Ի Պատասխան Ալիեւի՝ Ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան Կ՛ըսէ «Պաքուէն Սկսած՝ Ազրպէյճանի Բոլոր Տարածքները Եղած Են Հայանուն, Հայաբնակ Ու Հայկական»


Շահումեանի Քառվաճառի շրջան, Դադիվանք


Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ Պատմութեան Ինստիտուտի (ուսումնարան-Թ․) տնօրէն, դոկտոր Աշոտ Մելքոնեան, «Արմէնփրես»ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին մեկնաբանած է Քարվաճառի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի  Հայաստանի տարածքներուն` Սիւնիքի, Սեւանի եւ Վարդենիսի մասին կատարած յայտարարութիւնները, որոնք բացայայտ կեղծիք են տարածաշրջանը թուրք-ազրպէյճանական ներկայացնելու նպատակով:

Յիշեցնենք, որ Իլհամ Ալիեւ Օգոստոս 17-ին, Արցախի Հանրապետութեան՝ ազրպէյճանական հսկողութեան տակ անցած Շահումեանի շրջանի (պատմական հայկական Վայկունիք գաւառի) Քարվաճառ քաղաքին մէջ ազրպէյճանական դրօշը բարձրացնելու արարողութեան ընթացքին յայտարարած էր, թէ Վարդենիսի շրջանի (ՀՀ Գեղարքունիքի մարզ) «իսկական անունը» «Բասարգեչար» է, եւ կոչ ըրած էր ազրպէյճանցի լրագրողներուն եւ քաղաքացիներուն այսուհետեւ իրենց հարցազրոյցներուն եւ խօսակցական լեզուին մէջ Վարդենիսի փոխարէն օգտագործեն այդ տեղանունը: Ալիեւ նաեւ քանի մը անգամ, այսպէս կոչուած` «Զանգեզուրի միջանցք»ի մասին խօսած պահուն՝ յայտարարած էր, թէ իրենք այդ «միջանցքը» կ’օգտագործեն՝ ազրպէյճանցիներուն «Զանգեզուրը եւ Սեւանը վերադարձնելու» նպատակով:

             Աշոտ Մելքոնեան

Ըստ Մելքոնեանի՝ Ալիեւ յայտնած է, որ իբրեւ թէ Սիւնիքը, Սեւանը, Վարդենիսը, Երևանը ազրպէյճանական պատմական հողեր են, մինչդեռ նախ՝ ներկայիս Ազրպէյճան կոչուող հանրապետութեան տարածքը ոչ մէկ կապ ունի պատմական Ատրպատականի՝ Իրանի հիւսիսային շրջաններուն հետ, որոնցմէ թուրքերը պարզապէս անուանումը գողցած են՝ 1918-ին` այդ արհեստածին պետութիւնը ստեղծած ժամանակ: Երկրորդ՝ մինչեւ 14-15-րդ դար, երբ այդ տարածաշրջանը ներթափանցեցին թուրքմենական ցեղերը, եւ առաւել եւս՝ մինչև 11-րդ դար առաջին անգամ տարածաշրջանին մէջ յայտնուեցան սելճուք-թուրքերը, հետեւաբար` ներառեալ Արեւելեան Հայաստանի, Վրաստանի, Արեւելեան Անդրկովկասի եւ Հիւսիսային Պարսկաստանի, թրքական որեւէ տեղանունի կամ թրքական տարրի մասին խօսիլը պարզապէս ծիծաղելի է:

«Ազրպէյճանի Պաքու մայրաքաղաքէն սկսած՝ Ատրպատականի, Շաքիի, Շիրուանի, ամբողջ «Հայոց Արեւելքի Կողմը», այսինքն՝ Մեծ Հայքի Ուտիք, Արցախ, Փայտակարան նահանգներու տարածքները բոլորովին եղած են հայանուն, հայաբնակ ու հայկական», ընդգծած է Աշոտ Մելքոնեան եւ իր այս պնդումը հիմնաւորած պատմական այն յայտնի փաստերով, որ մինչեւ 14-15-րդ դար, երբ Արեւելեան Հայաստան ու Արեւելեան Անդրկովկաս ներթափանցեցին թուրքմենական ցեղերը, առաւել եւս՝ մինչև 11-րդ դար, երբ առաջին անգամ մեր տարածաշրջանին մէջ յայտնուեցան թրքական ցեղերը (սելճուք-թուրքերը), որեւէ թրքական տեղանուն այս տարածաշրջանին մէջ չէ եղած։

«Տարածաշրջանին մէջ հատուկենտ թուրքեր յայտնուած են միայն 9-րդ դարուն, երբ արաբները վարձած են թուրք վարձկան-զինուորականները, որոնցմէ որպէս օրինակ, յայտնի է զօրավար Բուղան, որ 9-րդ դարու կէսերուն արշաւեց Հայաստանի Վասպուրականի, Սիւնիքի եւ Արցախի վրայ ու ծանր պարտութիւն կրեց, յատկապէս Արցախի Քթիշ ամրոցին մէջ (854 թ.)` Եսայի Ապու Մուսէ իշխանի ձեռամբ: Արեւելեան Հայաստանի եւ Արեւելեան Անդրկովկասի տեղանուններու թրքացման գործընթացը սկսած է 14-15-րդ դարուն, երբ թուրքմենական ցեղերը այստեղ հաստատեցին իրենց տիրապետութիւնը: Օրինակ, Հիւսիսային Պարսկաստանի տարածքի իրանախօս բնակչութիւնը աստիճանաբար դարձաւ թրքախօս եւ հետագային՝ 15-րդ դարու վերջերը կեանքի կոչուեցաւ իրանական Սէֆեան պետութիւնը (սէֆեանները թրքախօս պարսիկներ էին): Այս երեւոյթը նաեւ նկատուեցաւ Արեւելեան Հայաստանի տարածքին մէջ, բայց այդ մէկը բացարձակապէս չի նշանակեր, թէ անկէ առաջ այդ տեղանունները հայկական չէին», ըսած է ան:

Պատմաբանը նաեւ նկարագրած է, որ ինչպէս այդ ժամանակ տեղի ունեցած է տեղանուններու թրքացումը քոչուորներուն յատուկ պարզունակ ոճով եւ անոնց մտաւոր ցած կարողութիւններուն համապատասխան. «Թուրքերը ինչպէս որ կը տեսնէին տուեալ տարածքը, այդպէս ալ կը կոչէին զայն: Այսպէս օրինակ, եթէ պղտոր ջուր տեսնէին՝ «գարա-սու» կ՛անուանէին զայն, կամ երբ երեք եկեղեցի տեսնէին «իւչ քիլիսէ» կը կոչէին, չորս եկեղեցի՝ «տէորթ քիլիսէ», եւ այդպէս շարունակ։ Այնպէս որ Ալիեւին խօսքը բացայայտ կեղծիք է՝ տարածաշրջանը թուրք-ազրպէյճանական ներկայացնելու նպատակով», եզրակացուցած է ան:

Ըստ անոր, քաղաքակիրթ աշխարհը, գիտականներն ու պատմաբանները շատ լաւ գիտեն այդ ամէնը եւ կը հասկնան, որ ազրպէյճանական պատմագրութիւնը ամբողջութեամբ կեղծուած է եւ իրական գիտութեան հետ որեւէ կապ չունի. սակայն Ազրպէյճան, գործի դնելով իր ֆինանսական միջոցները, աշխարհով մէկ կը տարածէ այդ կեղծիքները այն հաշուարկով, որ` «եթէ սուտը 100 անգամ կրկնես կրնայ ըլլալ ճշմարտութիւն թուի»:

«Ամենայնդէպս կը կարծեմ, որ քաղաքակիրթ աշխարհի մեծագոյն մասը, մասնաւորապէս Եւրոպան, Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսաստանը շատ լաւ գիտեն իրական պատմութիւնը, ու երբ առիթը կը հանդիսանայ, օրինակ՝ ռուս մտաւորականները միշտ կ’ըսեն, որ ծիծաղելի է ազրպէյճանական հնագոյն մշակույթի մասին խօսիլը, որովհետեւ անիկա շինծու, թրքացած իրանական հիմքի վրայ` Արեւելեան Անդրկովկասի մէջ, ստեղծուած կեղծ մշակոյթ է. միեւնոյն բանը կ’ըսեմ ես «Ազրպէյճանական Հանրապետութիւն» կոչումին մասին։ Ազրպէյճանցիները եւ Ազրպէյճան կոչուած պետութիւնը ինքնութեան փնտռտուքի մէջ են այսօր, որովհետեւ գրեթէ գրպանած են իրենց բոլոր դրացիներուն` հայերուն, վրացիներուն, լեզգիներուն, իրանցիներուն եւ նոյնիսկ ցեղակից թուրքմէններու պատմութիւնն ու մշակոյթը։ Այս խառնաշփոթը այն աստիճանի անհեթեթութեան հասած է, որ մէկ կողմէն իրենք իրենց սկսած են կովկասեան Աղուանքի ժառանգներ համարել, այսինքն՝ տեղաբնիկներ, մէկ կողմէն՝ հնդեւրոպական, իսկ միւս կողմէն ալ թրքալեզու, որովհետեւ արիւնակից են միջին ասիական ժողովուրդներուն եւ օսմանեան թուրքերուն», ընդգծած է ան:

Այն հարցումին, թէ` «Ո՞րն է ազրպէյճանցիներուն ճիշդ ինքնանուանումը», պատմաբանը պատասխանած է՝ «Կովկասեան թաթարներ են։ Թաթար կը նշանակէ քոչուորներ»: Իսկ հարցի քաղաքական կողմին մասին, ակադեմիկոսը յայտնած է, որ` ինչպէս Ալիեւի սանձարձակ յայտարարութիւնները «Զանգեզուրի միջանցք»ի, Սեւանի, Երեւանի եւ ներկայիս Վարդենիսի մասին, այնպէս ալ առհասարակ Ազրպէյճանի թշնամական եւ ռազմատենչ վարքագիծը սահմանին վրայ պայմանաւորուած է անով, որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը, օգտուելով 44-օրեայ պատերազմին արձանագրած յաջողութիւններէն, կը կարծեն, թէ հիմա ամենայարմար պահն է փանթուրքիզմի ծրագիրը կեանքի կոչելու:

Մելքոնեան յանգած է այն եզրակացութեան, որ Հայաստանի Հանրապետութենէն բացի՝ տարածաշրջանին մէջ կան նաեւ այլ զօրեղ ուժեր, մասնաւորապես՝ Պարսկաստանն ու Ռուսաստանը, որոնց բնաւ ձեռնտու չէ «զանգեզուրեան միջանցք» կոչուածը` անկախ Պաքուն եւ Անգարան ատոր տակ ինչ կը հասկնան։ «1921-ի Յուլիսի կիսուն Գարեգին Նժդեհի Զանգեզուրէն հեռանալէն ետք խորհրդային պետութեան ձեռքը ոչ ոք կրնար բռնել, եթէ ան որոշէր Զանգեզուրը յանձնել Ազրպէյճանին: Եթե ան չըրաւ, ուրեմն կը հասկնար, որ այդ հայկական սեպը փանթուրքիզմի ճանապարհին ամենամեծ խոչընդոտն է», եզրափակած է ան: