Իշխանաձոր Համայնքին Մէջ Եւս 17 Առանձնատուն Կը Կառուցուի


«Քաշաթաղ» բարեգործական հիմնադրամին ֆինանսաւորումով՝ Իշխանաձորի մէջ կը կառուցուի եւս 17 առանձնատուն, որոնք պիտի տրուին համայնքի բազմազաւակ, երիտասարդ ընտանիքներուն եւ վերաբնակիչներուն, ըսած է Քաշաթաղի շրջանի աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Դաւթեան:

Անոր խօսքով` արդէն կառուցուած են առանձնատուներուն պատերը եւ կը  կատարուին տանիքի տեղադրման աշխատանքները:

Ան հաւաստիացուցած է, որ առանձնատուները շահագործման պիտի յանձնուին 2018ի գարնան:

«Եկող տարուան Յունուարին կը նախատեսենք սկսիլ եւս ութ առանձնատան կառուցման աշխատանքներ, զանոնք աւարտելէ ետք ալ` տարուան երկրորդ կիսուն, պիտի սկսին եւս 25 տուներու կառուցման: Անոնք նոյնպէս պիտի տրամադրուին համայնքի` բնակարանային խնդիրներ ունեցող ընտանիքներուն», աւելցուցած է Դաւթեան:

Ան նաեւ նշած է, որ Արցախի կառավարութեան եւ Արցախի ազգային վիճակախաղի համաֆինանսաւորումով՝ Իշխանաձորի մէջ արդէն կառուցուած է 16 առանձնատուն եւ մէկ յարկանի ութ բնակարաննոց շէնք, ուր արդէն բնակիչներ կան: