Իրաքի Մէջ Կ՛ապրի 5000-6000 Հայութիւն


 «Երկիր»,- Պասրայի հայկական համայնքի ատենապետ Խաժակ Վարդանեան կը տեղեկացնէ, որ ոչ պաշտօնական տուեալներով, այսօր Իրաքի մէջ ապրող հայերուն թիւը կը հասնի 5000-6000ի: Իրաքահայերը հիմնականօրէն կ՛ապրին մայրաքաղաք Պաղտատի եւ Պասրայի մէջ, ինչպէս նաեւ կեդրոնացած են երկրի Մուսուլ, Քէրքուք,  Զախօ, Հաւրէզք եւ այլ բնակավայրերու մէջ: 60-էն 70 ոչ հայախօս հայեր ալ կը բնակին երկու գիւղի մէջ, ի դէպ` այժմ անոնց ջանքերով կիրակնօրեայ դպրոցներ  բացուած են աճող սերունդին համար, որպէսզի նոր սերունդը կարենայ սորվիլ մայրենին` հայոց լեզուն: Պաղտատի մէջ կան ազգային կառոյցներ, օրինակ` Երիտասարդաց, Տիկնանց եւ Բարեգործական միութիւնները, ՀՄԸՄ  եւայլն:

Պասրայի մէջ 221 հայ կայ: Նախապէս այստեղ եղած են հայկական երկու եկեղեցիներ, որոնց հետքը նոյնիսկ այսօր չկայ: Ներկայիս կը գործէ հայկական «Սուրբ Աստուածածին» եկեղեցին` հիմնուած 1736ին: Վերջերս տեղի ունեցած  վերանորոգումներէն ետք եկեղեցին բարեկարգուած է, իսկ տարածքը երեք անգամ աւելցած: Այժմ հոն  տեղի կ՛ունենան համայնքային հաւաքներն ու ձեռնարկները: Վարդանեան կը նշէ, թէ Պասրայի մէջ մասնաւորապէս աշխոյժ է «Դպրաց դաս»ը իր երգչախումբով, որ տօնական օրերուն համերգներով  հանդէս կու գայ:

Պասրայի մէջ հայեցի դաստիարակութեան ամէնամեծ խնդիրը հայկական դպրոցի չգոյութիւնն է։ Թէեւ ազգային վարժարանի շէնքը իր բոլոր յարմարութիւններով կայ, բայց աշակերտներու թիւը շատ քիչ եւ եւ չի բաւարարեր դասարաններ բանալու համար: Ընդամէնը ինը աշակերտ կայ: Եկեղեցին եւ ազգային միւս մարմինները աճող սերունդի հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ հայեցի կրթութիւն ու դաստիարակութիւնը կը ճամբեն: «Պայմանաւորուածութիւն  ունինք լաւագոյն դպրոցներէն մէկուն հետ, որ մեր երեխաները այնտեղ յաճախեն: Պասրայի հայ համայնքը կը  վճարէ անոնց ուսման վարձը»։ Հայերէնի ուսուցման բացը լրացնելու նպատակով կը գործէ հայկական կիրակնօրեայ դպրոց. «Դասերը կ՛իրականացուին ազգային վարժարանի շէնքին մէջ: Երեխաները կը սորվին հայոց լեզու եւ հայ գրականութիւն, մեր ժողովուրդի եւ եկեղեցւոյ պատմութիւն, ազգային երգ ու պար, որպէսզի անոնք միշտ յիշեն հայ ըլլալու մասին: Ինչպէս մենք  օտար երկրի մէջ  պահած ենք մեր ազգային ինքնութիւնը, այդպէս ալ անոնք պէտք է շարունակեն հայ մնալ»:

Ըստ անոր` ընդհանրապէս իրաքահայ համայնքին առջեւ ծառացած հիմնահարցերէն մէկը երկրի ընկերային-տնտեսական եւ պարբերաբար ծաւալուող պատերազմական խնդիրներն են, որոնց պատճառով երիտասարդներու արտահոսք կայ, որոնք, իբրեւ լաւագոյն կրթութիւն ստացած եւ մասնագիտութիւն ձեռք բերած անձիք, կրնան այլ պետութիւններու մէջ եւս իրենց տեղը գտնել: Իրաքահայերէն շատերը  տեղափոխուած են աւելի ապահով վայրեր: Պասրայի հայկական համայնքի ատենապետը կը կարծէ, որ իրաքահայութիւնը, հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու, կրնայ համախմբուած մնալ ազգային հաստատութիւններու շուրջ. «Մենք պէտք է հայ մնանք», կը շեշտէ ան: