Լեւոն Շանթ Հայերէնագիտական Դասընթացք՝ Գանատայի Մէջ


Հայերէնագիտական դասընթացքի ուսանողները կը հետեւին պոլսահայ գրող եւ խմբագիր Սեւան Տէիրմենճեանի դասախօսութեան

Յունուար 11-ին, Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանին մէջ, 16 ուսանողներով սկիզբ առաւ Լեւոն Շանթ Հայերէնագիտական դասընթացքը՝ ղեկավարութեամբ Դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեանի։ Դասընթացքը պիտի տեւէ մինչեւ 18 Ապրիլ 2020:

Առաջին օրուան դասախօսն էր պոլսահայ գրող, ուսուցիչ, թարգմանիչ եւ խմբագիր Սեւան Տէիրմենճեան, որ ներկայացուց «Յետ-Եղեռնեան պոլսահայ գրականութիւնը» նիւթը։

Դասախօսը նախ ուրուագծեց 1915-ին յաջորդող տարիներու այն քաղաքական եւ մշակութային մթնոլորտը, որուն մէջ կ՚ապրէին ու կը ստեղծագործէին օրուան գրագէտները։ Ան ապա ներկայացուց Պոլիսէն դուրս քիչ ճանչցուած վեց գրողներ՝ Երուանդ Կոպէլեան, Կարպիս Ճանճիկեան, Վարդան Կոմիկեան, Օննիկ Ֆըչըճեան, Անդան Օէզէր եւ Զաւէն Պիպեռեան։ Իւրաքանչիւրին ստեղծագործութիւններէն նմոյշներ ընթերցելով, Տէիրմենճեան անդրադարձաւ անոնց հասարակաց յատկանիշերուն եւ առանձնայատկութիւններուն։

 Ներկայացուած գրողներու մեծ մասը Մոնթրէալի մէջ կը ներկայացուէր առաջին անգամ. հետեւաբար, անոնք յայտնութիւն մը եղան ուսանողներուն, որոնք մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան դասախօսին բացատրութիւններուն եւ նշմարներուն։ Երեք ժամ տեւող դասապահը իր լրումին հասաւ ուսանողներու հարցումներով։

 Դասընթացքի մասին հետաքրքրուողները կրնան յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ armenolog.wordpress.com կայքէջէն։