Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզի Հայերը


Տըհոք քաղաքը

 

Տոքթ. Վեհունի Մինասեան
Իրաքահայոց Ազգ. իշխանութեան նախկին փոխատենապետ

Տըհոք

Քրտական այս շրջանի հայութեան այսօրուան պատկերը տարբեր է քանի մը տարի առաջ եղած պատկերէն: Ըստ Ազգային առաջնորդարանի  2010-ի տեղեկութեանց, շրջանի մեր համայնքին մեծամասնութիւնը հաստատուած է Զախօ եւ անոր մօտակայ գիւղերուն մէջ: Այսպէս` Տըհոք քաղաք` (49 ընտանիք, 226 հոգի),  Զախօ գիւղաքաղաք` (234 ընտանիք, 1170 հոգի), Աւզրուկ գիւղ` (70 ընտանիք, 560 հոգի), Սմէյլ գիւղ` (5 ընտանիք, 37 հոգի), Հաւրէզք գիւղ` (115 ընտանիք, 575 հոգի):

Այս բնակավայրերու հայութեան անցեալի մասին յիշատակելի տեղեկութիւններ կան:

ՏԸՀՈՔ քաղաքի հայութիւնը նախքան 2003-ի պատերազմը կը հաշուէր 21 ընտանիք (114 հոգի). պատերազմի անապահով պայմաններուն պատճառով կարգ մը ընտանիքներ երկրի հայաշատ շրջաններէն տեղափոխուած են այստեղ: Համայնքի ստուարացումը եւ տեղական իշխանութիւններուն բարեացակամութիւնը քաջալերած են տեղւոյն ազգայինները, ազգապատկան հողաշերտի մը պահանջ ներկայացնելու, որ արդիւնքի կը յանգի: Հետեւաբար, բարերարութեամբ Քրտական ինքնավար մարզի ֆինանսներու նախկին նախարար Սարգիս Աղաջանի, առաջին հերթին կը ձեռնարկուի եկեղեցիի մը կառուցման  եւ անոր կից` երկյարկանի շէնքի մը, որ կը բաղկանայ հովուատունէ մը, ընդունելութեան սրահէ եւ դասարաններէ:

Հովուատան բացումը կատարուեցաւ 2008 սեպտեմբեր 4-ին` Իրաքի հայոց առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի ձեռամբ: Նորակառոյց եկեղեցւոյ «Ս. Ներսէս Շնորհալի»-ի օծման արարողութիւնը կատարուեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր, Եգիպտոսի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանի եւ Դամասկոսի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանի կողմէ, 2008 թուականի սեպտեմբեր 5-ին: Երկու առաջնորդները յատուկ այդ առիթով հրաւիրուած էին իրաքահայոց թեմի առաջնորդ հօր կողմէ:

Ազգային առաջնորդարանի կարգադրութեամբ, Տըհոք այսօր ունի  հոգեւոր հովիւ, յանձինս` Մասիս քհնյ. Շահինեանի եւ նշանակովի առժամեայ ազգային յանձնախումբ մը:

Յիշատակութեան արժանի է, որ իրաքահայ թեմի 2008-ի Պատգամաւորական ժողովը առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ մայրաքաղաքէն դուրս` Տըհոքի մէջ:

ԶԱԽՕ կը գտնուի Իրաք-Թուրքիա սահմանէն 10 քմ հեռու, Խապուր գետի  երկու  ափերուն վրայ: Խապուր կը միանայ Տիգրիսի եւ անոր հարկատու գետերէն մին կը համարուի: Քաղաքը սփռուած է դաշտային ցած հողի վրայ, ունի ոչ նպաստաւոր եւ խոնաւ կլիմայ: Քրիստոսէ առաջ գոյութիւն  ունեցող շրջան մըն  է: Անունը հին քաղդիերէնէ առնուած է, որ կը նշանակէ «յաջող» կամ «յաղթական»: 19-րդ դարու սկիզբը ենթարկուած էր Ամատիայի իշխանութեան:

Զախոյի մէջ հայ գաղութի ամենավաղ գոյութեան մասին յիշուած է ճանապարհորդ Ճոն Աշըրի «Ճամբորդական նոթեր` Լոնտոնէն Բեսարապոլիս» անուն գիրքին մէջ (Բեսարապոլիս Պարսկաստանի նախկին մայրաքաղաքն է): Հեղինակը 1865-ին այցելած է Զախօ եւ վերոյիշեալ գիրքին մէջ` գրած. «Զախոյի բնակչութիւնը բաղկացած էր քիւրտերէ, քաղդէացիներէ եւ հայերէ. վերջինները, այսինքն` հայերը, ընդհանրապէս խանութպաններ էին»: Հայ ընտանիքներուն թիւը չի յիշեր: Իսկ մեզի հասանելի հայկական աղբիւրներուն մէջ այդ թուականին հայերու գոյութեան յիշատակութեան մասին չգտանք:

Այդուհանդերձ, ըստ մեր ունեցած տեղեկութիւններուն, Զախոյի մէջ 1895 -1896 թուականներու կոտորածէն առաջ 4-5 տուն հայեր կային: Մուսուլի հոգեւոր հովիւ հանգուցեալ Գարեգին Ա. քհնյ. Յովսէփեան (ծնած` Զախօ, 1928-ին), կը վկայէր, թէ մօրմէն լսած էր, որ 1895-էն առաջ Զախոյի մէջ կային հայ ընտանիքներ, որոնք հրեաներու (հարուստներու) թաղը կը բնակէին:  Զախոյի յայտնի ընտանիքներէն մէկը կը կոչուէր Կանաչեան` Միսաք եւ Յովսէփ եղբայրներ, որոնց մօր անունը Կիւլիզար էր:

Կոտորածէն ետք թիւը կը հասնի մօտ 100 ընտանիքի, մօտակայ շրջաններէն (Թուրքիոյ Տըհէ եւ Շարնախ գիւղաքաղաքներէն) Զախօ կը հաստատուին քրտախօս հայ ընտանիքներ: Ըստ պատմագէտ տոքթ. Գալուստ Ասթարճեանի «Յետադարձ ակնարկ կեանքի մը» գիրքին, «Թէեւ Շարնախ Տիգրանակերտի ենթակայ քաղաք մըն է, սակայն Զախոյի հետ առեւտրական մշտատեւ յարաբերութիւն ունենալուն պատճառով երթեւեկը անընդհատ էր»:

Զախօ կու գան նաեւ Սղերդէն արաբախօս հայեր, որոնց մեծ մասը կ՛երթայ Մուսուլ հաստատուելու: Բոլորն ալ առաջին հերթին կը հաւաքուին Զախոյի Քեսթա  կոչուած վայրը, որ հետզհետէ կը դառնայ հայկական թաղամաս մը:

Ազգային առաջնորդարանին ներկայացուցած վիճակագրութեան մը մէջ (1997) Զախոյի Թաղական խորհուրդը կը տեղեկացնէ, որ Եղեռնի առաջին գաղթականական կարաւանը Զախօ կը հասնի 10 յուլիս 1915-ին, որոնք Արեւմտեան Հայաստանէն աքսորուած 50 հազար հայութենէն մնացած 10 հազարն էին: Զախոյի բնիկ հայերը կը խնամեն ու կը կերակրեն գաղթականները` նախքան անոնց Մուսուլ ղրկուիլը, որոնց մեծ մասը քալելով, իսկ մաս մըն ալ «քալակ»-ով (տեսակ  մը  փոքր  նաւակ) կը տեղափոխուի:  Յիշատակութեան  արժանի  է  հոս,  որ  իրաքահայ թեմի նախկին առաջնորդ Ասողիկ արք. Ղազարեանը (աշխարհական անունով Ղազար), մաս կազմած  է  այս  աքսորեալներու  խումբին: Հետագային ան փոխադրուած է Պաքուպա գաղթական վասպուրականցիներուն հետ վրաններու տակ պատսպարուելու, ապա` Նահր Օմար, ուրկէ իր նման որբերուն հետ ուղղուած է  Երուսաղէմի ժառանգաւորացը, ուր որպէս միաբան մաս կազմած է Ս.  Յակոբայ  միաբանութեան:  Տոքթ. Գ. Ասթարճեան  իր  վերոյիշեալ գիրքին մէջ կը գրէ, որ 1915-ին, իբրեւ պետական բժիշկ` Զախոյի շրջանը գտնուած միջոցին, հանդիպած է «կարնեցիներէ բաղկացած մօտ 3000-նոց ընկճուածներու զանգուածի մը» եւ իր անձնական միջոցներով յաջողած է անոնց ընկերանալ,  մինչեւ որ ապահով Մուսուլ կը հասնին:

1926 թուականին Ազգային առաջնորդարանի կողմէ Աբրահամ քհնյ. Սահակեան կը նշանակուի շրջանի հոգեւոր հովիւ: Տէր Աբրահամի առաջին գործերէն մէկը կ՛ըլլայ նոյն տարին Քեսթա թաղամասին մէջ աղօթատեղի մը հաստատել, ապա `1930-1931-ին, երկու սենեակնոց մանկատուն մը (Մեսրոպ քհնյ. Օրջանեան, Ս. Գաբամաճեանի «Գրպանի օրացոյց», 1933):

1932 թուականին, Ազգային իշխանութեան օժանդակութեամբ, հողակերտ եկեղեցի մը կը կառուցուի Զախոյի մէջ, որ կը կոչուի Սուրբ Աստուածածին: Տէր Աբրահամը կը հովուէ շրջանը մինչեւ իր վախճանումը` 1940-ին:

1947 թուականին Զախոյի շրջանի Պաստկէ, Իսմայիլ Աւա եւ Մաղարա գիւղերէն քրտախօս հայեր ներգաղթած են հայրենիք:

Զախոյի  հայերը  բոլորն  ալ  անխտիր  մինչեւ  հիմա  քրտական  տարազ կը հագուին եւ մեծ մասամբ քրտերէնէ բացի` ուրիշ լեզու հազիւ թէ գիտեն: Հազուադէպ է ուրիշ ոեւէ հայ, որ պահած է անոնց բարի եւ հին սովորութիւնները:

Մինչեւ 1950 հայերը կարելի չէր զանազանել տեղացի քիւրտերէ` ո՛չ լեզուով, ո՛չ տարազով եւ ո՛չ ալ սովորութիւններով: Անոնք կը զբաղէին շալագործութեամբ (քրտական տարազ հիւսելով), մանր առեւտուրով եւ հողագործութեամբ:

Հետագային` 1968-ին, կ՛որոշուի հողակերտ եկեղեցին վերաշինել` որպէս աւելի հաստատուն կառոյց մը: Վերաշինութեան կ՛օժանդակեն Ազգային իշխանութիւնը, Լիզպոնէն «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութիւնը եւ ազգայիններ` Իրաքի հայաշատ շրջաններէն: Հիմնարկէքը կը կատարուի նոյն տարին, օրուան առաջնորդ Ասողիկ արք. Ղազարեանի ձեռամբ: Իսկ յաջորդ տարի կը կատարուի օծումը` դարձեալ Ասողիկ արք.ի ձեռամբ: Այս մասին առաջնորդարանի 1970-ի հաղորդագրութեան մէջ զախոցիներու զգացումներու մասին կը կարդանք. «Թէեւ պարագաներու բերումով անոնցմէ շատերը կորսնցուցած են մեր ոսկեղնիկ լեզուն,  բայց  եւ  այնպէս,  տակաւին  թարմ  եւ  ամուր  կը  մնայ  իրենց հոգիներուն մէջ հայ ժողովուրդի հաւատքը` Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ հանդէպ: Խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեպարար օծման արարողութիւնը: Պահը չափազանց յուզիչ էր` ի տես հայ մամիկներուն ու տատիկներու յորդառատ արցունքներուն»:

Զախոյի մէջ Աբրահամ քհնյ. հօր կը յաջորդեն Սուքիաս  քհնյ. Պօղոսեանը, Խաչատուր քհնյ. Գասպարեանը, Գէորգ քհնյ. Արշակեանը, Արթուն քհնյ. Խալաթեան եւ Առաքել քհնյ. Վարդանեանը:

1926-ին կառուցուած երկու սենեականոց ուսումնարանն ալ ազգապատկան դպրոցի շէնքով փոխարինուեցաւ, որուն կարիքը զգացուած էր երկար տարիներ: Թափուած ջանքերու շնորհիւ` ծրագիրը իրականացաւ Ազգային իշխանութեան, Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան օժանդակութեամբ եւ Մուսուլի Թաղական խորհուրդի տքնաջան աշխատանքներով, 1969 թուականին: Հայ դպրոցը շարունակեց մերթ Պաղտատէն նշանակուած ուսուցիչով մը, երբեմն ալ տեղական ուժերով` մինչեւ համայնքներու վարժարաններու պետականացումը, 1974-ին:

Զախոյի առաջին հայ ուսուցիչը եղած է Խաչիկ Աւետիս Աւետիսեանը, որ քանի մը տարի դասաւանդած է եւ անոր յաջորդած է Զաքէոս անունով հայորդի մը (մականունը չկայ), ապա` Սուրէն Մխիթար Չամիչեանը, Կարապետ Սերոբեանը, Խաչիկ Գասպարեանը (որ քահանայ ձեռնադրուած է Զախոյի համար) եւ Սուրէն Վարդանեանը:

2000 թուականին թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանը, աբեղայ ձեռնադրեց Զախոյի զաւակներէն Էտկար Աբրահամեանը զայն վերակոչելով Աբէլ աբեղայ: Ձեռնադրութենէն ետք Աբէլ աբեղան, Ազգային առաջնորդարանի օժանդակութեամբ, հետեւեցաւ Տըհոքի համալսարանի իրաւաբանական ճիւղին, որ աւարտեց 2004-ին:

1994-ին, Իրաքի մէջ առաջին անգամ ըլլալով, ընտրուեցաւ Զախոյի Թաղական խորհուրդին առաջին կին անդամը` Վարդանուշ Հայրիկ Եղեազարեան, որ նոյն պաշտօնին վրայ  մնաց մինչեւ 2002:

2003 -ին Զախոյի հայ բնակիչներու թիւն էր 127 ընտանիք (567 հոգի): Մինչեւ այսօր համայնքի զանազան մարզական խումբեր կը մրցին տեղական խումբերու  հետ եւ  կը  մասնակցին Պաղտատ մայրաքաղաքի ՀՄԸՄ-ի կազմակերպած տարեկան միջշրջանային մարզահանդէսներուն:

ԱՒԶՐՈՒԿ Զախոյէն 35 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ գիւղ մըն է Զախօ-Տըհոք ճամբուն վրայ: Բնակչութիւնը զուտ քրտախօս հայեր են: Շրջանի բոլոր հողերը իրենց կը պատկանին: Երէցները կը զբաղին գիւղատնտեսութեամբ, սակայն երիտասարդները մօտակայ քաղաքներու մէջ կը զբաղին այլ արհեստներով: Տնտեսական   վիճակը   լաւ  չէ գիւղատնտեսական սարքեր չունենալնուն պատճառով: Անոնք կը գործակցին մեքենաներու սեփականատէրներուն հետ եւ ցանքին մեծ տոկոսը անոնց կը տրուի, իսկ մնացածը հազիւ իրենց ապրուստին կը բաւէ:

Գիւղի մանուկներուն հայեցի դաստիարակութիւն շնորհելու համար եւ մատուռի մը կառուցման համար, Ազգային առաջնորդարանի միջնորդութեամբ, 2000 թուականին բարեգործական հաստատութիւն մը յանձնառութիւնը ստանձնեց գիւղին մէջ եկեղեցիի մը եւ քահանայի բնակարանի մը կառուցումը: Եկեղեցւոյ հիմնարկէքը, ապա նաեւ օծումը կատարեց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանը` զայն կոչելով Սուրբ Վարդան հաստատեալ եկեղեցի: Աբէլ աբղ. Աբրահամեանը գիւղի հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ, որպէսզի նաեւ զբաղի տեղւոյն փոքրիկներու հայեցի դաստիարակութեամբ: Ապա Արթուն քհնյ. Խալաթեանը, որ կը ծառայէր համայն Զախոյի եւ մօտիկ հայաբնակ գիւղերու զաւակներուն, միաժամանակ կը զբաղէր շրջանի նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեամբ:

ՀԱՒՐԷԶՔ Մուսուլէն դէպի հիւսիս 75 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող շրջան մըն է, տարածքը Իրաքի նորաստեղծ թագաւորական իշխանութիւնը բարեացկամութեամբ տարագիրներու բնակութեան կը յատկացնէ  18 մարտ 1918-ին, տարագիրները մեծամասնութեամբ Վանի, Պաշգալէի եւ Շատախի շրջաններէն եկած էին, հողամշակ էին եւ հնարաւորութիւն ունէին իրենց ապրուստը ճարելու:

Համաշխարհային Ա. պատերազմին օսմանեան զօրքերը Իրաքէն վտարող անգլիական ուժերը, որոնք պատսպարած էին թուրքերու կողմէ հալածուած այս գաղթականները, Իրաքի հողերուն վրայ` Տիալայի Պաքուպա, ապա` Պասրայի Նահր Օմար վրանաբնակ գաղթականներուն մէջ, 1921-ին կը դադրին իրենց յանձնառութենէն: Ուստի գաղթական ժողովուրդը պարտաւորուած կ՛ըլլայ իր գլխուն ճարին նայելու, քանի որ Խորհրդային Հայաստան ներգաղթի դիմումներն ալ ապարդիւն մնացած էին:

Այդ օրերուն Պաղտատ գտնուող Վանայ Կոմսը (Վահան Փափազեան), գաղթականներու    պաշտպան ղեկավար, հանրածանօթ ֆետայի    Լեւոն Շաղոյեանի հետ, շրջանը ուսումնասիրելէ ետք զայն  նպաստաւոր կը գտնէ, ուստի 1929 հոկտեմբեր 18-էն սկսեալ կը ձեռնարկեն ժողովուրդին մէջ փափաք յայտնողներու փոխադրութեան աշխատանքին: Կառավարութիւնը  ցանքի  հողաշերտեր  կը  բաժնէ  բնակիչներուն, անոնց առանձնաշնորհումներ տալով:

Վերահաստատուող գաղթականներու այս բնակավայրը, Հաւրէզքի կողքին, կ՛ընդգրկէր Թելճնապ, Կութծի եւ Շքաւրէկն գիւղերը, ուր տասնեակ տարիներ առաջ հաստատուած էին Վանի Արմշակ գիւղացիները:

Այսպէս, նորահաստատ Հաւրէզքի գիւղապետ, իշխան, դատաւոր եւ կառավարիչ կ՛ըլլայ Լեւոն Շաղոյեանը: Ան կը վայելէր երկրի կառավարութեան կատարեալ վստահութիւնն ու համակրանքը, նաեւ` բարոյական աջակցութիւնը: Լեւոն «փաշայ»-ի բացարձակ ղեկավարութեամբ, ո՛չ դատարան գոյութիւն ունէր եւ ո՛չ ալ զինուորական ուժ: Բացառիկ եւ դժուար պարագաներուն միայն «փաշա»-ն կը հարկադրուէր դիմել պետութեան:

Ժողովուրդին  կարեւոր մէկ մասը  հողագործներ եւ  անասնապահեր էին, այդ պատճառով ալ, կառավարութենէն անկախ, ՀԲԸՄ-ը, Վասպուրականի հայրենակցական միութիւնը եւ ՀՕՄ-ը լծկան եւ կաթընտու անասուններ, հողերու մշակման եւ արհեստի վերաբերեալ գործիքներ եւ այլ  օգնութիւններ տրամադրեն, որոնք կ՛օգտագործուին ժողովուրդին կողմէ: Հաւրէզքցիները, հողագործութեան կողքին, կը զբաղին նաեւ արհեստով եւ մեղուաբուծութեամբ: Սակայն այս աշխատանքներով գիւղացիք ինքնաբաւ չըլլալուն պատճառով երիտասարդները Մուսուլ եւ այլ քաղաքներ աշխատանքի կը մեկնին եւ աշխատանքէն խնայածնին կը ղրկեն իրենց ընտանիքներուն:

1930 տարեշրջանը Հաւրէզքի ժողովուրդին համար եղած է արդիւնաւէտ շրջան մը: Հիմը կը դրուի դպրոցին, ապա` եկեղեցիի եւ գրադարանի մը,  ու  հորեր կը   փորուին   խմելու   ջուր   ապահովելու   համար:  «Ունին   շատ  ընդարձակ, նորաշէն եկեղեցի մը` իր զանգակատունով, որուն կից է վարժարանը` 300-է աւելի երկսեռ աշակերտով: 1932-ին հոն կը հովուէր Յովհաննէս քահանան…», կը պատմէ Մեսրոպ քհնյ. Օրջանեանը, Ս. Գաբամաճեանի «Գրպանի տարեցոյց»-ին մէջ (1933): Դպրոցի տնօրէնն էր Գեղամ Վարդանեանը:

Այս նպաստաւոր պայմաններու լուրը տարածուելով, երկրի միւս հայաշատ շրջաններէն` Պաղտատ, Մուսուլ, Քերքուկ եւ Պասրա, նոր ընտանիքներ եկած ու միացած են ստանալով տուն-տեղ եւ մշակելի արտեր` Հաւրէզքի կառավարիչ մարմինին կողմէ, որով գիւղի բնակչութեան թիւը կը հասնի մինչեւ 450 տունի, 2450 հոգի: Այդպէս, Հաւրէզքի մօտակայ Վարի Պասիտքէ գիւղի 30 տուն հայախօս վասպուրականցի,  Սմաէիլ Աւա, Մոկ եւ Քլեփնա (քալելով կէս-մէկ ժամ հեռու) գիւղերու հայախօս  եւ Աւզրուկի քրտախօս բնակչութեամբ  ամբողջ շրջանը կը դառնայ «Փոքր Հայաստան» մը:

Այս բարգաւաճ վիճակը, դիւրատար եւ լաւ կեանքը կը շարունակուին մինչեւ 1936, երբ անկման շրջանը կը սկսի, որուն գլխաւոր պատճառը կը հանդիսանան ցանքին վնասող միջատները:

Ստեղծուած դժուարութիւնները գիւղը չափազանց խղճալի վիճակի կը մատնեն: Շատեր` յուսահատ, կը ստիպուին ցրուիլ` առանձինն կամ ընտանեօք, դէպի երկրի այլ հայաշատ վայրեր` որոնելու ապրուստի ապահով միջոցներ:

1943-ին եկեղեցին եւ դպրոցը` այս նուիրական հաստատութիւնները, աւերուած ու փլած են եւ անոնց  ատաղձը  գործածուած  է այլ  նպատակներու: Նոյն տարին  գիւղի  Յովհաննէս քահանան վերջին ծայր թշուառութեան մէջ կը վախճանի: Անկէ ետք Զախոյի քահանան անհրաժեշտ պարագաներու այցելութիւններ տուած է:

Մինչեւ 1945 Հաւրէզք գիւղի ժողովուրդին երեք քառորդը հեռացած էր արդէն: Մնացածներն ալ, միւս հայախօս գիւղերու բնակչութեան հետ, կը ներգաղթեն Հայաստան, որուն պատճառով  գիւղը  1947-ին  կը  սկսի  պարպուիլ  մինչեւ  1950: Երկրի նախկին պետութեան հրամանով 1974-ին գիւղը քանդուած էր:

2003-ի պատերազմի աւարտէն եւ նոր իշխանութեան գալէն ետք, երկրի աննպաստ պայմաններու բերումով, յատկապէս Մուսուլի եւ Պաղտատի հայաշատ շրջաններէն ծայր առաւ նախկին հաւրէզքահայ ընտանիքներու զաւակներուն գաղթը դէպի լքուած ծննդավայր:

Քրտական մարզի տեղական իշխանութիւններու բարի կամեցողութեամբ  անմիջական մարդասիրական օժանդակութիւն ստանալով`  15-20 ընտանիքներ ծննդավայրի քարուքանդ դպրոցի դասարաններուն մէջ կը պատսպարուին: Ապա պետութեան  բարերարութեամբ շուտով կը ծրագրուի գիւղի վերաշինութեան աշխատանքը: Այսօր  կառուցուած են արդէն 115-է աւելի բնակարաններ, դպրոց եւ հաւաքասրահ: Այս բոլորին յանձանձումը կը վստահուի Ազգային առաջնորդարանին կողմէ նշանակուած առժամեայ յանձնախումբի մը, որուն մասին տեղեակ է նաեւ պետութիւնը: Որոշ կենցաղային  անհրաժեշտ պայմաններու պակասին կողքին, բնակիչները կը տառապին անգործութենէ, որովհետեւ բնակավայրը հողամշակման շրջան է, իսկ անոնք քաղաքացիներ ըլլալով` չեն տիրապետեր այդ  գործին: Հոգեւոր մխիթարանքի համար Զախոյի քահանան, հետը ունենալով օծեալ վէմը, ամէն առիթով սուրբ եւ անմահ պատարագ կը մատուցէր գիւղի  հաւաքատեղիին մէջ մինչեւ եկեղեցիի կառուցումը` 2014-ին:

ԱՄԱՏԻԱ կը գտնուի Մուսուլէն 90 հիւսիս -արեւելք 90 քիլոմեթր,  Վանէն 150, իսկ Պաշգալայէն` 125 քիլոմեթր հեռու: Քաղաքը հաստատուած է մօտաւորապէս 400 մեթր բարձր սարահարթի մը վրայ, զայն շինած է Իմատ Էտտին Զենկին` Եդեսիոյ   յաղթականը եւ որդին` Ագսենգուրի` ըստ Քեաթիպ  Չելեպիի (Ղուկաս վրդ. Ինճիճեան, «Հայաստան»): Ունի հինաւուրց բերդ մը, որուն շինութիւնը, ըստ հայր Ղեւոնդ Ալիշանի, կը վերագրուի Արտաշէսի եւ կը համարուի Սասանեանց շրջանի շինութեանց մնացորդներէն կը համարուի,  կը գրէ իր «Տեղագիր Հայոց Մեծաց» գիրքին մէջ:

Պոլսոյ պատրիարք Զաւէն արք. Տէր Եղեայեան իր «Պատրիարքական յուշերս» գիրքին մէջ գրած է, որ 18-րդ դարուն մեծ թիւով հայեր կը բնակէին Ամատիա եւ ունէին եկեղեցի մը: Իսկ 1850-ին անոնք շատ սակաւաթիւ էին, բայց եկեղեցի չունէին` ըստ հայր Ալիշանի վերոյիշեալ գիրքին: 1900-ական  թուականներուն սկիզբները Ամատիա այցելող մը կը  վկայէ, թէ հայոց եկեղեցին, որ տեղացիք կը ճանչնան «Տէյր Էլ-Արմէն» անունով, բոլորովին քայքայուած վիճակի մէջ էր («Մանզումէի էֆքեար»): Եկեղեցին կը կոչուէր Ս. Աստուածածին, եւ ըստ վերոյիշեալ «Մանզումէի» թղթակիցին, շինուած է 17-րդ դարու վերջերը կամ 18-րդ դարու սկիզբները:

Զաւէն պատրիարք իր 1940-ի այցելութեան ժամանակ տեսած է հիմնայատակ կործանած այդ եկեղեցին: Պատրիարքը կը նկատէ, որ Մուսուլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կահ-կարասին, ամբողջութեամբ, Ամատիայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սեփականութիւնն է, ցաւ յայտնելով, որ անխնամ պահուած են կարգ մը թանկագին եկեղեցական հնութիւններ, իսկ հին ձեռագիրներուն մէկ մասը կորսուած է: Միայն քանի մը Մաշտոց եւ մկրտութեան կանոն մը պահպանուած են:

Հիմա ոչ մէկ հայ կայ Ամատիոյ մէջ: