Ժպտա՛, Բարեկամ


Րաֆֆի Սարգիսեան
Թորոնթօ, Օնթարիօ, Գանատա
 

    Րաֆֆի Սարգիսեան

Մի՛ վհատիր, սիրելի բարեկամ,

ժպիտդ պահէ դէմքիդ պայծառ,
մի յանձնուիր այս դժուարութեան:
Պայմանները թէ մութ,
խաւարը սաստիկ անգութ,
ժպիտդ թող ճեղքէ դանակի պէս՝
կեանքի այս ցաւերը նենգ:
 
Մի՛ վհատիր, սիրելի բարեկամ,
այդ ժպիտդ որպէս զրահ՝
պահէ որպէս հոգիիդ պաշտպան,
պահէ դէմքիդ որպէս գոհար,
պահէ դէմքիդ որպէս գանձ,
որ փայլիս եւ փայլեցնես՝
յոյս եւ լոյս ձնծաղկի ի խնամք:
 
Մի՛ վհատիր, սիրելի բարեկամ,
թող շողայ յաւետ մահուան ալ դէմ՝
ժպիտդ, այդ ժպիտդ վսեմ,
որպէս «Առաւօտ Լուսոյ» Շնորհալի
որպէս աղօթք սուրբ՝ Արեւագալի
որպէս խունկ՝ Անդաստանի,
որ ծաղկիս եւ ծաղկեցնես
այս գարնան՝ թէ իսկ թուայ ցուրտ: