Ի Նպաստ Սուրիահայութեան 20,000 Տոլար Կը Հաւաքուի


«Ասպարէզ»․- Նախաձեռնութեամբ Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ ՀԲԸՄի Երիտասարդ արհեստավարժներ կազմակերպութեան (AGBU-YPNC), Փետրուար 17-19ի շաբաթավերջը Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ տեղի ունցած 17րդ ձմեռնային աւանդական հաւաքին ընթացքին, գոյացած է 20,000 տոլարի հասոյթ մը, որ պիտի տրամադրուի սուրիահայութեան կարիքները հոգալուն:

Շաքր մը այլ հաւաքոյթներու կողքին, այս նախաձեռնութեան մասնակցողները քաղաքին մէջ եւ ապա հռչակաւոր Սոնոմա հովիտի գինիները համտեսելու շրջապտոյտներ կատարեցին, միաժամանակ յատկանշական գումար մը հաւաքելով բարեսիրական նշեալ նպատակին համար, կը յայտնէ կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Դաւիթ Օճախեան:

Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ ՀԲԸՄի Երիտասարդ արհեստավարժներու գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել http://norcal.agbuyp.org կայքը, իսկ սուրիահայութեան կարիքները հոգալու ջանքերուն նուիրատուութիւն կատարելու համար, www.agbu.org/syriarelief/help_syria.pdf կայքէջը։