Ժիրայր Սէֆիլեան Դատապարտուեցաւ 10.5 Տարուան Ազատազրկման


ԵՐԵՒԱՆ․- Նախկին ազատամարտիկ, «Հիմնադիր Խորհրդարան»ի առաջնորդ Ժիրայր Սէֆիլեան դատապարտուեցաւ 10.5 տարուան ազատազրկման:

Դատաւոր Տաթեւիկ Գրիգորեանի հրապարակած դատավճռով Գէորգ Սաֆարեան դատապարտուեցաւ 5 տարի 6 ամիս ազատազրկման: Գործով Ներսէս Պօղոսեան դատապարտուեցաւ 3 տարի 6 ամիս ազատազրկման, Գալուստ Գրիգորեան` 3 տարի, Հրայր Թօփչեան` 3 տարի, Սասունիկ Կիրակոսեան` 3 տարի 6 ամիս, Յովհաննէս Պետրոսեանը` 2 տարի ժամկէտով ազատազրկման:

Նշենք, որ մեղադրողը Ժիրայր Սէֆիլեանի համար պահանջած էր 11 տարուան ազատազրկում։

Յիշեցնենք, որ Ժիրայր Սէֆիլեան կը մեղադրուէր զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու եւ զէնքի գործադրմամբ շէնքեր, շինութիւններ զաւթելու նախապատրաստութեան մէջ: