Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Ցանկալի Լուծումը Պիտի Ըլլայ Անոր Վերամիաւորումը Հայաստանի Հետ. Մարին Լը Փեն


«Արմենփրես»․- Ըստ Nouvelles d’Armenie-ի, Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու, «Ազգային ճակատ» կուսակցութեան առաջնորդ Մարին լը Փեն Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ցանկալի կը նկատէ այն լուծումը, որ կարելիութիւն կու տայ Ղարաբաղին վերամիաւորուելու Հայաստանի հետ:

«Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք վարչական սահմանները արագօրէն եւ առանց վերաիմաստաւորման դարձան միջազգային սահմաններ, սակայն, անկախութենէն ետք աւելի ցանկալի պիտի ըլլար, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը հասնէին այնպիսի համաձայնութեան, որ թոյլ կու տար Լեռնային Ղարաբաղին վերամիաւորուիլ Հայաստանի հետ», նշած է ան:

Ֆրանսայի նախագահ ընտրուելու պարագային Մարին լը Փեն պիտի շարունակէ յիշատակել 20րդ դարու առաջին` Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը։ «Աւելին, 1915ին բազմաթիւ հայերու ժամանումը Ֆրանսա կարեւոր իրադարձութիւն էր մեր երկրի պատմութեան մէջ, քանի որ անոնք մեծ ներդրում ունեցան նաեւ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմէն ետք մեր երկրի վերակառուցման գործին եւ կատարեալ կերպով համարկուած», ընդգծած է ան:

«Ազգային ճակատ»ի առաջնորդը, սակայն, կը կարծէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը պէտք չէ ընդգրկուի Ֆրանսայի Հանրապետութեան պաշտօնական օրացոյցին մէջ, քանի որ նման օրերը պէտք է առնչուին միայն ֆրանսացիներու հաւաքական յիշողութեան մէջ: Միաժամանակ, լը Փեն կարեւոր կը համարէ հայերու վերապրած ողբերգութեան յիշողութեան պահպանումը:

«Կարեւոր է նաեւ, որ 1915ի ցեղասպանութիւնը լայնօրէն ճանչցուի աշխարհի բոլոր երկիրներուն կողմէ, իսկ Թուրքիան ի վերջոյ պէտք է սկսի լրջօրէն վերանայելու իր պատմութեան այդ ահաւոր էջը: Ֆրանսան պէտք է անպայման աջակցութիւն ցուցաբերէ ճանաչման այս պայքարին՝ ինչպէս մարդու իրաւունքներու հայրենիքի իր կարգավիճակի պատճառով, այնպէս ալ յանուն այն մեծաթիւ հայերու, որոնք ապաստան գտան այստեղ եւ յաջողութեամբ համարկուեցան», ընդգծած է Մարին լը Փեն:

Ան նաեւ կարեւոր համարած է Ֆրանսայի հայ համայնքին դերը, թէեւ իրեն «հաճելի չի թուիր համայնք արտայայտութիւնը»: «Ես կ՛ողջունեմ բոլոր այն ֆրանսացիները, որոնք այսքան լաւ ընդելուզուած են եւ իրենց ներդրումը ունին ամենատարբեր ոլորտներու մէջ ինչպէս օրինակ մշակոյթի, գիտութեան եւ նոյնիսկ քաղաքականութեան: Անոնք ինծի համար կատարեալ օրինակն են անոր, ինչի մասին ես բազմիցս խօսած եմ` ֆրանսացի ազգութիւնը կը ժառանգեն կամ ատոր կ՛արժանանան», շեշտած է ան:

Լը Փեն դէմ է Եւրոմիութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան: Ան յիշեցուցած է, որ «Ազգային ճակատ»էն ընտրուած եւրոպատգամաւորները միշտ դէմ քուէարկած են Թուրքիոյ հետ ԵՄի բանակցութիւններուն մէջ նոր գլուխներու բացման: