Թրամփ Տեղի Տուաւ Թրքական Ճնշումներուն` Չճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը


Յարութ Սասունեան


Ամէն տարի հայերն ու թուրքերը իրենց շունչը պահած կը սպասեն, որ տեսնեն` արդեօք Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր ամենամեայ Ապրիլ քսանչորսեայ ուղերձին մէջ պիտի օգտագործէ՞ ցեղասապանութիւն բառը հայերու զանգուածային ջարդերը նկարագրելու համար:

Սակայն, անոնք, կարծես թէ կը մոռնան, որ Միացեալ Նահանգները ոչ միայն ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլեւ ատիկա ըրած է բազմիցս՝ ամենաբարձր մակարդակներով. Ներկայացուցիչներու պալատը երկու անգամ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1975 եւ 1984 թուականներուն: Նոյն բանը ըրած է նախագահ Ռէկըն 1981ի Ապրիլ 22ին, իր նախագահական թիւ 4838 հռչակագիրով: Եւ ամենակարեւորը, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը` Արդարադատութեան միջազգային դատարան (Միջազգային դատարան) ներկայացուցած իր զեկոյցին մէջ 1951ին:

Հետեւաբար, այս բոլոր ճանաչումներէն ետք, ինչպէս ես բազմիցս նշած իմ խմբագրականներուս մէջ, հայերը այլեւս լրացուցիչ ճանաչման կարիք չունին Միացեալ Նահանգներու նախագահին կամ Քոնկրեսին կողմէն:

Այս տարի, շատերը հետաքրքրուած էին, որ արդեօք Թրամփը ընդհանրապէս հանդէս պիտի գա՞յ ուղերձով Ապրիլ 24ի առիթով եւ արդեօք պիտի օգտագործէ՞ Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրոյթը: Երբ 84 քոնկրէսականներ համատեղ նամակով դիմեցին Թրամփին եւ Մայք Սարեանի նման անհատներ Քալիֆորնիայէն կապուեցան Թրամփի վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ` յորդորելով նախագահին ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Սպիտակ տունը Ապրիլ 24ին հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ՝ զայն ցեղասպանութիւն անուանելէ հրաժարելով:

Լաւ լուրը այն է, որ հաշուի առնելով Թրամփի հայկական հարցերուն ծանօթ չըլլալու եւ որեւէ քարոզչական խոստում չտալու հանգամանքը, Թրամփի վարչակազմը ամբողջութեամբ չանտեսեց Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցը եւ այս յատուկ օրը նշեց յայտարարութեամբ, ինչպէս ատիկա ըրած են նախորդ քանի մը նախագահները: Թրամփի յայտարարութեան մէջ նշուած են Ցեղասպանութեան հիմնական փաստերը` հայերու զանգուածային ջարդերը ներկայացնելով իբրեւ «20րդ դարու վատթարագոյն զանգուածային վայրագութիւններէն մէկը: Օսմանեան կայսրութեան գոյութեան վերջին տարիներուն` 1915էն սկսեալ, մէկ եւ կէս միլիոն հայեր զոհ գացած են տեղահանութիւններու, կոտորածներու կամ մահուան երթերու»:

Մինչ հայերը հիասթափուած են, որ Թրամփը խուսափեցաւ օգտագործելէ Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրոյթը, թուրքերը ցնծալու ոչ մէկ պատճառ ունին: Ընդհակառակը, անոնք պէտք է ամչնան, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը իրենց նախնիները կը  մեղադրէ «20րդ դարու վատթարագոյն զանգուածային վայրագութիւններէն մէկը» իրագործելու համար եւ կը յիշատակէ մէկ ու կէս միլիոն հայերու ջարդը, որ թրքական կառավարութիւնը կը ժխտէ մինչ օրս…

Այնուամենայնիւ, վատ լուրը այն է, որ Թրամփը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չի ճանչնար իբրեւ ցեղասպանութիւն: Թրամփի օգնականները պարզապէս ընդօրինակած էին այն արձանագրութիւնները, որոնցմով հանդէս եկած էին՝ Օպաման, ութ տարի շարունակ եւ անկէ առաջ՝ նախագահներ Պուշն ու Քլինթընը, ներառեալ յիշատակելով «Մեծ Եղեռն» եզրոյթը, որ հայերէն բացի, ոչ մէկը կը հասկնայ, եւ ըստ միջազգային օրէնքի` իրաւական նշանակութիւն չունի ինչպէս ցեղասպանութիւն եզրոյթը կամ հայերէնով նոյնինքն «ցեղասպանութիւն» բառը: «Մեծ Եղեռն»ի կիրառումը սոսկ խորամանկ հնարք է խուսափելու ցեղասպանութիւն բառէն: Նախապէս ես այն դիրքրոշումը ունէի, որ եթէ ԱՄՆ նախագահը չի կրնար ճանչնալ ցեղասպանութիւնը, ուստի ան պէտք չէ վիրաւորէ հայ զոհերուն յիշատակը եւ ամերիկահայերու գիտելիքները, զայն յիշատակելով իբրեւ «ողբերգութիւն» եւ «վայրագութիւններ»: Երբ Թրամփի մամուլի խօսնակ Շոն Սփայսըրին հարցուցին Սպիտակ տան Ապրիլ քսանչորսեայ ուղերձին մէջ ցեղասպանութիւն եզրոյթին բացակայութեան մասին, ան լկտիաբար պատասխանեց, որ «ատիկա համահունչ է այն լեզուին, որ կրկին ու կրկին կիրառուած է (նախկին նախագահներուն կողմէ): Ապշեցուցիչ է, որ Թրամփը, որ միշտ կը հպարտանայ իր անկախ մտքերը բարձրաձայնելով եւ խստօրէն կը քննադատէ նախորդ նախագահներուն թերութիւնները, յանկարծ ինքզինք հպարտ կը զգայ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին անոնց անընդունելի գրաքննութեան հետեւելուն համար… Թրամփը զայրացուցած է բազմաթիւ մարդոց ամբողջ աշխարհի մէջ, երբ այս ամսուան սկիզբը Թուրքիոյ մէջ իրականացած հանրաքուէէն ետք, զանգահարած եւ շնորհաւորած է Էրտողանը՝ կեղծուած ընտրութեան առիթով, որ ընդլայնած է Էրտողանի բռնատիրական լիազօրութիւնները… Թրամփ կը նախատեսէ ընդունիլ Էրտողանը Սպիտակ տան մէջ այս տարուան Մայիսին…

Ես լիովին համաձայն եմ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Ամերիկայի հայկական համագումարի արձագանգներուն հետ՝ Թրամփի յայտարարութեան վերաբերեալ: Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարած է. «Նախագահ Թրամփ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտելու եւ յիշատակելու ամերիկեան քաղաքականութեան փոխարէն ընտրած է Անգարայի`«բերանը փակելու» քաղաքականութիւնը: Չկարենալով պատշաճ կերպով յարգել զոհերուն յիշատակը Ապրիլ 24ին` Թրամփը փաստօրէն ցեղասպանութիւններու կանխման ուղղուած ԱՄՆ քաղաքականութիւնը յանձնեց Ռեճեփ Էրտողանի ձեռքը` մեծամիտ ու մենատէր բռնապետին, որ հրապարակաւ կ՝ոլորէ ԱՄՆ նախագահներուն ձեռքերը` ստիպելով լռել միլիոնաւոր հայերու, յոյներու, ասորիներու եւ Թուրքիոյ միւս քրիստոնեաներու զանգուածային սպանութիւններուն մասին»: Ամերիկայի հայկական համագումարը յայտարարած է. «Նախագահին ուղերձը չկրցաւ կանգնիլ յանուն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, անիկա կը հակասէ ամերիկեան արժէքները եւ կը ներկայացնէ միեւնոյն անձնատուութիւնը թրքական մենատիրութեան առջեւ, որ պիտի արժէ շատ աւելի մարդկային կեանքեր»:

Ամերիկայի հայ համայնքի վաղեմի աջակից, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, նոյնպէս հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` դատապարտելով Թրամփի ուղերձին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրոյթին բացակայութիւնը. «Այսօր մենք հերթական հիասթափութիւնը ունեցանք նախագահէ մը եւս, որ հրաժարեցաւ 1915-1923 թուականներու մէկ ու կէս միլիոն հայերուն սպանութիւնը ճանչնալ իբրեւ ցեղասպանութիւն, ինչպիսին, որ անիկա կայ: Նախագահ Թրամփ միացաւ հանրապետական եւ ժողովրդավար այն նախագահներու երկար ցանկին, որոնք չէին ուզեր առճակատման երթալ Թուրքիոյ հետ, եւ հրաժարելով ատիկա ընելէ, ան կրկին ԱՄՆ դարձուց ժխտողական արշաւի մաս: Ի՞նչ բարոյական իրաւունքով կրնանք  խօսիլ Իսլամական Պետութեան ցեղասպանական արշաւին մասին ընդդէմ կրօնական փոքրամասնութիւններու Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, եթէ չենք ուզեր դատապարտել անցեալ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Եթէ նախագահը չի բարձրաձայներ, ուստի ատիկա պէտք է ընէ Քոնկրեսը, եւ ես կը միանամ իմ գործընկերներուն` հանրապետականներուն ու ժողովրդավարներու դէն` կոչ ընելով Քոնկրեսին ընդունելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւը»:

Քոնկրեսական Շիֆի հանդէպ ունեցած ողջ յարգանքով հանդերձ, ամերիկահայ համայնքը կարիք չունի Ներկայացուցիչներու պալատի բանաձեւի մը եւս, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին` 1975 եւ 1984 թուականներուն արդէն իսկ ընդունուած երկու բանաձեւերուն կողքին: Հայ ժողովուրդին միակ պահանջքը արդարութիւնն է` իր վիթխարի կորուստներուն հատուցումը, բռնագրաւուած մասնաւոր եւ համայնքային ունեցուածքի վերադարձը եւ բռնագրաւուած հայկական տարածքներուն ազատագրումը: Ահա թէ ինչ պէտք է պահանջէ Ներկայացուցիչներու պալատի յաջորդ բանաձեւը, եւ ոչ թէ ցեղասպանութեան ճանաչումը:

Վերջապէս, ես շատ ուրախ եմ, որ «Ուիքիլիքս»ը Ապրիլ 24ին իր թուիթըրեան էջի 4.6 միլիոն հետեւորդներու ուշադրութեան ներկայացուցած էր իմ նախորդ յօդուածներէս մէկը` անցեալ տարուան նախագահական ընտրութիւններէն առաջ Հիլըրի Քլինթընի կողմէն իր քարոզչութեան գլխաւոր օգնականներու` Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յայտարարութեամբ հանդէս գալու առաջարկը մերժելու մասին: