«Իւրաքանչիւր Հայ Պէտք է Վերադառնայ Հայրենիք․ Որքան Շուտ, Այդքան Լաւ» Կ՛ըսէ Սասուն Ծնած Սփիւքահայ Գործարարը


Սալբի Սաղտըճեան


Քրիստիան Կելիճին այն հայրենադարձներէն է, որ Հայաստանի մէջ գործ հիմնած է եւ յաջողութեան հասած։ Կը զբաղի հիւսուածեղէնի գործով, ունի կտորի եւ կարի գործարաններ։

«Թեքսթիլը մեր ընտանեկան գործն է, մեր պապերէն մեզի փոխանցուած հարիւրաւոր տարիներու արհեստը։ Պապիկս մեզի կը պատմէր, թէ մենք հայկական թագաւորներուն շոր կը հագցնէինք», կ՛ըսէ գործարարը ու կը յայտնէ, թէ իր նախնիները Կիլիկիան թագաւորութեան ժամանակ Սասունէն գաղթած են Կիլիկիա, իսկ թագաւորութեան անկումէն ետք դարձեալ եկած են Սասուն։

Հայաստանի մէջ գործ հիմնելու իր առաջին փորձը չէ յաջողած։ «Անկախութեան առաջին տարիներուն երբ եկայ Հայաստան, պայմանները դժուար էին։ Այն ատեն քաղաքականութիւնը  եւ մտածողութիւնը այլ էր։ Եթէ այն ժամանակ ստեղծուէին այսօրուան պայմանները, սփիւռքահայերուն տային այն բոլոր իրաւունքները,  ինչ որ ունէր տեղացին, շատ մեծ թիւով հայեր կը վերադառնային», կ՝ընդգծէ ան։

9 տարի առաջ որոշած է վերջնականօրէն հաստատուիլ Հայաստան։ «Երկրորդ անգամ որ եկայ, արդէն աւելի փորձառու էի եւ՝ հաստատակամ։ Գործ հիմնեցի եւ յաջողեցայ», կը հպարտանայ ան։ Այժմ Քրիստիանը իր գործին միջոցով ստեղծած է բազմաթիւ աշխատատեղեր։ Ունի աւելի քան 7 հարիւր աշխատող, իսկ 2017ին կ՛ուզէ աշխատողներուն թիւը 3-4 հարիւրով աւելցնել։

Գործարարը` իր փորձառութենէն մեկնած` խորհուրդ կու տայ, որ Հայաստանի մէջ յաջողելու համար պէտք է ամէն ինչ օրէնքի սահմաններուն մէջ ընես, որ խոչընդոտներ չունենաս։ «Գործդ պետութեան հետ թող ըլլայ, այլ ոչ իշխանաւորներու, որովհետեւ անոնք իրենց պաշտօնին վրայ յաւերժ չեն։ Առաւել՝ գործիդ մէջ եղիր անկեղծ, թափանցիկ, սրտացաւ եւ համբերատար։ Հաւատայ ուժերուդ, Աստուծոյ եւ ըրած աշխատանքիդ»։

«Ես կը սիրեմ իմ երկիրը, աշխատանքի մէջ ձեռք բերած յաջողութիւններս կը վերագրեմ այն բանին, որ երբեք չեմ կեդրոնացած, թէ Հայաստանի մէջ ինչ խնդիրներ կան, քանի որ ատիկա բնական կը համարեմ որեւէ երկրի համար», կ՛ըսէ ան։

Ան Ճիշդ չի համարեր տարածուած այն կարծիքը, որ Հայաստանի մէջ «վերեւները» թոյլ չեն տար, որ հանգիստ աշխատիս։ «Ես այս ինը տարուան գործունէութեանս ընթացքին ոչ մէկ անգամ կաշառք տուած եմ, նոյնիսկ՝ մէկ դրամ, ո՛չ հարկայինին, ոչ ոստիկանին, ոչ մէկուն։ Եթէ մեղաւոր եմ, օրինաւոր կը վճարեմ տուգանքս»։

Քրիստիանը կը նշէ, որ սփիւռքահայերը Հայաստան գալով, ոչ միայն իրենց դրամով, այլ նաեւ իրենց մտածելակերպով կը նպաստեն Հայաստանի զարգացման։ «Հայաստան ապրելով, կառուցած գործարաններէս բացի, շրջապատիս մէջ շատ բան փոխած եմ՝ ուղղակի կամ անուղղակի։ Դրամը այդքան էական չէ, որքան՝ մտածողութիւնը»,- կը յայտնէ ան,- «Պէտք է մենք մեր շրջապատին սորվեցնենք ճիշդ աշխատիլ, ինչպէս նաեւ շատ աշխատիլ։ Մարդ պէտք շատ աշխատի, պէտք է պայքարի, որ լաւ ապրի»։

Մեր փոքրիկ երկիրը, ըստ Քրիստիանի, այնքան տեղ ունի, որ կրնայ միլիոնաւոր հայերու կեանք ապահովել։ Շատ աշխատանքով եւ ճիշդ գործելով երկիրը կը զարգանայ եւ մարդիկ լաւ կ՛ապրին։ «Բոլորը կ՛ըսեն աշխատանք չկայ։ Աշխատանքը մենք պիտի ստեղծենք։ Եթէ մենք բոլորս վերադառնանք, մարդաքանակը շատնայ, մենք կ՛ունենանք ներքին շուկայ։ Ներքին շուկային յոյսով՝ մենք կրնանք ապրիլ, ընտանիք պահել, երկիր, զինուոր եւ սահման պահել», համոզուած է ան։

Քրիստիանի խօսքով Հայաստանը կը զարգանայ, թէեւ դանդաղ, բայց առաջ կ՛երթայ։ Վերջին տասը տարիներուն ան շատ փոփոխութիւններ կը տեսնէ․ «Առաջ ճանապարհները շատ վատ էին, հիմա աւելի լաւ են։ Առաջ կառավարական տեղ կ՛երթայիր, քեզ կը զզուեցնէին, հիմա ամէն ինչ ելեկտրոնային եղաւ։ Հարկային-մաքսային դաշտը դարձաւ ելեկտրոնային։ Պանքերը առցանց եղան։ Այսօր Հայաստանի մէջ կ՛արտադրուի մեր ուտելիքներուն 60-70% ՝ երշիկ, պանիր, կաթնեղէն, հաց, մսեղէն, մագարոնեղէն եւ այլն»։

* * *

Խօսելով իր արմատներուն ու ընտանիքին մասին՝ Քրիստիան Կելիճին կը յայտնէ, որ ինք Սասուն ծնած է, մայրը ասորի է, հայրը` հայ։ «Չեմ կրնար ըսել, ուրկէ է իմ կռուարար եւ պայքարող ոգիս, որովհետեւ իմ քեռիներս Սասունի մէջ յատնի էին իրենց քաջութեամբ եւ զէնքով քիւրտերու դէմ կը դնէին․ հերոս մարդիկ էին։ Հօրս կողմը արհեստաւորներ էին, անոնք թեքսթիլի գործով կը զբաղէին եւ լաւ արտադրող էին։ Հօրս պապիկը նոյնպէս զէնքի մարդ եղած է։ Բայց երբ ինծի կը հարցնեն, դուն ի՞նչ ես, կ՛ըսեմ «Ես հայ եմ»։

Պատանի տարիներուն ընտանիքին հետ հաստատուած է Հոլանտա։ Օտար դպրոց յաճախած, օտար միջավայրի մէջ ապրած՝ հեռու հայկական իրականութենէն։ Շնորհիւ իր բարեկամներէն մէկուն, որ 1981-2 տարիներուն Թուրքիայէն փախած եւ հաստատուած է Հոլանտա, հայերէն սորված է։ Ան իր մէջ արթնցուցած է հայրենասիրութեան ոգին։

Քրիստան ապրած է բազմազաւակ ընտանիքի մէջ․ «Հայրս ունի ութ զաւակ, իսկ ես՝ ինը. հինգ տղայ եւ չորս աղջիկ։ Շատ երեխաներ ունենալը թէեւ դժուար է, բայց երջանկութիւն կը բերէ», հպարտանքով կը նշէ ան։ Իր բոլոր զաւակներուն մէջ՝ ան կը տեսնէ հայրենասիրութեան տարբեր դրսեւորումներ։ «Մեծ տղաս 25 տարեկան է, մայրը հոլանտացի է, բայց ինքը հայու հետ նշանուած է, իր ուզած ճանապարհով կ՛երթայ։ Փոքրիկը, որ ինը տարեկան է, կ՛ուզէ զինուոր  դառնալ, որ Արարատը ետ բերէ», կը ժպտի ան ու կ՝աւելցնէ, թէ ինը զաւակը քիչ է, ինք տասնմէկ կ՛ուզէ։

Սասունցի հայը հպարտ է, որ իր զաւակները կ՛ապրին անկախ Հայաստանի մէջ։ Կը վերյիշէ իր մանկութիւնը, երբ Սասունի մէջ զրկուած եղած է հայերէն սորվելու հնարաւորութենէն, դպրոց յաճախած է Թուրքիոյ դրօշին եւ օրհներքին տակ։ «Մանկութեան երազանքս եղած է ընտանիք ունենալ եւ զաւակներուս հետ հայերէն խօսիլ։ Այն ատեն ես հայերէն չէի գիտեր։ Հիմա երազանքս կատարուած է։ Ես Աստուծմէ ուրիշ բան չեմ ուզեր», յուզումով կ՛ըսէ ան։

Ան կը շեշտէ, որ հայը պէտք է Հայաստան ապրի։ Իրեն համար իսկական հայը Հայաստանի մէջ ապրող հայն է։ Ան, որ ամէն օր կը պայքարի լաւ օրուան ակնկալիքով, իր քրտինքով հայրենիք կը կառուցէ։

 «Ցանկացած սփիւռքահայ, ուր ալ ապրի, ինչ ալ կառուցէ, իրը չէ։ Մենք ասիկա տեսած ենք շատ շատ երկիրներու մէջ։ Մենք օրինակ պէտք է վերցնենք Իսրայելէն, 1948ին երկիր կառուցեցին, մէկ միլիոն էին, այսօր եօթ միլիոն են։ Իսկ մենք ի՞նչ կ՛ընենք, մեր ունեցածը մեր ձեռքէն կ՛երթայ։ Հայրենիք վերադառնալու փոխարէն դուրս կ՛երթանք։ Կարեւոր չէ, թէ երկրի նախագահը ով է, ամէն մէկս մեզմէ պէտք է սկսինք։ Եթէ մենք մեր հիմքերը ճիշդ դնենք, վերեւները ուզեն չուզեն պիտի փոխուին։ Մենք պէտք է պայքարինք լաւ երկիր կառուցելու համար», կը վստահեցնէ ան։

Ըստ անոր՝ հայը իր երջանկութիւնը կը գտնէ միայն Հայաստանի մէջ ապրելով․ «Երջանկութիւնը դուրսը չէ, երջանկութիւնը դրամը չէ։ Շատ երկիրներու մէջ հանդիպած եմ հայերու, որոնք ամէն ինչի հասած են, մեծ գումարներ շահած են, բայց առանձին կ՛ապրին։ Աւելի լաւ է մարդ ապրի փոքրիկ տան մը մէջ, լեցուն երեխաներով, շրջապատուած հարեւաններով»։

Քրիստիան, Սփիւռքի մէջ ապրող հայերուն, կոչ կ՛ուղղէ հայրենիք վերադառնալու։ «Բոլորին խորհուրդ կու տամ՝ որքան շուտ, այդքան լաւ։ Իւրաքանչիւր սփիւքահայ ընտանիք պէտք է քիչ-քիչ հիմք ունենայ Հայաստանի մէջ։ Եթէ չի կրնար հաստատուիլ, գոնէ օտար երկիրներ պտոյտի երթալու փոխարէն, գայ Հայաստան, իր փողերը հոս ծախսէ»։ Ան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ իր խորհուրդներով օգտակար դառնալու Հայաստան հաստատուիլ ուզող հայերուն։

Մարտ 27ին Քրիստիան Կելիճի վարչապետ Կարէն Կարապետեանին ներկայացուց 12 միլիոն տոլար արժէքով ներդրումային իր նոր ծրագիրը, որ կը նախատեսէ Գիւմրիի մէջ հիմնել կարի գործարան` 700-800 աշխատատեղի ստեղծումով:

27 Մարտ, 2017

ԵՐԵՒԱՆ