Ինչո՞ւ Ոչ Հայերէն


Վրէժ Արմէն   


Երբ կը խօսինք հայերէնի վտանգուած լեզու ըլլալուն մասին, մեր միտքը առաջին հերթին կ՛երթայ արեւմտահայերէնին, քանի որ ականատեսը կ՛ըլլանք, կամայ-ակամայ՝ անոր հետզհետէ նուազ գործածութեան, իրարու յաջորդող նոր սերունդներուն կողմէ, մասնաւորապէս եւ անոր սխալ ու խաթարուած գործածութեան՝ բոլորիս կողմէ ընդհանրապէս։

Սակայն կայ ուրիշ իրողութիւն մը, որ հայերէնի վերապրումին կ՛առնչուի ու կը վտանգէ անոր գոյութիւնը, այդ ալ շարունակական ու հետզհետէ առաւել աղաւաղումն է արեւելահայերէնին, ինչպէս որ անիկա կը գործածուի մեր հայրենի մամուլին մէջ, եւ ո՛չ միայն մամուլին։ Արդարեւ, հայրենիք «ուխտի՜ գացող» սփիւռքահայերս մշակութային ցնցումի կ՛ենթարկուինք Երեւանի մէջ՝ տեսնելով «սուպերմարկետ»ները, «բանկ»երն ու մասամբ նորին՝ խանութներու կամ հաստատութիւններու ճակատին։ Եթէ այս երեւոյթը պետական լեզուական պատասխանատուութեան մը թերացման կամ յստակ քաղաքականութեան մը բացակայութեան հետեւանք է, մամուլի ճամբով կատարուող աղաւաղումները կը բխին թէ՛ հաւաքական սայթաքումներէ, այս պարագային ԶԼՄներու (զանգուածային լրատուական միջոցներու), որ mass media-ի հայերէն համազօրն է, որուն գործածութիւնը ընդհանրացած է( սեփականատէրերու անփութութեան կամ անտարբերութեան պատճառաւ, եւ թէ անհատական, այսինքն անհատ գրողներու, լրագրողներու թերացումէն՝ ճիշդ ու մաքուր հայերէնով գրելու իրենց լրատուութիւնն ու վերլուծումները, յօդուածները։ Հոս կայ ի հարկէ նաե՛ւ պետական պատասխանատուութիւն մը, նախ որովհետեւ քաղաքական դէմքերը նոյնպէս կը սահին-կ՛իյնան կոխելով լեզուական պանաններու (կամ բանաններու) իրենց քայլերուն առջեւ նետուած կեղեւներուն վրայ, ապա որովհետեւ չի գործադրուիր լեզուն անաղարտ պահելու ազգային քաղաքականութիւն, եւ չեն գործեր նման քաղաքականութիւն գործադրելու անհրաժեշտ լծակները։

Այսպէս, Երեւանի փողոցներէն քալող անցորդներու ստացած հարուածներուն նման հարուածներ կը ստանան մամուլի էջերը թղթատող ընթերցողները։ Ես ինքս, նոյն տագնապը կ՛ապրիմ ամէն առաւօտ, երբ կը բանամ «Երկիր»ի կայքէջը։ Կ՛ակնկալեմ, որ անիկա՛, որպէս դաշնակցական մամլոյ անդամ, առաջին հերթին ի՛նք նախանձախնդիր ըլլայ լեզուական բծախնդրութեան, մաքրութեան, բայց աւա՜ղ, միւսներուն նման ինք եւս կ՛իյնայ նոյն թակարդներուն մէջ ու կ՛ողողուի օտարաբանութիւններու հեղեղով մը։ Տակաւին ափսոս, որ իր լրատուութիւններուն մէջ անիկա ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս… Yerkir.am, որ հասկնալի է, թէ իր ելեկտրոնային կայքէջին անունն է, թէեւ անոր վերեւ, ձախին, մեծադիր ու յստակ գրուած է «Երկիր»։

Նախ քան ընդվզումիս պատճառ հանդիսացող քանի մը օրինակներ տալս, տեսնենք, թէ ի՛նչ կը գրէ ուրիշ մը, օտարաբանութիւններով, այս պարագային՝ անգլիաբանութիւններով ի՛ր լեզուին շարունակական աղաւաղման առնչութեամբ։  Մոնթրէալի Le Devoir օրաթերթի 3 Նոյեմբեր 2016ի առաւելաբար լեզուական հարցերու նուիրուած իր շաբաթական սիւնակին մէջ Jean-Benoit Nadeau, իր յօդուածը վերնագրելով Les anglicismes («Անգլիաբանութիւնները»), կ՛անդրադառնայ այս հարցերուն նուիրուած համաժողովի մը, ուր կը քննարկուէր յատկապէս բառերու, նո՛ր բառերու կամ փոխառեալ բառերու գործածութեան հարցը։ Այնտեղ յաճախ յիշուեր է հետեւեալ ասոյթը. L՛usage a toujours raison, meme quand il a tort («Գործածութիւնը միշտ իրաւացի է, նոյնիսկ եթէ կը սխալի»)։ Ահա իր եզրակացութիւնը.

«Փոխառութիւնը, հիմնականին մէջ, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ կարճուղի մը (բառը կ՛առաջարկեմ raccourci-ի դիմաց)։ Ասիկա հասկցող եզրաբանը (terminologue) բառին գործածութիւնը նկատի ունի։ Արհեստապետական (կ՛առաջարկեմ technocratique-ի դիմաց, փոխան հայաստանցիներու «տեխնոկրատական»ին, այսինքն վերէն՝ լեզուաբաններու կողմէ պարտադրուած) լուծում մը, որ չի յարգեր այս չափանիշը՝ երբեք պիտի չորդեգրուի։ Ինչո՞ւ գործածութիւնը միշտ իրաւացի է, նոյնիսկ երբ սխալ է, որովհետեւ կը ղեկավարուի ժամանակին կողմէ, այն ժամանակին, զոր չունինք»։

Շատ հասկնալի է ըսուածը։ Գրողը, մանաւանդ լրագրողը, որ սրաթռի՜չ արագութեան այս դարուն վայրկեանը վայրկեանին պիտի հասցնէ իր տեղեկատուութիւնը կամ յօդուածը, յաճախ քունն ալ փախցնելով, երբ լեզուի առօրեայ, պիտի ըսէի առտնին գործածութեան մէջ քիչ երեւցող հայերէն բառ մը պիտի փնտռէ, աւելի հեշտ ու դիւրին կը գտնէ օտար բառը հայերէն տառադարձելով գործածելը, քան թէ մայրենիին մէջ արդէն գոյութիւն ունեցող, բայց իր չգիտցած կամ չյիշած բառը բառարանին մէջ որոնել-գտնելը։ Նոյնը մանաւանդ օտարաբանութիւններու պարագային, երբ չունինք տակաւին դիւրամատչելի առցանց բառարան մը, ուր միջազգային մամուլին մէջ օրը օրին ստեղծուող նորանոր բառերը կը հայացուին ու կ՛առաջադրուին։ Բայց այդ ըլլալու համար, նաեւ ունենալու ենք այն «արհեստապետութիւն»ը, այսինքն լեզուական կաճառը, որ յիշուեցաւ վերեւը, որ անհրաժեշտ հետեւողականութեամբ պիտի կատարէ իր գործը։ Ահա պետական մարտահրաւէր մը, որուն մասին կը խօսուի, բայց որ տակաւին կ՛երեւի առաջնահերթութեան չի վերածուիր։

Ահա ուրեմն քանի մը մարգարիտ, առնուած «Երկիր»ի 18 Հոկտեմբեր 2016ի «Հարցը Կտրուկ Է Դրել» լրատուութենէն.

– «Օպտիմալացումներ», որ գոյութիւն չունեցող բառի մը «հայացում»ն է. optimize, optimiser եւ ոչ՝ optimalize, optimaliser. այսինքն՝ արդիւնաւէտ դարձնել, ամենաբարենպաստ պայմանները ստեղծել, եւ նո՛ր բառով մը՝ լաւարկել (տես Խաչիկ Գրիգորեանի ու Զարուհի Գրիգորեանի «Անգլերէն-Հայերէն Արդի Բառարան»ը, «Անկիւնաքար», Երեւան 2010)։

– «Սեկտոր» – ոլորտ (տես «Ֆրանսերէն-Հայերէն Բառարան», Ամալիա Մուրատեան գլխ. խմբ., «Փրինտինֆօ», Երեւան 2010)։

– Տակաւին՝ «էլեմենտներ» (տարրեր), «թիմ» (խումբ, անձնակազմ), «պլան» (ծրագիր եւ այլն, բայց այստեղ գործածուած «հարթութիւն» իմաստով – plane), «տեմպ» (թափ), «պրոբլեմ» (խնդիր)։

Ինչպէս կը տեսնէք, բացի մէկ նորաբանութենէ, բոլոր մնացեալ բառերը գիտցուած, սովորական եզրեր են, որոնք դիւրաւ կը հասկցուին։ Ինչո՞ւ չեն օգտագործուիր։ Ինչո՞ւ հայերէնը այդքան դիւրութեամբ տեղի կու տայ անգլերէնէն կամ ֆրանսերէնէն արշաւող փոխառութիւններու առջեւ։

Այս առնչութեամբ նաեւ աւելցնեմ փակագիծի մէջ, այդ ամէնով հանդերձ պէտք է ընդունիլ, որ Հայաստանի մէջ շատ բարեհունչ եւ իմաստալից հայերէն նոր բառեր ալ կը ստեղծուին, նոյնիսկ խորհրդային օրերէն ի վեր։

Ընդունինք, որ ապրող լեզու մը տեւաբար կը նորոգուի, կը հարստանայ նոր բառերով՝ օգտուելով բոլոր այն լեզուներէն, որոնց հետ կ՛առնչուի անիկա։ Ընդունինք, որ յաճախ կը պատահի, որ նորաբանութիւններ նոյնութեամբ կ՛անցնին մէկ լեզուէն միւսը, մանաւանդ իրարու «ցեղակից» լեզուներու պարագային, սակայն պէտք չէ հրաժարիլ նոր բառեր կերտելու հայերէնի բնածին կարելիութիւններէն։ Միւս կողմէ, առկայ բառերը, թէկուզ նո՛ր իմաստ տալով անոնց, երբեք մէկ կողմ պէտք չէ դրուին։

Լսող կա՞յ։