Ինչպէ՞ս Նուազեցնել Աղքատութիւնը


Կարօ Արմենեան


Ի վերջոյ պէտք է ընդունիլ, որ աղքատութեան ներկայ ծաւալները չեն կրնար մշտնջենական ըլլալ Հայաստանի մէջ: Անոնք կառավարութեան (կամ մեզի) պիտի չսպասեն «բարելաւուելու» համար: Մենք ունինք ուշիմ, տաղանդաւոր եւ ձեռներէց ժողովուրդ մը, որ ձեռնածալ պիտի չնստի եւ պիտի չսպասէ, որ պետական համակարգը բարեհաճի մաքրել տնտեսութիւնը իր մակաբոյծներէն (մենաշնորհի տէրերէն): Ան դուրս պիտի գայ իր հայրենի տնտեսութենէն եւ պիտի գաղթէ:

Հայաստանի կողքին նստած է Ռուսաստանի հսկայածաւալ տնտեսութիւնը, որ անյագ ախորժակ մը ունի հայկական աշխատուժին համար: Այս վերջինը իր տարերային մագնիսականութեամբ պիտի շարունակէ խմել մեր աշխատուժը եւ հետզհետէ հալեցնել աղքատութեան ծաւալները Հայաստանի մէջ: Մենք, որպէս ազգ, ոչինչ ընելու պարտադրանքին տակ կը գտնուինք, եթէ մեր միակ նպատակը աղքատութիւնը չքացնելն է… Այդ հարցը լուծուած համարեցէք: Աղքատութեան հարցը լուծելու ամէնէն հեշտ ձեւը այս է: Հարցը ինքզինք պիտի լուծէ:

Բնականօրէն այս ձեւը կը կացինահարէ մեր երկրի լինելիութեան արմատները եւ, հետեւաբար, մենք պարտաւորուած ենք այս դիւրին ճամբան մերժելու: Մենք պարտաւորուած ենք մեծ քանակութեամբ ԻՐԱԿԱՆ աշխատատեղեր ստեղծելու, եւ այդ մէկը կարելի է միայն ազգային եկամուտի վերաբաշխման հարցը լուծելով: Այսինքն` տնտեսութեան ներքին վերաներդրումային հոլովոյթը առողջացնելով, որ իր կարգին կ՛ենթադրէ` մենաշնորհային համակարգի կազմաքանդումը, մրցակցային դաշտի վերականգնումը, տնտեսութեան շնչերակներու վերաբացումը:

Խնդիրը այն է սակայն, որ պետական համակարգը այլեւս ձգձգման լուսանցքներ չունի: Աղքատութեան հարցի լուծման առաջին կերպարը (model), որ վերեւ նկարագրուած տարերային կերպարն է, արդէն իր աշխուժ ընթացքին մէջ է: Պետական համակարգը այդ խոյացող վայրաշարժին ետեւէն ՀԱՍՆԵԼՈՒ խնդիր միայն ունի այսօր: Լոզունգներն ու բանաձեւերը վարկաբեկուած են ի սկզբանէ: Արագ, վճռական, արմատական եւ արդիւնաւէտ գործի ժամանակն է: Արդէն շատ խօսուեցաւ այն մասին, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ ՀՀ վարչապետը յառաջիկայ ապրիլին: Ո՛վ ալ որ ըլլայ, պէտք է յստակ գիտնայ, որ արդէն իսկ ետ մնացած է ինք: Արդէն իսկ ժամանակը սկսած է քալել իր քաղաքականութեան վրայէն: Ասիկա այն վարչապետն է, եւ այն կառավարութի՛ւնը, որ մեղրալուսին պիտի չունենայ: Այն վարչապետն է, որ ընդդիմութիւն չունի, բայց ունի հուժկու ախոյեան մը իր դիմաց: Հայկական աշխատուժին համար մրցող ռուսական եւ համաշխարհային շուկա՛ն:

Եւ այս անհաւասար (բայց տակաւին յուսալի) պայքարին մէջ զինք իր թիկունքէն հարուածողը ոչ այլ ոք է, քան` իր անմիջական մերձաւորութեան մէջ գտնուող մենաշնորհային համակա՛րգը: Այսքա՛ն պարզ:

21 Մարտ 2018
Ուաշինկթըն