Ժխտել Երէկուան Կոտորածները, Կը Նշանակէ Թոյլ Տալ Նման Կոտորածներու` Վաղը. Ֆրանսուա Հոլանտ


«Արմենփրես»․- Ժխտել երէկուան կոտորածները, կը նշանակէ թոյլ տալ նման կոտորածներու վաղը: Նման յայտարարութեամբ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ճաշկերոյթի ընթացքին ըսած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ` անդրադառնալով Ֆրանսային Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ «Հաւասարութեան եւ քաղաքացիութեան» մասին օրէնքին մէջ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող դրոյթներու հակասահմանադրական ճանչնալուն:

«Ես կ՛ողջունեմ Ժան Փոլ Քոսթայի կողմէ կատարուած աշխատանքին որակը, որ քաղաքացիութեան եւ հաւասարութեան մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու հեղինակն էր»,­ նշած է Ֆրանսայի նախագահը:

Անոր խօսքով` անհրաժեշտ է շարունակել քայլեր կատարել, քանի որ այս հարցով պայքարը ոչ թէ միայն մէկ քայլ է, այլ պայքար ճշմարտութեան համար: Ան յիշեցուցած է, որ Ֆրանսայի կրթութեան նախարար Նաճաթ Վալոպելքասեմի եւ պատմաբան Վինսեն Տիւքլերի համանախագահութեամբ ստեղծուած է առաքելութիւն մը, որուն նպատակն է «Հիմնել բոլոր ցեղասպանութիւններու, պատերազմի յանցագործութիւններու, որոնց մէջ` Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի միասնական օր մը»:

Անդրադառնալով հայ­-ֆրանսական յարաբերութիւններուն` Ֆրանսուա Հոլանտ յիշեցուցած է, որ 2017ին կը լրանայ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25ամեակը: «Ես հրաւիրած եմ նախագահ Սարգսեանը պաշտօնական այց կատարելու Փարիզ, որ տեղի պիտի ունենայ Մարտ 8ին` կանանց տօնին: Ատիկա հնարաւորութիւն է անդրադառնալու տնտեսական, մշակութային յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ համալսարանական համագործակցութեան: Միաժամանակ, պիտի քննարկենք նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը, քանի որ Ֆրանսան այս հարցով առանձնայատուկ պատասխանատուութիւն ունի: Այս հակամարտութեան լուծում գտնելը հրատապ հարց է», շեշտած է ան:

Եզրափակելով խօսքը` Հոլանտ բարձր գնահատած է նաեւ Ֆրանսայի հայ համայնքին դերը: «Այստեղ մենք կը խօսինք Ֆրանսայի լաւագոյն մասի հետ, քանի որ դուք Ֆրանսայի լաւագոյններն էք: Նոյնիսկ Մայիսէն ետք ես մշտապէս պիտի ըլլամ ձեր կողքին, քանի որ միշտ ալ եղած եմ: Չեմ ունենար միեւնոյն պատասխանատուութիւնը, սակայն կ’ունենամ միեւնոյն համոզումները»,­ ամփոփած է ան: