Լեռ Կամսար՝ Համազգայինի Գրասէրներու Խմբակի հաւաքներու շարքին


«Ես ինձանից տեղեկութիւն չունեմ, Սովետական իշխանութեանը հարցրէք։»

Թամար Տօնապետեան Գուզուեան

Լեռ Կամսար. արտասովոր անուն՝ որուն անդրադառնալով Վանի ծնունդ մեծ երգիծաբանը ապագային պիտի գրէր. «Ես անպայման «Լեռ» պիտի լինէի դիմանալու համար այս ամէն տեսակ գլխիս ոռնացող քամիներին ու փոթորիկներին։ Եթէ «Լեռ» չլինէի՝ հիմա չկայի։ Փա՜ռք քեզ, անուն, որ փրկեցիր ինձ կորստից…»: Գրիչ՝ որուն երբ մօտենաս, ակնթարթի մէջ կը խորասուզուիս սրամիտ ու հմտութեամբ հիւսուած երգիծական ովկիանին ընդերքը, ուրկէ դուրս գալ չե՜ս ուզեր։ Միտք հրահրող համամարդկային, քաղաքական, ազգային նիւթեր, սուր ու յանդուգն ոճ, տողեր որոնցմէ անվերջ երգիծանք կը հոսի եւ ուրկէ միշտ ալ քաղելիք ունի ընթերցողը։

Այդ ընթերցողներէն է Թորոնթոյի կարկառուն երիտասարդներէն Նայիրի Թիլիմեան։  Մարտ 8ի երեկոյեան, Թորոնթոհայ գաղութին մէջ ընկալեալ սովորութիւն դարձած՝ Համազգայինի Գրասէրներու Խմբակի հաւաքներու շարքին է Լեռ Կամսար (1888-1965)։ «Ահաւասիկ թեկակոխած ենք մեր եօթներորդ տարեշրջանը», կ՚ըսէ Հաւաքին բացումը կատարող՝ Գրական յանձնախումբէն Արտա Տէր Յակոբեան, հակիրճ անդրադառնալով Հաւաքներու կարեւորութեան եւ նպատակին՝ կամուրջ ստեղծել հայ գրականութեան եւ հայ երիտասարդին միջեւ։ Ներկաներէն ոմանք լաւատեղեակ են Լեռ Կամսարի գրական գործունէութեան. իսկ շատեր՝ անունը հազիւ թէ լսած ըլլան։ Արտա հակիրճ կը ներկայացնէ Նայիրին՝ օրուան զեկուցաբերը. ան հասակ առած է Թորոնթոյի մէջ, յաճախած է ՀՕՄի Ամէնօրեայ վարժարանը, ապա համալսարանական ուսում ստացած է ամբողջացնելով հաշուապահութեան ճիւղը. յետագային վկայուած է համապատասխան կոչումով։  Նայիրի գործունեայ անդամ է ՀՕՄի Ռուպինա մասնաճիւղի եւ Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի ու նորագոյն անդամն է Համազգայինի Գրասէրներու Խմբակին։

Սահիկներ օգտագործելով, մերթ անդրադառնալով Լեռ Կամսարի կեանքին յատկանշական պահերուն, մերթ ընթերցելով իր ստեղծագործութիւններէն պարբերութիւններ, Նայիրի կը յաջողի սրել ներկաներուն հետաքրքրութիւնը։ Հոգեւորականի ընտանիքի մէջ 1888ի Հոկտեմբերին աշխարհ եկած, Վան-Այգեստանի ինքնապաշտպանութեան մարտերուն զէնք վերցուցած բուն անունով՝ Արամ Թովմաղեանը (սխալմամբ՝ Թովմասեան արձանագրուած ու այդպէս ալ մնացած) գրել սկսած է 1910ին երբ արդէն ծննդավայր վերադարձած էր Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանէն ու մտած ուսուցչական ասպարէզ։ Լեռ Կամսարի կեանքն ու գրականութիւնը այնքան ընդելուզուած են իրարու, որ իր գրութիւնները երբ կարդանք, ինքնաբերաբար կը ծանօթանանք իր ապրած կեանքին, Վանէն մինչ Երեւան, դարձեալ Վան ու այնուհետեւ գաղթ, Անդրկովկաս, խորհրդային Հայաստան, Թաւրիզ, Երեւան, ապա բանտ…ու դարձեալ բանտ….ուր եւս դադար չառաւ Կամսարի գրիչը։

Նայիրի կը հրաւիրէ Գրասէրներու Խմբակէն Արմինէ Թորիկեանը. ան իւրայատուկ ոճով կ՚ընթերցէ «Ազգային Հիմն»ը, ապա պաստառին վրայ կը սփռուի Լեռ Կամսարի թոռան՝ Վանուհի Թովմասեանի հարցազրոյցներէն մին, առաւել եւս ջերմացնելով մթնոլորտը ու կենդանի կապ մը հաստատելով անցեալէն դէպ՚ ներկայ։

Նայիրի Թիլիմեանի կատարած ուսումնասիրութիւններն ու բծախնդրօրէն պատրաստուած ներկայացումը կ՚արժանանան բարձր գնահատանքի։ Ի հարկէ այս վերջինը պիտի չըլլայ Լեռ Կամսարի գրականութեան շուրջ մեր զրոյցներուն. մանաւանդ Լեռ Կամսարի նման անընդհատ ստեղծագործող մը, կարելի չէ սեղմ վայրկեաններու մէջ ամբողջականօրէն ներկայացնել։ Լաւագոյն ձեւը զինք հասկնալու իր գործերը ընթերցելն է։ Ան իր ետին ձգած է բազմաթիւ  հատորներ, որոնցմէ են՝ Բանտիս օրագիրը, Ազգային այբբենարան, Գրաբար մարդիկ, Սաստիկ կոմունիստներ, Խաղք ու խայտառակ աշխարհ, Երկեր, Սոցիալիզմի սահարա, Անվաւեր մեռելներ, Սաստիկ կոմունիզմ եւ այլ. նաեւ, ան ունի բազմաթիւ անտիպ գործեր։

Ձեզի հետ կը բաժնենք իր խօսքերէն նմոյշներ (աղբիւր՝ Վանուհի Թովմասյան «Կարմիր օրեր» հատորի  առաջաբան, Երևան, «Նաիրի» 2000թ.։

«Մինչև օրս ես կասկածանքով էի վերաբերւում իմ գրական աշխատութիւններին, հաստատ չիմանալով, դրանք որևէ արժէք ներկայացնում են, թէ՝ ոչ։

Իսկ այսօր կարող եմ յայտարարել, որ ես շատ մեծ գրող եմ ու իմ գրական վաստակը որպէս ոսկու ֆոնդ կը մտնի հայ գրականութեան մէջ։

Ինչո՞ւ։ Որովհետև Հայաստանի բոլշևիկեան կառավարութիւնը այդ վաստակը այսօր յայտարարեց արատաւոր իր քննադատ Վ.Ամիրբեկեանի բերանով և պաշտօնապէս նետեց «կօշկակարի աղբի զամբիւղը»…Փառքդ շատ, Աստուած, որ ինձ հանեցիր մաշող կասկածանքից և անարատ գրող դարձրիր…»։

Իսկ երբ իր կեանքի վերջին օրերուն, իր «Մարդը տանու շորերով» գիրքը կը մտնէ կալանքի տակ, ընտանիքին դառնալով՝

«Ես խնդրում եմ ձեզ ինձ թաղելիս բերանքսիվայր դնել հողըոր այս կառավարութեան երեսը չտեսնեմ։ Մի՛ երկմտէք, երբևէ ռեժիմը փոխուելիս, անգամ եթէ ամբողջովին փտած էլ լինեմ՝ դարձեալ շուռ պիտի գամ մէջքիս վրայ…»։