«Իմ Քայլը» Խմբակցութիւնը Օրհներգը Փոխելու Վերաբերեալ Օրակարգ Չունի


«Իմ Քայլը» խմբակցութեան ղեկավար` Լիլիթ Մակունց

Արմէնփրէս.- Ազգային ժողովի «Իմ Քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունց Երկուշաբթի, 4 Փետրուարին, լրագրողներու յայտնեց, որ «Պաշտօնապէս յայտնում եմ, որ խմբակցութիւնում օրհներգը կամ որեւէ խորհրդանիշ փոխելու հետ կապուած օրակարգ չկայ»:

Ըստ Մակունցի՝ խորհրդանիշները փոխելու վերաբերեալ պէտք է չափազանց զգուշաւոր ըլլալ եւ կարելի չէ ամէն առիթով դիտարկել փոփոխութիւններու հարցը: «Սակայն իմ անձնական կարծիքն օրհներգի հետ կապուած արդէն յայտնել եմ», ըսաւ Մակունց:

Նշենք, որ մամուլին մէջ լայն շրջանառութիւն ստացան օրհներգը փոխելու վերաբերեալ քննարկումները: Հասարակական ցանցերու վրայ հարցը հրապարակ հանած էր Ազգային ժողովի փոխնախագահ, «Իմ Քայլը» խմբակցութեան անդամ Ալեն Սիմոնեան՝ արժանանալով բուռն քննադատութեան թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ: