Իտալիոյ Լացիօ Մարզը Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ Մը


“Հայերն Այսօր”,- Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ Երկուշաբթի՝ 18 Մարտ 2019ին, Լացիօ Մարզի խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, որուն մէջ խորհրդարանի անդամները զօրակցութիւն եւ աջակցութիւն կը յայտնեն հայ ազգի զաւակներուն, անոնց պատմական ճշմարտութեան համար մղած պայքարին ու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ի սպաս յանձնառումին։

Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդի նախաձեռնութեամբ պատրաստուած բանաձեւը, ներկայացուցած էր Լացիօ Մարզի Խորհրդարանի անդամ՝ Սերճօ Փիրոցցին, որ այս առթիւ Հայհամայնքին ուղղած իր նամակին մէջ յայտնած է, թէ «այս քայլը կ՛ուզէ հանդիսանալ ճշմարտութեան ու զօրակցութեան պարտաւոր ու անկեղծ մէկ արտայայտութիւն, ի նպաստ ազգի մը որ զոհ եղած է տեղահանութիւններու ու ահռելի ջարդերու»։

Փիրոցցի յոյս յայտնած է որ այս մէկը՝երիտասարդներուն ու ապագայի սերունդներուն համար ըլլայ «ազդակ» մը, որպէսզի այդպիսի ոճիրներ երբեք չկրկնուին։

Լացիօ Մարզը կը հանդիսանայ Իտալիոյ մարզային 136րդ խորհրդարանը, որ  Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը կ՛ընդունի։