամբ կարծելով, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը անցած է իր յայտարարած «կարմիր գիծը»: Սակայն, երբ ան իմացաւ, որ Դամասկոսի մօտ քիմիական յարձակումը «ուրիշի դրօշի տակ» էր, ինչ որ կը նշանակէր, որ անիկա կազմակերպուած էր Թուրքիոյ եւ անոր ահաբեկիչ դաշնակիցներուն կողմէ, որպէսզի ստիպեն Միացեալ Նահանգներուն ռազմական միջամտութիւն ցուցաբերել Սուրիոյ մէջ, Օպաման չիրականացուց Սուրիոյ վրայ հրթիռներ արձակելու իր ծրագիրները: Պէտք չէ մոռնալ, որ 2003-ին ամերիկեան պաշտօնեաները կեղծ «հետախուզական» ապացոյցներ ներկայացուցին աշխարհին, պնդելով, որ Սատամ Հուսէյն կը տիրապետէ զանգուածային ոչնչացման զէնքի` արդարացնելով Իրաք ներխուժումը:

Որքան ալ տարօրինակ է, սակայն Քոնկրեսի հանրապետական շատ անդամներ, որոնք այժմ կ՛ողջունեն Սուրիոյ վրայ յարձակուելու Թրամփի որոշումը, այն ժամանակ խստօրէն քննադատեցին Օպաման համանման յարձակման ծրագրի համար: Բացի այդ, թէեւ 2013-ին քիմիական յարձակման ժամանակ աւելի շատ մարդիկ եւ երեխաներ սպաննուեցան, Տանըլտ Թրամփ 40 թուիթներ հրապարակած էր, կոչ ընելով Օպամային չյարձակելու Սուրիոյ վրայ: Այն ժամանակ, կարծես թէ Թրամփ չէր մտահոգուած «գեղեցիկ սուրիացի մանուկներ»ուն համար, ինչպէս հիմա կը պնդէ…

Թէ Սպիտակ տունը, թէ ամերիկեան լրատուամիջոցներու բազմաթիւ ինքնակոչ փորձագէտներ, որոնք վերջին վեց տարիներու ընթացքին աւելի  բացայայտ կեղծիքներ տարածած են Սուրիոյ մասին, այժմ կը պնդեն, որ քիմիական զէնքի ոչնչացումը Սուրիոյ մէջ կը բխի Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերէն: Անոնք նաեւ կը պնդեն, որ քիմիական զէնքերը արգիլուած են միջազգային պայմանագիրներով եւ ատոնց կիրառումը միջազգային իրաւունքի խախտում է:

Ընդունելով այդ յայտարարութիւններու ճշմարտացիութիւնը, պէտք է հարցնել.

1) Ինչո՞ւ ոչ մէկ հետաքննութիւն իրականացուեցաւ քիմիական յարձակման առնչութեամբ մինչեւ ամերիկեան հրթիռներու արձակումը:

2) Ի՞նչ իրաւունքով Թրամփ ինքզինք կարգած է միջազգային իրաւունքի դատաւոր եւ աշխարհի ոստիկան: Միջազգային իրաւունքը, ըստ սահմանումի, այն հարցն է, որ կը վերաբերի ոչ միայն Միացեալ Նահանգներուն, այլեւ ամբողջ աշխարհին: Միջազգային իրաւունքի նման խախտումներու հետաքննութեան, դատապարտման եւ պատժելու պատշաճ վայրը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդն է, ոչ թէ Սպիտակ տունը: Բացի այդ, ինքնիշխան պետութեան վրայ յարձակումը ինքնին միջազգային իրաւունքի խախտում է…

3) Յարձակուելով Սուրիոյ վրայ եւ ոչնչացնելով անոր ռազմական օդանաւերը, Թրամփ, փաստօրէն, կը խրախուսէ եւ կը հզօրացնէ «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչները, որպէսզի անոնք շարունակեն եւ ընդլայնեն իրենց յանցագործութիւնները Սուրիոյ եւ ամբողջ աշխարհի մէջ, յատկապէս երբ կը տեսնեն, որ երբ ամէն անգամ անոնց կողմէ քիմիական զէնք կ՛օգտագործուի, Արեւմուտքը ատոր համար կը մեղադրէ նախագահ Ասատը եւ կը յարձակի Սուրիոյ վրայ: Բացի այդ, տկարացնելով եւ փոխարինելով Ասատը, Թրամփ վտանգի կը դիմէ ստեղծելու նմանատիպ քաոս եւ ահաբեկչութիւն Իրաքի եւ Լիպիոյ մէջ, յանգեցնելով աւելի շատ մահերու… Ո՞վ պիտի փոխարինէ Ասատը եւ ի՞նչ երաշխիքներ կան, որ զայն փոխարինողը պիտի չըլլայ «Իսլամական պետութիւն»-ը, պատճառ դառնալով ոչ միայն վերջին քիմիական յարձակման ժամանակուան 80 զոհերուն, այլեւ լրացուցիչ միլիոնաւոր զոհերու, ի լրումն կէս միլիոն մահացութիւններու սուրիական հակամարտութեան վերջին տարիներու ընթացքին: Միակ բանը, որ սուրիացի ժողովուրդը չ՛ուզեր` յարձակումներն ու արիւնայեղութիւններն են: Այն, ինչ անհրաժեշտ է անոնց`  դիւանագիտական յամառ ջանքերն են լուծում գտնելու հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար:

Բոլոր անոնք, որոնք Միացեալ Նահանգներու եւ ամբողջ աշխարհի մէջ մտահոգ էին, որ Թրամփ կրնայ անխոհեմ որոշումներ կայացնել եւ սպառնալ միջազգային խաղաղութեան, ցաւօք, ականատես եղան անոր առաջին նման միջադէպին՝ անոր առաջին 100-օրեայ նախագահութեան ընթացքին: Բոլորն ալ հիմա մտավախութիւն ունին, որ աւելի շատ  նման զէնք ճօճելու եւ անցանկալի ապակայունացնող յարձակումներ տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն աշխարհի այլ մասերու մէջ: Կը մնայ յուսալ, որ Թրամփ չէ նախաձեռնած յարձակումը Սուրիոյ վրայ, պարզապէս ուշադրութիւնը շեղելու համար իր բազմաթիւ ներքին խնդիրներէն, ինչպէս ան բազմիցս ըրած է այլ հարցերու վերաբերեալ վերջին շաբաթներու ընթացքին…

Վերջապէս, ի՞նչ եղան  Թրամփի` «Նախ Ամերիկան» եւ «Ես Միացեալ Նահանգներու նախագահն եմ եւ ոչ թէ աշխարհի» կրկնուող յանդուգն յայտարարութիւնները:

Թարգմանութիւնը` Ռուզաննա Աւագեանի