«Իտալական Յարդէ Գլխարկը» Թատերգութեան Առթիւ


Պէթթի Փանոսեան


Համազգայինի Գանատայի մասնաճիւղերու միջեւ փոխ գործակցութեան աշխուժացման ծիրէն ներս, վերջերս Թորոնթոյի մէջ  տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբին կողմէ ներկայացուած «Իտալական Յարդէ Գլխարկը» երգիծական թատերգութիւնը,

19 րդ դարու երկրորդ կիսուն գրուած  թատերգութեան բնագիրը ֆրանսերէն է, որուն հայերէնի թարգմանութիւնը կատարած է լիբանանահայ թատրոնի վաստակաւոր բեմադրիչ՝ Վարուժան Խտըշեան։

Թատերգութեան մշակումն ու բեմադրութիւնը ստանձնած էր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝  ընկ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան։

Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի հրաւէրով եւ «Դէմ Դիմակ» թատրոնի կազմակերպութեամբ՝ Շաբաթ, 10 Դեկտեմբերին, «Համազգային» թատերասրահէն ներս, թորոնթոհայութիւնը առիթ ունեցաւ վայելելու նշեալ զաւեշտախաղը, ուր հանդիսատեսը շուրջ երկու ժամերու տեւողութեան,  ականատեսը  դարձաւ այնքան ծիծաղելի դէպքերու եւ իրավիճակներու, երբ  նուէր ստացուած իտալական յարդէ գլխարկ մը, դէպքերու անսովոր եւ անսպասելի զարգացումներով իսկական փորձանք կը դառնայ թէ՛ նուէրը ստացողին եւ թէ՝ պատահաբար անոր հանդիպող եւ նոյն օրն իսկ ամուսնութեան պատրաստուող օտարական փեսայի մը գլխուն։

Հինգ արարներէ բաղկացած ներկայացման իւրաքանչիւր բաժինը հանդիսատեսին պարգեւեց հաճելի ու ծիծաղով լի պահեր։

Ներկայացումը յատկանշական էր բեմին վրայ մեծ թիւով դերակատարներու  աշխուժ ներկայութեամբ, որոնց անընդհատ շարժումները, խմբային մուտք ու ելքերը, մեղուափեթակի տպաւորութիւնը կը ստեղծէր։ Հիմնական դերեր ստանձնած դերակատարներու գնահատելի խաղարկութեան կողքին, աչքէ չէր վրիպեր նաեւ՝ երկրորդական դերեր ստանձնած կարգ մը դերակատարներու տպաւորիչ խաղարկութիւնը։

Արդարեւ, սկսնակ թէ փորձառու, հիմնական թէ երկրորդական դերեր ստանձնած՝  թիւով 24 դերակատարներու  երկար ամիսներու աշխատանքի արգասիքն էր այս բեմադրութիւնը, որուն յաջողութեան համար շնորհակալ եւ քաջալերելի աշխատանք տարած էր յարգելի բեմադրիչը։

Մոնթրէալի մէջ մեծ յաջողութեամբ չորս ելոյթներով հանդէս գալէ ետք, «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբը յաջողեցաւ գոհացնել նաե՛ւ թորոնթոհայութեան գեղարուեստական ճաշակը՝ «Իտալական Յարդէ Գլխարկը» թատերգութեան ներկայացումով։

Աւարտին, «Գլաձոր» մասնաճիւղի փոխ ատենապետ՝ ընկ. Արա Հասըրճեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբի մեծ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ՝  հայ մշակոյթին եւ  յատկապէս՝ սոյն ձեռնարկի իրագործման համար անձնուիրաբար ծառայող իւրաքանչիւր հայորդիի։