Թրքացած, Իսլամացած, Արաբացած եւ Ընդհանրապէս Օտարացած Հայերու Հարցը


Յ․ Պալեան

Գերխնդիր՝ որուն լուծման համար այսօ՛ր պէտք է կազմակերպուիլ, քանի որ ժամանակը որ կ’անցնի կը բարդացնէ կարելիութիւններու իրականացումը: Օդաչուները կ’ըսեն՝ «անվերադարձի կէտը», point of no-return: Միամիտ չըլլանք. մեծ է թիւը անոնց որոնք մնացած են անվերադարձի կէտի ետին:

Բռնագրաւուած Հայաստանի հողերուն վրայ դեռ կ’ապրին թրքացած եւ իսլամացած հայեր: Հայրենահանման հետեւանքով կարեւոր թիւ կը կազմեն արաբացած հայերը, քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ, նոյնիսկ անապատի ցեղախումբերու: Այս մասին խօսողներ միշտ եղած են, տրուած են թիւեր, քաղաքներու եւ գիւղերու անուններ:

Ներկայիս հայեր կ’օտարանան աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ, անոնց թիւը մեր ենթադրածէն աւելի է, հայրենահանուածներ, հին գաղթականներ, նոր գաղթողներ, Ասիա, Եւրոպա, Ռուսիա, Ամերիկաներ, եւ այլ աշխարհներ: Այս նոր օտարացման համար ահազանգ չկայ, լրագրողներ չեն խօսիր, քանի որ ջարդ չկայ, արիւն չկայ, ուշագրաւ եւ ցնցող չեն:

Լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ կ’այցելեն բռնագրաւեալ Հայաստան, հոն տարբեր պայմաններու մէջ եւ տարբեր ինքնութիւններով հայերու մասին հեռատեսիլային տեղեկութիւններ կը հաւաքուին: Նոր տեսակի օտարացումները լրատուութիւններու նիւթ չեն: Եթէ երբեմն մասնակի ուսումնասիրութիւններ ալ ըլլան,, օտարացման ընթացքի կասեցումը եւ օտարացածներու վերադարձի գծով նախաձեռնութիւնները օրակարգ չեն: Չի բաւեր ահազանգել:

Ներկայիս, սփիւռքեան «մեղմ» պայմաններու մէջ օտարացողներու մասին չի խօսուիր, երբ գիտենք որ այս օտարացումը ամէն օր կը կրծէ մեր շատ սիրած «հզօր» սփիւռքը՝ որպէս համրանք եւ որպէս որակ-ինքնութիւն: Ո՞վ այսօր կրնայ ըսել, որ շեփորուած տասը միլիոն սփիւռքահայերու ո՞ր տոկոսը այնյուսօրէն օտարացած է, ո՞ր տոկոսը ինքզինք առաւել կամ նուազ «համայնք»ի մէջ զգալով հանդերձ հայրենադարձութիւն-հայրենատիրութիւն կրնայ ընդունիլ:

Ղեկավարութիւններու կողմէ (Հայաստան եւ սփիւռքներ) երկու խմբաւորումները հայ կեանքի եւ ամբողջի մէջ առնելու ոչ գիտական ուսումնասիրութիւն կայ եւ ոչ ալ ծրագիր-քաղաքականութիւն: Անոնց «վերադարձ»ը խօսքով եւ յօդուածներով կարելի չէ իրականացնել: Բայց զգացական առատաբանութիւն կայ: Բարձրախօսային-հեռատեսիլային աղմուկը փուչիկ է, երբ այս հիմնահարցը կը սեւեռենք: Կը սեւեռենք՝ որպէս ճառի զարդարանք, համոզուածները համոզելու համար, այդքան, ան օրակարգ չէ:

Որպէսզի սփիւռքները, իրենց համրանքով եւ ձեռք բերած ուժովհայրենիքի հզօրացման իսկական ազդակ ըլլան, առաջին հերթինհայրենադարձութիւնը պիտի իրականցանեն, ապա պիտի պահեն գէթ այդ միտումի առկայութիւնը, երբ կ’ըսուի, թէ կը սպասուին «վերադարձի համար աւելի լաւ օրեր»…: Մինչ այդ, գաղտնիք չէ,սփիւռքները կը մաշին տարտղնումով, լեզուի կորուստով, խառնամուսնութիւններով, ինքնութեան աստիճանական կամամբողջական անհետացումով: Նոյնիսկ աշխարհագրական սեղմ շրջանակի համար, ոչ ոք իսկապէս լուսաբանող թիւեր կրնայ տալ, կացութեան իրատեսական պատկերացումը ներկայացնել:

Ղեկավարական իսկական միտքը իրատեսութեամբ կը յատկանշուի: Երբ տեսողութիւնը կը սահմանափակուի անտառը ծածկող միակ ծառով մը, կը բաւարարուինք հրավառութիւններով, սրահները յուզող երգախառն աղմուկով, մխիթարուելով եղածով, առանց երբեք հաշուի առնելու սրահ(ներ)է դուրս եղող զանգուածները, ապահովաբար՝ մեծամասնութիւնը:

Սփիւռքները, համայնքայինէ անդին նայող ղեկավարումի պէտքունին: Ինչպէ՞ս անոնք պիտի մնան ազգի աւազանին մէջ: Սփիւռքներու մէջ տեւաբար կ’աճի հայրենադարձութիւնը անկարելի համարելու հոգեկան անկումը: Աւելի բնական դարձած է մտածել մրրիկներէ հարուածուող Ֆլորիտա հաստատուելու մասին, քան գեղատեսիլ Լոռի, եթէ դեռ լսած ալ ըլլան թէ ի՞նչ բան է եւ ո՞ւր է այդ Լոռին:

Օտարացածներու վերադարձի եւ օտարացման կանխարգիլման աշխատանքը կը կազմակերպուի, եթէ գաղափարախօսական, ազգային եւ քաղաքական կամք ցուցաբերուի Հայաստանի եւ սփիւռքներու ազգային բովանդակութեամբ կազմակերպութիւններուն կողմէ: Երբեմն կը մտածեմ, որ եթէ նուազ փոթորիկ ստեղծենք ցեղասպանութեան ճանաչումներու համար, որոնք զոհերը պիտի չկենդանացնեն, եւ զբաղինք օտարացածներու վերահայացումով, եւ քայլ մըն ալ առաջ երթալով՝ հայրենադարձութեամբ, աւելի երախտաշատ աշխատանք կը կատարենք:

Այս հիմնահարցի մասին հարկ է խօսիլ, արտայայտուիլ, հաւաքաբար մտածելու ենթահող պատրաստել: Հայաստանի պետութիւնը կրնայ առնել առաջին քայլը որակաւոր խորհրդաժողով մը հրաւիրելով, ոչ դասական ներկայացուցիչներով, նախ կացութիւնը գնահատելու, ապա ուսումնասիրութիւն կատարելու, եւ մտածելու միջոցներու մասին:

Շատեր կարդացած ըլլալու են, որ առաջին աշխարհամարտէն ետք, մէկ հայ որբ գտնելու եւ ազգին վերադարձնելու համար, մարդիկ հարիւրաւոր քիլոմեթրներ կը քալէին: Օտարացածները ժամանակակից հայութեան որբերն են, անօթի չեն, չարչարանքի ենթակայ չեն, բայց ազգին յարաբերաբար որբ են: Այս գիտակցութեամբ եթէ առաջնորդուինք, թերեւս փրկուողներ կ’ըլլան: Պարզ չէ՞ միթէ, որ օտարացումը, ազգի տեսանկիւնէ, ջարդէն տեսակարար տարբերութիւն չունի, նոյնիսկ եթէ հայկական անուններ հնչեն աստ եւ անդ:

Բախտաւոր պարագային կը գոհանանք օտարացածներու «հայասիրութեամբ» եւ կամ զբօսաշրջութեամբ: Հարցը այլ է. վերականգնել ազգի համրանքի հզօրութիւնը եւ նոյն հունով՝ իմացական-ստեղծագործական հարազատ ներուժը: