Լեւոն Արոնեան՝ «Norway Chess»ի Յաղթող


Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան յաղթեց Նորվեկիոյ Սթաւանկեր քաղաքին մէջ տեղի ունեցած«Norway Chess-2017»ի ճատրակի գերմրցաշարքին։

Մրցաշարքի 9րդ հանգրուանին, Արոնեան կը մրցէր Ուեսլի Սոյի հետ եւ 59րդ շարժումին, կրանտմայսթըրները կիսեցին միաւորները:

9 հնարաւորէն հաւաքելով 6 կէտ՝ Արոնեան դարձաւ աշխարհի ամենաուժեղ մրցաշարքերէն մէկուն յաղթողը:

Երկրորդ տեղը ընթացող Հիկարու Նագամուրան պարտութիւն կրեց վերջին խաղին: Norway chess մրցաշարի մրցաշարային ֆոնտը կը կազմէ 250 հազար տոլար: Առաջին մրցանակակիրը պիտի ստանայ 70.000 տոլար:

ճատրակի բազմաթիւ մեկնաբաններու եւ վերլուծաբաններու կարծիքով «Norway Chess»ը ճատրակի պատմութեան մէջ ուժեղագոյն մրցաշարքերէն էր, իսկ որոշ մեկնաբաններ կը նշեն, որ անիկա, հաւանաբար, ուժեղագոյնն է:

Այս յաջողութեան շնորհիւ Արոնեանի անձնական վարկանիշը բարձրացաւ 15.5ով,  եւ ան համաշխարհային դասակարգման ընթացիկ հաշուարկով 7րդէն բարձրացաւ 4րդ տեղը: