«Իմ Արցախ» Նախագիծով Տանիէլ Տեքըր Շուշիի Մէջ Համերգ Ունեցաւ


(Արցախփրես).- Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ` «Իմ Արցախ» նախագիծի ծիրէն ներս, Սեպտեմբեր 3ին, Շուշիի մէջ տեղի ունեցած է ամերիկացի երգիչ եւ երգահան Տանիէլ Տեքըրի համերգային երեկոն` Հայաստանի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբի կատարումով` գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խաբավար` Հայաստանի վաստակաւոր արտիստ, փրոֆէսըր Նորայր Դաւթեանի գլխաւորութեամբ:

Երեկոյին ընթացքին Տանիէլ Տեքըրը հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով կատարած է հայկական ժողովրդական երգեր:

Համերգի ընթացքին Տեքըրը զուգերգերով հանդէս եկած է երգիչներ Լէյլա Սարիբէկեանի, Համլէթ Գէորգեանի, Եւա Եկանեանի, Անահիտ Շահբազեանի, Մաշա Մնջոյեանի հետ` նուագելով նաեւ դաշնամուրի վրայ: Ձեռնարկին հնչած է նաեւ Տանիէլ Տեքըրի «Արաքս» երգի անդրանիկ ներկայացումը խօսքերուն հեղինակը Տանիէլ Տեքըրն է, երաժշտութիւնը Արա Գէորգեանին:

Երգիչը նաեւ բեմէն ցուցադրած է իր հայկական անձնագիրը: Ան ըսած է, որ առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուի Արցախ:

«Ես անչափ ուրախ ու հպարտ եմ, որ կը գտնուիմ Արցախ եւ կ՝երգեմ  արցախցիներուն համար` արժանանալով նման ջերմ ընդունելութեան: Այստեղ եմ, որ քաջալերեմ արցախցիները եւ ցոյց տամ, որ մենք միշտ կանգնած ենք ձեր թիկունքին: Հայոց պատմութիւնը ուսումնասիրելով` տեղեկացայ սարսափելի իրադարձութեան` Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ որոշեցի, որ ես անպայման պիտի երգեմ «Ատանա» երգը:

Ես կը հասկնամ երգերուս իմաստը, եւ այդ է, որ ինծի կը ստիպէ երգել սրտիս խորքէն:  Ի հարկէ, ես ամէնուր կը խօսիմ ե՛ւ Ցեղասպանութեան, ե՛ւ Արցախի խնդիրին մասին եւ կոչ կ՝ընեմ աշխարհի բոլոր հայերուն, որպէսզի միաւորուած ըլլան», ըսած է Տեքըր:

Խօսելով Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակ»ին մէջ յայտնուելու մասին` երգիչը ըսած է, որ այդ հարցով ինքը խնդիր չի տեսներ:

Համերգէն ստացած իր տպաւորութիւններով կիսուած է «Վարանդա» մանկապատանեկան, երիտասարդական պետական երգչախումբի հիմնադիր Զաքար Քէշիշեան:

«Շատ ոգեւորուած եմ, որովհետեւ Շուշիի կը գտնուի Հայաստանի յայտնի երաժշտախումբերէն մէկը` Հայաստանի  ազգային  նուագարաններու  պետական   նուագախումբը`  Նորայր  Դաւթեանի գլխաւորութեամբ», ըսած է Զ.Քէշիշեան եւ ընդգծած, որ «Աշխարհը պէտք է նաեւ այս ձեւով ճանչնայ մեզի, որովհետեւ այն նշանաւոր, հանրայայտ մարդիկ, որոնք կը սիրեն մեզ եւ կը հաւատան մեր դատին, մեր կողքին են եւ կ՝ուսումնասիրեն մեր պատմութիւնը, կը ծանօթանան մեր չքնաղ երկրին եւ կը ձգտին մեր ունեցածը ներկայացնել աշխարհին` թէ՛ քաղաքական, թէ՛ մշակութային, թէ՛ ճանաչողական իմաստներով: Ես կը կարծեմ, որ Տանիէլ Տեքըրին պիտի միանան շատ ու շատ արուեստագէտներ»: