«Ինչքան Կայ Հայրենիքի Ապրելու Կամքը, Մենք Կը Մնանք Արցախի Կողքին…»․ Ռուբէն Ճանպազեան


 Լուսանկարները՝ «Ամարաս» թերթին

«Ամարաս»,- Ռուբէն Ճանպազեանը Թուֆէնքեան բարեգործական հիմնադրամի հանրային կապերու տնօրէնն է: Ծնունդով Թորոնթոցի է. մէկ տարի առաջ տեղափոխուած է Հայաստան: Փետրուարէն ի վեր ան կ՛աշխատի Թուֆէնքեան բարեգործական հիմնադրամէն ներս: 

«Արցախի ժողովրդին օգնելու համար ամենազդեցիկ ձեւը կեդրոնանալն է աշխարհագրական մէկ վայրի վրայ՝ համագործակցելով պատկան մարմիններու հետ. պատերազմէն ետք որոշեցինք, որ այդ վայրը ըլլայ Մարտունիի շրջանի Հերհեր ու անոր հարակից գիւղերը: Մեր գործունութիւնը կը ծաւալենք նաեւ Մարտունի քաղաքէն ներս», իրականացուող աշխատանքներու մասին մեր հանդիպման ժամանակ ներկայացուց Ճանպազեան:

Թուֆէնքեան հիմնադրամն իր գործունութիւնը Հայաստանի մէջ սկսած է 1999-ին. 2003-էն աշխատանքներ կը ծաւալէ նաեւ Արցախի մէջ: Ծրագիրներու մեծ մասը Քաշաթաղի շրջանին մէջ կ՛իրականացնէր: Արցախեան վերջին պատերազմէն յետոյ հոգաբարձուներու եւ աշխատակազմի հետ համատեղ որոշեցին շարունակել աշխատանքը Արցախի Մարտունի շրջանին մէջ: «Քանի այստեղ հայ կայ, քանի գիտենք, որ սա մեր բնիկ հողն է, մենք պիտի ըլլանք այստեղ՝ մեր ժողովուրդի կողքին», կ’ըսէ ան։

Արդէն հիմնովին վերանորոգուած իններորդ տունն է, որ շահագործման յանձնուած է պատերազմէն ետք: Հիմնադրամը կը տրամադրէ կենցաղային օգտագործման տարբեր պարագաներ. շահառուները զոհուած ու վիրաւոր զինծառայողներու անապահով ընտանիքներն են:

Ընտանիքներու ընտրութիւնը կը կատարեն համագործակցութեամբ պետական տարբեր մարմիններու՝ նախարարութիւններու, յանձնաժողովներու հետ: Արցախէն կ’օգնեն տեղեկութիւններ տրամադրելով, որ կարողանան ճիշտ ու նպատակային օգտագործել միջոցները:

Պատասխանատուի խօսքերով՝ տուներու շինարարութիւնէն բացի Մարտունիի շրջանին մէջ կը շարունակեն բուժկէտերու վերանորոգման աշխատանքները: Անոնք գիւղերուն մէջ միակ բուժօգնութիւն մատուցող կէտերն են, որոնք նոյնպէս բարեկարգման լուրջ կարիք ունին:

Նաեւ կրթական համակարգին մէջ կ’աշխատին՝ դպրոցներու վերանորոգում, դպրոցական ծրագիրերու օժանդակութիւն: Վերջերս Մարտունիի 29 կրթօջախներու նուիրած են տարրալուծարանի սարքաւորումներու հաւաքածուներ: Կը հաւատան, որ հաւաքածուները կ’oգնեն աշակերտներուն փորձառութիւն ձեռք բերել եւ գործնական աշխատանքով սորվիլ:

Պատերազմը նոյնիսկ հիմնադրամի գործելաոճը փոխեց. Թուֆէնքեան հիմնադրամը երբեք սնունդի բաշխումներ չէր իրականացուցած: Յետպատերազմեան շրջանին Հերհերի ու Խնուշինակի մէջ սնունդի բաշխումներ կատարած են, որովհետեւ համայնքներու ղեկավարները որպէս առաջնահերթութիւն անոր մասին նշած էին: Ուր որ կարիք կայ՝ հիմնադրամի հնարաւորութեան սահմաններու մէջ կ՛աջակցին:

«Աշխարհի չորս կողմէն նուիրատուներ ունինք՝ Ամերիկաներէն մինչեւ Եւրոպա, Եւրոպայէն մինչեւ Միջին արեւելք ու Հայաստան: Մեր կողքին են, որովհետեւ կը հաւատան մեր աշխատանքին, նաեւ՝ Արցախի մեր աշխատակազմին, որ քաջատեղեակ է տեղի խնդիրներուն:

«Մեր շնորհակալութիւնը պիտի յայտնենք Արցախի ժողովուրդին: Դժուար է, բայց ինչքան կայ արցախեան ժողովուրդը, հայրենիքի ապրելու կամքը, մենք կը մնանք Արցախի կողքին: Սա մեր մէջքը ուղղելու համար է, որ կրնանք հայրենիք պահել ու զարգացնել: Այստեղ բոլորս տուժած ենք: Կը կարծեմ, որ դժուարութիւնը ժամանակաւոր է: Ապագային պիտի անցնինք նոր՝ տնտեսական, ընկերային զարգացման նպաստող ծրագրերու իրականացմանը», նշեց ան:

Ապագայ ծրագիրներուն անդրադառնալով՝ Ճանպազեան աւելցուց, որ բնակարաններու եւ առանձնատուներու վերանորոգումները կը շարունակուին: Կայ եւս հինգ տուն, որոնց վերանորոգման աշխատանքները ընթացքի մէջ են կամ շուտով պիտի շահագործուին. կը շարունակուի նաեւ բուժկէտերու վերանորոգումները եւ կրթական ծրագրերը:

«Մարտունիի ժողովուրդը դիմադրող ժողովուրդ է ու առաջին անգամը չէ, որ կը գտնուի յետպատերազմեան վիճակի մը մէջ: Այո, այս անգամ արդիւնքն այլ է, բայց ուժ կը գտնեն ու առաջ կ’երթան: Պարզապէս կ’ուզենք ըսել, որ ձեզի հետ ենք, ձեր կողքին ենք եւ հպարտ ենք ձեզմով: Մեր ցանկութիւնն է, որ խաղաղ ըլլայ այս հողը, որ մեր հազարամեայ աւանդը շարունակենք», բարեմաղթեց Ճանպազեան: